Ուիթնի Հիուսթըն
Ուիթնի Էլիզապէթ Հիւսթըն, (9 Օգոստոս 1963-11 Փետրուար 2012), ամերիկացի երգչուհի, դերասանուհի, շարժանկարի արտադրիչ եւ ձայնագրութիւններու արտադրիչ։
«Ձայնը» (The Voice) մականունով լայնօրէն ճանչցուած Հիւսթըն պատմութեան ամէնէն բազմապարգեւ արուեստագէտներէն մէկը կը համարուի[10]։
Ան նաեւ բոլոր ժամանակներու ամէնէն շատ վաճառուած երաժշտական արուեստագէտներէն մէկն է՝ աշխարհով մէկ 220 միլիոնէ աւելի ձայնասկաւառակներու վաճառքով։
Իր արուեստական նուաճումներուն, Հոլիվուտի մէջ իր յաջող ներթափանցումին եւ երաժշտական տեսահոլովակներուն շնորհիւ, ան զգալիօրէն նպաստած է սեռային եւ ցեղային խտրականութեան պատնէշներու քանդման։
Իր բացառիկ ձայնային կարողութիւններով, աւետարանական (gospel) երգեցողութեան ոճով, բազմալսարան գրաւող արուեստով եւ կենդանի ելոյթներով Հիւսթըն 2023-ին «Rolling Stone» հանդէսին կողմէ դասուած է բոլոր ժամանակներու մեծագոյն երգիչներու ցանկին երկրորդ տեղը։
«1981»ին, պատանի տարիքին իբրեւ բնորդուհի յաջողութիւն ձեռք բերելէ ետք, Հիւսթըն կը դառնայ առաջին սեւամորթ կիներէն մէկը, որուն լուսանկարը կը հրատարակուի «Seventeen» ամսագիրի շապիկին վրայ։
Տասնինը տարեկան հասակին, պայմանագիր կը կնքէ «Arista Records»ի հետ։
Անոր առաջին երկու ձայնասկաւառակները՝ «Whitney Houston» (1985) եւ «Whitney» (1987), համապատասխանաբար 14 եւ 11 շաբաթ կը գրաւեն «Billboard 200» աղիւսակի առաջին տեղը։ Առաջինը մինչեւ այսօր կը մնայ մենակատար արուեստագիտուհիին ամէնէն շատ վաճառուած առաջին ձայնասկաւառակը, իսկ երկրորդը զինք կը դարձնէ առաջին կինը, որ միաժամանակ առաջին տեղով կը սկսի թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Միացեալ Թագաւորութեան վաճառքի աղիւսակներուն վրայ։
Իր երրորդ ձայնասկաւառակով՝ «I'm Your Baby Tonight» (1990), Հիւսթըն աւելի ժամանակակից քաղաքային երաժշտական ուղղութիւն կ'որդեգրէ։
1991-ին, «Super Bowl XXV»ի բացման արարողութեան ընթացքին, ան կը կատարէ Միացեալ Նահանգներու ազգային օրհներգը՝ «The Star-Spangled Banner»ը, եւ կը ստանայ մեծ գնահատանք։
Ապա կը նկարահանուի «The Bodyguard» (1992), «Waiting to Exhale» (1995), «The Preacher's Wife» (1996), «Cinderella» (1997) եւ «Sparkle» (2012) շարժանկարներուն մէջ։ Միաժամանակ կ'արտադրէ «The Princess Diaries» (2001-2004) եւ «The Cheetah Girls» (2003-2006) շարժանկարաշարքերը։
«The Bodyguard» եւ «The Preacher's Wife» շարժանկարներու երաժշտական ալպոմները համապատասխանաբար կը համարուին բոլոր ժամանակներու ամէնէն շատ վաճառուած շարժանկարի երաժշտական ալպոմն ու աւետարանական երաժշտութեան ալպոմը։ «The Bodyguard»ի երաժշտական ալպոմը նաեւ կը շահի «Կրեմմի»ի «Տարուան ալպոմ» մրցանակը եւ 20 շաբաթ շարունակ առաջին տեղը կը գրաւէ «Billboard 200» աղիւսակին վրայ[11]։
«My Love Is Your Love» (1998) ձայնասկաւառակի յաջողութենէն ետք, Հիւսթըն 2001-ին «Arista Records»ի հետ նոր պայմանագիր մը կը կնքէ՝ 100 միլիոն ամերիկեան տոլարի արժէքով, որ պատմութեան ամէնէն մեծ ձայնագրման համաձայնութիւններէն մէկը կը նկատուի։ Սակայն թմրանիւթերու գործածութիւնը եւ երգիչ Պոպի Պրաունի հետ իր փոթորկալից ամուսնութիւնը վնաս կը հասցնեն իր «Ամերիկայի սիրելին» համբաւին եւ ստուեր մը կը ձգեն իր յաջորդ ալպոմներուն՝ «Just Whitney» (2002) եւ «One Wish: The Holiday Album» (2003)։
