Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/09-2026

  • Սերպ պատմական մարզիկ Նովաք Ճոքովիչ իր ասպարէզի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով «Եու. Էս. Օփըն»-ի առաջին հանգրուանին պարտութիւն կրած է:
  • Նորվեկիոյ Հարալտ Ե. թագաւորը 89 տարեկանին մահացած է Օսլոյի հիւանդանոցին մէջ:
  • Հրդեհ ծագած է քարիւղատար նաւու մը վրայ, որ Հորմուզի նեղուցին հարաւը ապօրինի ուղիով նաւարկելու ընթացքին երկու ականներու բախած է:
  • «Արաս» հրատարակչատան «ԿԱՄ Մատենաշար»էն լոյս տեսած է գրականագէտ Մարկ Նշանեանի նոր՝ «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը, որ հայ գրականութեան երկու տարբեր աշխարհներ՝ Եղիշէ Չարենցի եւ Վահէ Օշականի ստեղծագործական ժառանգութիւնը, կը դնէ նոյն քննադատական հարթակին վրայ։