Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/12-2020

  • Միացեալ Նահանգներու ճատրակի աղջկանց ազգային խումբին անդամ Տաթեւ Աբրահամեան յայտնած է, որ 20 Դեկտեմբերին, «Chess.com» կայքին վրայ պիտի կատարուի ճատրակի առցանց մրցաշարք մը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած ընտանիքներուն։
  • Թուրքիան աւարտած է Իրանի հետ արեւելեան սահմանի երկայնքին 81 քիլոմեթր անվտանգութեան պատի կառուցումը:
  • Արժանթինի մէջ առաջարկուած է արժանթինցի ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի յիշատակը յարգելու համար անոր անունով եւ լուսանկարով թղթադրամներ հրապարակել: 10 հազար փեսօ թղթադրամը պիտի ըլլայ անոր անունով եւ լուսանկարով: