Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/02-2020

Պէյրութ (արաբերէն՝ بيروت‎), Լիբանանի մայրաքաղաքն ու ամենամեծ քաղաքն է։ Կը գտնուի Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին։

Պէյրութ

Պէյրութ, Պէրութա կամ Պէրիթ անունով յայտնի է Ք.Ա. 18-րդ դարէն (այլ տուեալներով՝ Ք.Ա. 15-րդ դարէն), որպէս փիւնիկեան քաղաք։ Պէյրութ չորս հազար տարի առաջ շինուած է Պիպլոսի ժողովուրդին կողմէ, որ շուտով զարգացած է եւ բնակելի դարձած: Այնուհետեւ ունեցած է անկախ պետականութիւն այն ափերուն վրայ, որ ծանօթ էր Փիւնիկէ անունով: Ժողովուրդը ունէր իր աստուածը, որ կը կոչուէր «Պաալ Պէրիթ», որ կը նշանակէ Պէյրութի տէրը կամ աստուածը: Շուտով Պէյրութ կ'ունենայ իր դրամանիշը, որ կը կրէ «Պաալ» աստուծոյ նկարը: Պէյրութ շրջան մը գտնուած է Եգիպտոսի գերիշխանութեան տակ, երբ Թահթամուս Գ. Փառաւոնը «Հեքսոս»ները կը վտարէ Եգիպտոսէն եւ կը գրաւէ Միջերկրականի արեւելեան ափը: Եգիպտացիներէն ետք, Փիւնիկէն, ինչպէս նաեւ Պէյրութը յաջորդաբար կը գրաւեն ասորիները, խեթերը եւ պարսիկները․․․

Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու լայն զանգուած մը կը հաստատուի Պէյրութ որ կը դառնայ Սփիւռքի ամենակարեւոր կեդրոնը։ Պէյրութի մէջ կը բնակէր շուրջ 180 հազար հայ (1973), յատկապէս՝ արհեստաւորներ, բանուորներ եւ փոքր առեւտրականներ։ Կը գործէին մեծ առեւտրականներ, ձեռնարկատէր արդիւնաբերողներ, մեծ թիւով մտաւորականներ (գրողներ, նկարիչներ, երաժիշտներ, ուսուցիչներ, բժիշկներ, ճարտարապետներ, եւյլն.)։ Պէյրութի առաջին հայկական եկեղեցին՝ Ս․ Նշանը, սկսած է գործել 19-րդ դարու 2-րդ կիսուն, իսկ առաջին հայկական դպրոցը՝ 1902-ին։ 1973 թուականին Պէյրութի մէջ կը գործէին 50-էն աւելի վեցամեայ, թերի միջնակարգ եւ միջնակարգ հայկական դպրոցներ: Բարձրագոյնի մակարդակի ուսումնական հաստատութիւն՝ Հայկազեան Համալսարան որ նաեւ ունի իր Հայագիտական ամպիոնը։ Պէյրութի առաջին հայերէն թերթի հրապարակումէն (1921) մինչեւ 1973 լոյս տեսած է շուրջ 150 անուն պարբերական։ Այժմ կը հրատարակուի աւելի քան 20 անուն պարբերական։ Կը գործեն 100-էն աւելի հայկական մշակութային, երիտասարդական-մարզական, բարեգործական, հայրենակցական միութիւններ, քաղաքական, կրօնական, կրթական եւ այլ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ թատերախումբեր։ Պէյրութի մէջ եղած են Ս. Նշան եկեղեցին (1851-էն), անոր կից հոգետուն, առաջնորդարան, դպրոց եւ գերեզմանատուն։ Կաթողիկէ համայնքը Պէյրութի մէջ ունեցած է Ս. Եղիա եկեղեցին (1890-էն), Ս. Յայտնութեան մատուռը եւ այլ գերեզմանատուն մը։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը քանդէ Պէյրութը։ Բնականաբար կը տուժէ նաեւ տեղի հայ գաղութը երբ մեծ թիւով պէյրութահայեր կը փոխադրուին ԱՄՆ, Եւրոպա, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ։ Աւելին