Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/02-2025

Նշանի Լեզու, վատ լսողութիւն ունեցողներու կամ խուլ մարդոց ուրիշներու հետ կապ հաստատելու համար տեսողական նշաններ:
Երկար տարիներ հաշմանդամներու դէմ անմարդկային վերաբերմունք ունենալէ ետք, մարդկային ընկերութիւնը կը սկսի հասկնալ, որ անոնք եւս մէկ անդամն ու մասնիկն են ընկերութեան եւ հետեւաբար ունին իրենց իրաւունքներն ու կարիքները:
Անցեալին մարդ արարածը չէր ըմբռներ, որ կարելի է կրթել նաեւ խուլը, կոյրն ու համրը՝ իւրաքանչիւրը իր պէտքերուն եւ պայմաններուն համեմատ: Նման հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը ընկերութեան մէջ ներգրաւելու ամէնէն առողջ եւ հիմնական ձեւը զանոնք կրթելն էր:
Մարդիկ կը կարծեն, թէ միայն համրերը կը գործածեն նշաններու լեզուն, սակայն մեծ է թիւը նաեւ խուլերուն, որովհետեւ ի ծնէ կոյր մը ինչպէս որ չի կրնար ծաղիկին ինչ ըլլալը ճշգրիտ ձեւով ուրուագծել իր մտապատկերին մէջ, նոյնպէս ալ խուլը չի կրնար ճանչնալ բառերը. կրնայ տեսնել բերնի շարժումը, սակայն չի կրնար լսել անոր հնչիւնը։
Նշանի հարիւրաւոր լեզուներ կան: Հոն, ուր կան խուլերու համայնքներ`կարելի է նկատել․․․ Աւելին⇒