Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/03-2026

Վարդանանց պատերազմ, 450-451 թուականներուն մարզպանական Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած ապստամբութիւն։

Ուղղուած էր Սասանեան արքունիքի դէմ, որուն նպատակն էր քրիստոնէադաւան հայերուն մէջ տարածել զրադաշտականութիւնը, անջատել հայերը Բիւզանդիոնէն եւ աստիճանաբար ձուլել զանոնք պարսիկներուն մէջ։

Համահայկական պայքարը կը գլխաւորեն ժամանակի հայկական նախարարական տուները՝ Մամիկոնեաններու, Սիւնիներու, Արծրունիներու եւ այլ նախարարներու գլխաւորութեամբ։

Անոնց կողքին կը կանգնի Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Ապստամբելու որոշումը կը կայացուի 449 թուականին՝ Արտաշատի ժողովին։

Գլխաւոր ելակէտային ճակատամարտը տեղի կ'ունենայ 26 Մայիս 451-ին՝ Աւարայրի դաշտին վրայ։

Սասանեան Պարսկաստանի հպատակ պետութիւններու շարքին, Մարզպանական Հայաստան արտօնեալ կարգավիճակով ինքնավար երկիր էր։ Հայ նախարարներու եւ բարձրադաս հոգեւորականներու աւանդական իրաւունքներն ու արտօնութիւնները, պաշտօնակալութիւնները եւ հայկական զօրաբանակը ո՛չ միայն կը պահպանուէին, այլեւ պատշաճ մակարդակի վրայ կը գտնուէին։ Սասանեաններուն կը տրուէր հարկ, որքան կը գանձուէր ի շահ վերջին Արշակունիներուն․․․Աւելին