Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/02-2021

Ֆեմինիստական շարժման խորհրդանիշը

Ֆեմինիզմ (ֆր.՝ feminisme, լատ.՝ femina - կին), քաղաքական եւ ընկերային շարժումներու եւ գաղափարախօսութիւններու ամբողջութիւն մըն է, որ ունի մէկ ընդհանուր նպատակ՝ սեռերու համար սահմանել, զարգացնել եւ հասնիլ հաւասար քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, անձնական եւ ընկերային իրաւունքներու:

Ֆեմինիզմը կը պայքարէր վերացնելու կիներու շահագործումը, տղամարդու բացարձակ իշխանութիւնը, կնոջ լուսանցքային դեր վերապահող կարծրատիպերն ու վերջապէս ստեղծելու այնպիսի միջավայր մը, ուր կին արարածը կը վայելէ հաւասարութիւն, ազատութիւն եւ արդարութիւն` ներգրաւուելով քաղաքական թէ հասարակական տարբեր ոլորտներու մէջ:

Ֆեմինիզմը կրնայ նաեւ համարուիլ գործօն քաղաքականութեան ջատագովութիւն մը, որ կը պայքարի կնոջ միայն վերարտադրողական կարողութիւն ունենալուն, ընտանեկան բռնութեան, սեռային ոտնձգութիւններուն եւ սեռի խտրականութեան դէմ․․․Աւելին