Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/12-2024

  • Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի 17-րդ հատորը լոյս տեսաւ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։ Հատորին խորագիրն է «Armenian Cultural Genocide» (A Contribution For The Typification Of Cultural Genocide As An International Crime). հեղինակն է ուրուկուէյցի Օսքար Լոփէզ Կոլտարսենան
  • Իտալիոյ «Թութոսփորթ»-ը ընտրեց Եւրոպայի 2024-ի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը: Պարսելոնայի ֆութպոլիստ Լամին Եամալի շնորհուեցաւ լաւագոյն երիտասարդ մարզիկի տիտղոսը:
  • Հռոմի Սուրբ Թովմա Աքուինացիի անուան քահանայապետական համալսարանին մէջ, 18-19 Նոյեմբեր, տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով՝ նուիրուած Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան։ Անիկա կը կրէր «Սրբազան հողեր, ընդհանուր տեսլական» խորագիրը («Sacred Grounds, Shared Vision»)։