Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/04-2025

Տէր Զօր (քաղաք), (արաբերէն՝ دير الزور), Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Վարչական կեդրոնը:
Եփրատի ափին գտնուելուն շնորհիւ, բնակչութիւնը Եփրատի ջուրերը կ'օգտագործէ արտերը ոռոգելու, որ առիթ կ'ընծայէ բնակչութեան՝ զբաղելու ոռոգովի երկրագործութեամբ։
Տէր Զօր քաղաքը կը գտնուի այնպիսի վայրի մը մէջ, ուրկէ զանազան քաղաքակրթութիւններ անցած են: Այս անուանումը տրուած է Օսմանեան պետութեան օրով, երբ շրջանը Հալէպէն կ'անջատուի, 1865-ին:
Հռոմէական ժամանակաշրջանին, Եփրատ գետին վրայ հին եւ մեծ քաղաք Տէր Զօրը կը կոչուէր «Ազորա» անունով, իսկ յոյները զայն կը կոչէին «Ազուարա»:
Տէր Զօրի բնակչութիւնը հիմնականօրէն կը սերի արաբական հետեւեալ տոհմերէն.
- Պակկարա, որ կը բաժնուի երեք ցեղախումբերու` ապիտ, պուսըլթան, ապետ եւ ըկետաթ:
Աշխարհագրական-ընկերային շարք մը ուսումնասիրութիւններու մէջ, հայերուն ներկայութիւնը չէ յիշատակուած, այլ յիշուած է, որ բնակչութիւնը կազմուած է բացարձակապէս արաբներէ. շրջանին բնակիչներուն կազմութիւնը կը բացատրուի հետեւեալ ձեւով․․․Աւելին⇒