Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/03-2025


Մեծ Պահոց շրջանը ինքնաքննութեան եւ խոկումի ժամանակաշրջան է, երբ հաւատացեալները ո՛չ միայն որոշ ուտելիքներէ կը հրաժարին, այլեւ՝ հեռու մնալով մարմնական հաճոյքներէն, ապաշխարութեամբ ու աղօթասացութեամբ չափաւոր եւ զուսպ կեանք մը կը վարեն:

Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին՝ Քառասնորդաց Պահքը կը սկսի Բուն Բարեկենդանի յաջորդ օրը: Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Զատիկ, Մեծ Պահքի շրջան կը կոչուի: Ան մեծ կը կոչուի պահքերուն մէջ ամէնէն երկարատեւը (քառասուն օր) ըլլալուն համար: Այս պահքը կը կոչուի նաեւ Քառասնորդաց, քառասուն օր տեւելուն պատճառով: Ժամանակին կը կոչուէր նաեւ Աղ ու հաց: Հին ժամանակ՝ աղ ու հաց կ'ուտէին Մեծ Պահոց որոշ օրերուն:

Մեծ Պահքը կը բաղկանայ ութ շաբաթէ, Առաջաւորացն ալ միասին հաշուելով: Բայց քանի որ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն պահեցողութիւնը արգիլուած էր նզովքով (կանոն Թադէոս Առաքեալի, 27) հետեւաբար ութ շաբաթներէն Կիրակիներն ու Շաբաթները զեղչելով (16 օր), կը մնան Մեծ Պահքի քառասուն օրերը: Պահք կամ պաս՝ կը նշանակէ հրաժարիլ որոշ տեսակի կերակուրներէ, յատկապէս մսեղէնէ, կաթնեղէնէ, հաւկիթէ եւ նուիրուիլ զղջումի, ինքնաքննութեան եւ ապաշխարութեան:

Քառասուն օրերը կապուած են Քրիստոսի անապատ քաշուած միջոցին քառասնօրեայ ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ապաշխարութեան շրջանին, ինչպէս նաեւ` Ս. Գիրքին մէջ յաճախ յիշուող 40 խորհրդանշական թիւին հետ: Իրականութեան մէջ, քառասնօրեայ պահքը 47 օր կը տեւէ, իսկ 48-րդ օրը` Ճրագալոյց, Ս. Զատկուան նաւակատիքն է: Քառասնօրեայ պահքին օրերը կը կոչուին «Աղեւացքի օրեր», այսինքն` Մեծ պահքը աղով ու հացով անցընելու ժամանակաշրջան: Ժամանակին աղ ու հացով կ'ապրէին ճգնաւորներն ու անապատականները․․․ Աւելին