Jump to content

Ուինտսըր Ամրոցը

Ուինտսըր Ամրոցը
Տեսակ Արքայական պալատ, Անգլիական գաւառական տուն, դղեակ[1], Պալատ[2], տեսարժանութիւն, պատմական շէնք-թանգարան և Արքայական ընտանիքին ապարանքը
Երկիր  Միացեալ Թագաւորութիւն[3][1]
Տեղագրութիւն Ուինտսըր եւ Մէյտընհետ
Վայր Ուինտսըր
Հասցէ Windsor SL4 1NJ[4]SL4 1NJ[5]
ԲԾՄ 180 ֆուտ
Գտնվում է ափին Թէյմզ
Ճարտարապետական ոճ Կոթիկ ճարտարապետական ոճ[6]
Կազմուած է Q136532003?
Մասն է Թագաւորական հաւաքածոյ
անուանուած է Ուինտսըր
Սեփականատէր Անգլիական թագը
Բնակիչ Հենրի Ա.[7], Հենրի Բ., Անգլիոյ թագաւոր, Հենրի Գ., Անգլիոյ թագաւոր՝ 1216-1272, Էտուարտ Գ.՝ 1327-1377, Հենրի Ե.-1413-1422, Հենրի Ը., 1509-1547, Հենրի Է., 1485-1509, Էտուարտ Է., Եղիսաբեթ I?, Ճէյմս Ա., (1566–1625), Չարլզ Ա., Չարլզ Բ., Աննա, Ճորճ Գ., Ճորճ Դ., Վիքթորիա թագուհի, Ճորճ Ե. և Ճորճ Զ.
Հիմնադրուած է 1070
Ճարտարապետ Հակ Մէյ
Պատուիրող Ուիլհելմ[2]
Իրադարձութիւններ շինարարութիւն և հրդեհ
Ժառանգութեան կարգավիճակ Ա. աստիճանի ցուցակագրուած շէնք և Յատուկ պահպանուող յուշարձան[3]
Քարտէս
Քարտէս
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod.
Պաշտոնական կայք
Պաշտոնական կայք[1]

Ուինտսըր Ամրոցը (անգլ. Windsor Castle) թագաւորական ապարանք մը, որ կը գտնուի Ուինտսըր քաղաքին մէջ, Պըրքշայր կոմսագաւառին, Լոնտոնէն մօտաւորապէս 40 քիլոմեթր արեւմուտք[8]։

Հիմնուած է ԺԱ. դարուն։

Անիկա սերտօրէն կապուած է անգլիական թագաւորական ընտանիքին, մարմնաւորելով շուրջ հազարամեայ ճարտարապետական պատմութիւն մը։

Հենրի Ա.-ի (1100-1135) օրերէն ի վեր, ամրոցը կը ծառայէ անգլիացի թագաւորներուն իբրեւ նստավայր:

Հոն կառուցուած պալատը Եւրոպայի մէջ ամէնէն երկար գործածուած պալատը կը համարուի։

Ամրոցին մէջ կը գտնուի նաեւ ԺԵ. դարու Ս. Ճորճի Վանքը, որ կը նկատուի անգլիական ոճին գլուխ գործոցներէն։

Սկզբնական շրջանին, Ուինտսըրը կառուցուած էր Թէյմզ գետին ռազմավարական տարածքը վերահսկելու եւ ընդգծելու Լոնտոնի շրջակայքը։

ԺԳ. դարուն, Հենրի Գ. ամրոցին մէջ կը կառուցէ ճոխ թագաւորական պալատ մը, իսկ Էտուարտ Գ. կ'իրականացնէ միջնադարեան Անգլիոյ ամէնէն թանկարժէք աշխարհիկ շինարարական ձեռնարկը։

Հենրի Ը. եւ Էլիզաբէթ Ա. յաճախ կ'օգտագործեն զայն իբրեւ արքունիք։

Ամրոցը կը պահպանուի նաեւ Անգլիական Քաղաքացիական Պատերազմին ընթացքին, երբ կը ծառայէ իբրեւ ռազմական կեդրոն եւ բանտ՝ Չարլզ Ա. թագաւորին համար։

Թագաւորութեան վերականգնումէն (1660) ետք Չարլզ Բ.-ի օրով ամրոցը կը վերակառուցուի ճարտարապետ Հիւ Մէյի կողմէ, ստանալով շքեղ Պարոքքօ ճարտարապետական ոճ:

ԺԸ. դարուն, ամրոցը որոշ ղրջան մը կ'անտեսուի, բայց Ճորճ Գ. եւ Ճորճ Դ. հսկայական ծախսերով կը վերանորոգեն եւ կը զարդարեն զայն՝ համադրելով Պարոքքօ եւ Ռոքոքոյի ոճերը։

Վիքթորիա թագուհին միայն փոքր փոփոխութիւններ կը կատարէ, սակայն իր թագաւորութեան ընթացքին՝ Ուինտսըրը կը դառնայ թագաւորական հիւրասիրութեան գլխաւոր կեդրոն։

Վերին Հարաւային թեւը:Պաշտօնական Մուտքը դէպի պետական սենեակները, կը գտնուին ձախ կողմը: Կեդրոնին մօտիկ դարպասը կը տանի դէպի «Երկար Երթուղին»՝ տան պարտէզը։ Աջ կողմը կանգնած է Չարլզ Բ.-ի ձիաւոր արձանը։

Ա. Համաշխարհային Պատերազմին, ամրոցին անունը կ'ոգեշնչէ նոր թագաւորական տոհմը՝ ստեղծելու Ուինտսըրներու Տան ստեղծումը։

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն, Ճորճ Զ.-ի օրով, թագաւորական ընտանիքը կ'ապաստանի ամրոցին մէջ՝ Լոնտոնի վրայ գերմանական օդային ռմբակոծութիւններուն ընթացքին։

1992-ին, մեծ հրդեհ մը կը վնասէ ամրոցին սենեակներուն զգալի մասը, սակայն երկարատեւ վերականգնման աշխատանքներ կը կատարուին[9]։

Այսօր Ուինտսըր կը ծառայէ իբրեւ զբօսաշրջային մեծագոյն կեդրոն, միջազգային պետական այցելութիւններու վայր, ինչպէս նաեւ եղած է Էլիզաբեթ Բ. թագուհիին գլխաւոր նստավայրը՝ 2011-2022 տարիներուն[10]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]