Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/02-2026

Արհեստական բանականութեան արագ զարգացում կը նշանակէ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) բնագաւառին մէջ արագ եւ լայնածաւալ աճի ժամանակաշրջան մը։
Այս զարգացումը սկիզբ կ'առնէ՝ 2010-ականներուն, սակայն զգալի աճ կ'արձանագրէ 2020-ականներուն։
Այս ժամանակաշրջանը երբեմն կը կոչուի նաեւ «Արհեստական Բանականութեան Գարունը». եզր մը, որ կը գործածուի զանազանելու համար զայն նախորդող «Արհեստական Բանականութեան Ձմեռներ»էն։
2025-ի դրութեամբ, «ChatGPT»ն դարձած է աշխարհի տարածքին ամէնէն շատ այցելուող կայքերէն չորրորդը՝ զիջելով միայն «Կուկըլ»ին (Google), «Եություպ»ին (YouTube) եւ Դիմատետրին (Facebook)։
1950-ին Ալան Թիւրինկ կ'առաջարկէ «մտածող մեքենաներ» հնարելու գաղափարը։ Անոնք համակարգիչներ պիտի ըլլային, որոնք ունակ պիտի ըլլային դատողութիւն ընելու՝ մարդու մակարդակով։
Ան կը սկսի իր հանրայայտ «Թիւրինկի քննութիւնը», ուր հարցաքննիչ մը կը ստանար երկու նիւթ եւ պէտք էր որոշէր, թէ ո՛րը ստեղծուած էր արհեստական բանականութեան կողմէ, իսկ ո՛րը՝ մարդու ․․․Աւելին⇒