Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/11
Արտաքին տեսք
- Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր հայազգի Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հանդէս եկաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութեամբ Թուրքիոյ 2020 պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումներու ժամանակ: «Նախքան 1915 թուականը այս հողերու վրայ հայեր կը բնակէին եւ այս երկրի իւրաքանչիւր հինգէն մէկը հայ էր, իսկ եթէ հիմա հաւաքուինք մէկ մարզադաշտ իսկ կարող չենք լեցնել: Տեղի ունեցաւ մեծ աղէտ, որը, դժբախտաբար, 104 տարիէ ի վեր կը ժխտենք ուրացման քաղաքականութեամբ, կը մերժենք խօսիլ այդ մասին: Եթէ այս աշխարհի մէջ կայ խորհրդարան մը, ուրտեղ այս մասին պէտք է խօսուի, Թուրքիոյի Ազգային Մեծ Ժողովն է, որովհետեւ մենք ալ այս հողերու զաւակներն ենք», յայտարարեց Փայլանը:
- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական Տունը (Ամերիկայի Գոնկրէսը) 29 Հոկտեմբերին վաւերացուց բանաձեւ մը ընդունելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը 405 դեր, 11 դէմ ու 3 ձեռնպահ քուէարկութեամբ։
- 11 նոյեմբեր 2019-ի Սուրիոյ մէջ սպաննուեցաւ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Յովսէփ քահանայ Պետոյեանն ու անոր հայրը` Աբրահամ Պետոյեանը: Սպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Իսլամական Պետութիւն (Տահեշ) ահաբեկչական խմբաւորումը: Երկուքը ինքնաշարժով կ՜ուղուէին քննելու Տէր Զօրի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակը երբ ահաբեկիչներ կրակ բացած են անոնց ինքնաշարժին ուղղութեամբ:
- 2 նոյեմբեր 2019-ին ԱՄՆ-ի մէջ 102 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց հայ բանաստեղծ, քարոզիչ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս․ Յակոբեան։ Հեղինակն էր 50-է աւելի գիրքերու եւ գրքոյկներու՝ բանաստեղծութիւն եւ արձակ։ Ծնած էր Երուսաղէմ 1917-ին եւ մասնագիտացած դեղագործութեամբ։ Ապրած էր Եգիպտոս, Լիբանան եւ 1967-էն սկսեալ ԱՄՆ-ի Փասատինա քաղաքին մէջ։
- Նիքոլա Ազնաւուրը՝ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստատագէտ Շարլ Ազնաւուրի զաւակը յայտարարեց որ Ազնաւուր Հիմնարկը Երեւանի մեջ պիտի հիմնէ Ազնաւուր Կեդրոնը նուիրուած Ազնաւուրի կեանքին ու գործունէութեան։
- Ուրուկուէյի զբօսաշրջիկութեան նախարար հայազգի Լիլիան ՔԷշիշեանը ընտրուած է Ուրուկուէյի Սենաթի անդամ։ «Ձախակողմեան Լայն Ճակատ» կուսակցութեան անդամ 67-ամեայ ՔԷշիշեանը առաջին Ուրուկուահայն է որ Ծերակուտական ընտրուած է երկրին օրէնսդիր իշխանութեան վերին պալատին մէջ։