Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/02-2022

  • Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցը օրակարգի վրայ չէ եւ տեսանելի ապագային տեղի պիտի չունենայ:
  • «ՍքայՊոլ» ընկերութեան օդաչու Նայիրի Բարսեղեան ու իր ռուս գործընկերը իրականացուցին համաշխարհային մրցանշային թռիչք: Անոնց օդապարիկի թռիչքին տեւողութիւնը եղած է 34 ժամ եւ 41 վայրկեան, ինչ որ կը նկատուի ամէնէն երկար թռիչքը: Նախկին մրցանիշն էր 32 ժամ եւ 12 վայրկեան:
  • Ֆրանսական Մարսէյ քաղաքի հայ համայնքին ներկայացուցիչները, Մարսէյ-Քարապաղ «Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին, բողոքի գործողութիւն կազմակերպեցին ազրպէյճանական ակումբին դէմ: