Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/01-2026
Արտաքին տեսք
Աւելուկ, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ բոյս մը։ Կը պատկանի ցորենազգիներու ընտանիքին։
Կ'աճի խոնաւ վայրերու մէջ, գետերու եւ լիճերու մօտակայքը, ճամբաներու եզրերուն։ Տարածուած է երկրագունդի բարեխառն գօտիներուն մէջ` իբրեւ մոլախոտ։
Աւելուկին տերեւները թեթեւ թթու համ ունին:
Բազմաթիւ միջատներ եւ անասուններ զայն կ'օգտագործեն իբրեւ սնունդ։ Աւելուկները կրնան ըլլալ՝
- Վայրի՝ կը գտնուին բնական ընդարձակ դաշտերու եւ անտառներու եզերքին։ Համասեռ չեն եւ աւելի ուժգին համ ունին։
- Տնային կամ մշակովի աւելուկները, զորս մարդիկ կը մշակեն պարտէզներու մէջ։ Տերեւները աւելի լայն են, իսկ համը՝ աւելի մեղմ։
Ցողունը ուղիղ է, ճիւղաւորուող, մերկ, կոպիտ, բարձրութիւնը՝ մինչեւ 120 ս․մ․։ Ցողունները հասուննալէ ետք, յաճախ ձողանման կը դառնան, տերեւները ամբողջական են։
Աւելուկին տերեւները մեծ են, բլթակաձեւ, գծաձեւ կամ տիգաձեւ, մագլցող երակներով, իսկ դեռատի տերեւները աւելի փայլուն ու մեղմ կանաչ են։․․․Աւելին⇒