Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/04-2019

Հայոց Այբուբենը

Մայրենի Լեզուի Օր, Նոյեմբեր 1999-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր ժողովի 30-րդ նիստին` լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու գլխաւոր առաջադրանքով տրուած որոշումը։

Միջազգային Մայրենի լեզուի օրը կը յիշատակուի 2000 թուականէն ի վեր։

Պատճառը աշխարհի տարածքին յամեցող խտրականութեանց եւ հալածանքներու հակաքաղաքակրթական «ժառանգութիւն»-ն էր, որուն ամէնէն ահաւոր դրսեւորումներէն էին մայրենի լեզուներու դէմ ցուցաբերուած անհանդուրժողութիւնն ու այլամերժութիւնը: Քաղաքակրթութեանց պատմութեան բազմազգեան բոլոր մատեաններուն մէջ, հազարաւոր տարիներէ ի վեր, մարդկութիւնը դէմ յանդիման գտնուած է բռնակալ ու տիրակալ հզօր ազգերու մայրենի լեզուն, նաեւ` այդ ճամբով անոնց գերիշխող մշակոյթը, փոքր ու տկար ազգերուն պարտադրելու մեղսագործութեան: