Ուինտսըր (քաղաք)
Արտաքին տեսք
Ուինտսըր |
|---|

Ուինտսըր, (պաշտօնական՝New Windsor), քաղաք՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, Պըրքշայր կոմսագաւառին, Թէյմզ գետին վրայ, Լոնտոնէն 37 քմ. արեւմուտք, 128 հազար բնակչութեամբ (1976)։
Ուինտսըրը անգլիական թագաւորներու գլխաւոր ամառնային նստավայրն է։
Թագաւորական ամրոցը հիմնադրուած է Ուիլհելմ Նուաճողին կողմէ ԺԱ. դարու վերջաւորութեան․ ունի երկու բակ եւ «շրջանաձեւ աշտարակ» մը կեդրոնին մէջ (շուրջ 1272), հիւսիս-արեւելքի կողմը՝ պալատ մը (1377), ինչպէս նաեւ հինաւուրց պարտէզ մը (հիմնականին մէջ՝ ԺԷ.-ԺԸ. դարեր։
Ամբողջ համալիրը ԺԳ.-ԺԹ. դարերու բազմաթիւ վերակառուցումներու արդիւնքն է։
Ս. Ճորճի աղօթավայրը՝ հովհարաձեւ թաղերով (1474-1528), անգլիական գլուխ գործոցներէն մէկն է։
Ամրոցին մէջ կը պահուի նկարներու, գծագիրներու եւ զէնքերու չափազանց հարուստ հաւաքածոյ[1]։