Պրաունէն ամուսնալուծուելէ ետք, Հիւսթըն իր վերջին ալպոմով՝ «I Look to You» (2009), դարձեալ կը բարձրանայ «Billboard 200»-ի առաջին հորիզոնականը։
11 Փետրուար 2012-ին, Հիւսթըն կը խեղդուի Քալիֆորնիոյ Պեւըրլի Հիլզ քաղաքին մէջ գտնուող «Beverly Hilton» հիւրանոցին լոգարանին մէջ։ Անոր մահուան նպաստող գործօններ կը համարուին սիրտի հիւանդութիւնն ու քոքայինի գործածութիւնը։ Իր մահուան լուրը կը համընկնի 54-րդ «Կրեմմի» մրցանակաբաշխութեան հետ եւ լայն արձագանգ կը գտնէ միջազգային մամուլին մէջ։
Հիւսթընի առաջին երկու ալպոմները եւ «The Bodyguard» շարժանկարի երաժշտական ալպոմը բոլոր ժամանակներու ամէնէն շատ վաճառուած ալպոմներուն շարքին կը դասուին։
Ան կը դառնայ առաջին սեւամորթ արուեստագէտը, որ կը ստանայ Ամերիկայի Ձայնագրութիւններու Արդիւնաբերութեան Միութեան (RIAA) երեք «ադամանդ» հաւաստագրուած ալպոմներ։
«I Wanna Dance with Somebody (Who Loves Me)» եւ «I Will Always Love You» երգերը բոլոր ժամանակներու ամէնէն շատ վաճառուած մեներգերէն են։ Վերջինս մինչեւ այսօր կը մնայ կին երգչուհիի կատարմամբ ամէնէն շատ վաճառուած մեներգը եւ RIAA-ի «ադամանդ» հաւաստագրման կ'արժանանայ։
Հիւսթըն կը գրանցէ «Billboard Hot 100» աղիւսակին վրայ առաջին տեղ գրաւած տասնմէկ երգ եւ մինչեւ այսօր կը մնայ միակ արուեստագէտը, որուն եօթը յաջորդական երգերը անընդմէջ առաջին հորիզոնական կը բարձրանան։
Ան ընդգրկուած է բազմաթիւ փառքի սրահներու եւ փառքի ճամբաներու մէջ, որոնց կարգին՝ «Rock and Roll Hall of Fame», «Rhythm & Blues Hall of Fame» եւ երկու անգամ՝ «Grammy Hall of Fame»։
«Կինես»ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքը Հիւսթընը կը ճանչնայ իբրեւ մահէն ետք ամէնէն բարձր եկամուտ ապահոված կին արուեստագէտը։
Իր ունեցուածքը կը գնահատուի շուրջ 250 միլիոն ամերիկեան տոլար, որ կուտակուած է շուրջ քսանհինգ տարիներու արուեստական գործունէութեան ընթացքին։
Իր կեանքն ու արուեստական ասպարէզը բազմաթիւ վաւերագրական շարժանկարներու եւ հեռուստատեսային յատուկ հաղորդումներու նիւթ կը դառնան[12]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (unspecified title) — Cinematografo.
- 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- 1 2 Encyclopædia Britannica
- ↑ Discogs — 2000.
- ↑ Singer Whitney Houston dies at 49 — CBS News.
- 1 2 https://www.blackpast.org/african-american-history/houston-whitney-1964-2012/
- ↑ Smith J. C. Notable Black American Women
- ↑ BlackPast.org — 2004.
- ↑ https://nypost.com/2022/05/30/bobby-brown-doc-drugs-got-best-of-him-and-whitney-houston/
- ↑ Ուիթնի Էլիզապէթ Հիւսթըն
- ↑ Ուիթնի Հիւսթըն աստղը
- ↑ Բոլոր ժամանակներու արուեստագիտուհին
- 9 Օգոստոսի ծնունդներ
- 1963 ծնունդներ
- Նիւ Ճըրզի ծնածներ
- 11 Փետրուարի մահեր
- 2012 մահեր
- Գալիֆորնիա մահացածներ
- Անձինք այբբենական կարգով
- Ի. դարու ամերիկացի դերասանուհիներ
- Ի. դարու ամերիկացի երգչուհիներ
- ԻԱ. դարու ամերիկացի դերասանուհիներ
- ԻԱ. դարու ամերիկացի երգիչներ
- ԻԱ. դարու ամերիկացի երգչուհիներ
- «Կրեմմի» մրցանակի դափնեկիրներ
- «Էմմի» մրցանակի դափնեկիրներ
- Ամերիկացի երգչուհիներ
- Ամերիկացի դերասանուհիներ
- Ամերիկացի փոփ երգիչներ
- Ամերիկացի փոփ երգչուհիներ