Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/01-2026

  • 6 Յունուարին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
  • 2025-ին ամէնէն վաստկած ճատրակի վարպետն էր նորվեկիացի Մակնուս Քարլսեն: Աշխարհի 16-րդ ախոյեանը անցեալ տարի մասնակցած է 16 մրցաշարքերու։
  • 91 տարեկանին մահացաւ ֆրանսացի հռչակաւոր դերասանուհի Պրիժիթ Պարտօ:
  • Հայաստանցի մարտիկ Սպարտակ Միքայէլեան դարձաւ միջազգային խառն մարտերու ֆետերասիոնի («Այ. Էմ. Էմ. Էֆ.») հեղինակաւոր մրցանակի դափնեկիր` ընտրուելով 2025-ի լաւագոյն ոչ արհեստավարժ մարզիկ:
  • Լեւոն Տիլզսիզեանի հեղինակած մեծածաւալ հատորի պաշտօնական ներկայացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ալեքսանտրուպոլսոյ մարզպետութեան հանդիսասրահին մէջ։
  • Լոյս տեսաւ Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» հատորը հայերէն թարգմանութեամբ՝ Իտալերէնէ թարգմանուած։