Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/01-2023
Բաբելոն (Աքքատ․՝ Bāb-ili(m), սումեր․՝ KÁ.DINGIR.RA, արաբ․՝ بابل Bābil, արամերէն՝ Babel) աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն, Եփրատ գետին հարաւ-արեւելեան աւազանին մէջ, Միջագետք։ Այսօր, աշխարհահռչակ հնագիտական վայր մըն է մասնակի վերաշինութիւններով, որոնք եղած են քաղաքական եւ զբօսաշրջութեան նպատակով։ Կը գտնուի Պաղտատ (Իրաք) քաղաքէն մօտաւորապէս 85 քմ․ հարաւ, այսօրուան Հիլա «Hilla» նոր քաղաքին կից։
Բաբելոն քաղաքին համբաւը իր գագաթնակէտին կը հասնի Ք․Ա․ 6-րդ դարուն, Նաբուգոթոնոսոր Բ․ թագաւորին օրով, երբ կայսրութիւնը Միջին Արեւելքի մեծ մասին վրայ կը տիրէ։ Ըստ պատմական եւ հնագիտական աղբիւրներուն, Բաբելոն այդ ժամանակի ամէնէն մեծ քաղաքներէն էր, որուն տարածքը 1․000 հեկտարը կ'անցնէր։ Անոր համբաւը Միջագետքի սահմաններէն դուրս կ'ելլէ, շնորհիւ կառուցուած նշանաւոր յուշարձաններուն, հոյակապ շէնքերուն, ինչպէս օրինակ՝ բարձր պարիսպները, «զիկուրադները» ziggourat (պաշտամունքի վայր), եւ այլն. անոնք հաւանաբար յառաջացուցած են Բաբելոնի Աշտարակին եւ նշանաւոր կախուած պարտէզներուն առասպելները․․․ Աւելին⇒