Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/06-2022

  • Ուքրանիոյ Խերսոնի մարզի իշխանութիւնները մօտիկ ապագային մտադիր են նախաձեռնելու մարզը Ռուսիոյ միացնելու հարցին, որպէսզի դառնայ Ռուսիոյ լիարժէք մաս:
  • իացեալ Նահանգներ յանձնառու են աջակցելու Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման:
  • Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան 63,5 քկ դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումին, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեանութեան եռակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեանութեան եւ եւրոպական խաղերու յաղթական գիւմրեցի Յովհաննէս Բաչքով 5-0 արդիւնքով յաղթելով ֆրանսացի Լունես Համրաուի, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան։
  • Պելճիքայի իշխանութիւնները աշխարհի վրայ առաջին պարտադիր մեկուսացումը հաստատեցին Կապիկի ծաղիկով վարակուածներու համար: