Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/04-2025

  • Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները առկախեցին Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, որոնք կը վերաբերին տնտեսական գլխաւոր ոլորտներուն:
  • Անգլիոյ եկեղեցին մերժած է խնդրանքը Սուրբ հաղորդութեան կանոնները փոխելու` յանուն անոնց, որոնք չեն կրնար ալքոհոլ խմել կամ սնձան (կլիւթեն) պարունակող հաց ուտել:
  • Գերմանիոյ ամէնէն տիտղոսակիր խումբը` Պայերն Միւնիխ, կը պատրաստուի որոշակի վերակազմակերպման ենթարկելու ակումբը այս ամառ: Ըստ «Թրանսֆեր նիուզ լայվ»-ի, միւնիխեան ակումբը պատրաստ է վաճառելու 3-էն 4 մարզիկներ:
  • Երուսաղէմի պատրիարքութեան կալուածներու խնդիրը իրաւական գետնի վրայ կը բացատրուի՝ կուտակուած պարտքերու դիմաց առնուած քայլով: Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները առաջադրած են բռնագրաւել կալուածները, աճուրդի հանել եւ այդպիսով մարել պատրիարքութեան տասնամեակներու վրայ կուտակուած պարտքը: