Jump to content

Ութձայն

Հայկական ութձայնի հնչիւնաշարեր

Ութձայն, աւանդական ձայնեղանակներու համակարգ՝ միջնադարեան քրիստոնէական երաժշտական արուեստին մէջ։

Ութձայն համակարգը հայ երաժշտատեսական միտքի առանցքային ոլորտներէն է։ Անիկա կապուած է Հին աշխարհի շարք մը ժողովուրդներու, ներառեալ՝ հայերու, անցեալին ձեւաւորուած տիպական ձայնեղանակներու մասին ուսմունքին։

Հայ ե­կե­ղե­ցա­կան եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է ու­թ «ձայ­նե­ր»ու վրայ:

«­Ձայ­նե­րը» ե­կե­ղե­ցւոյ կող­մէ հաս­տա­տագ­րո­ւած եւ կա­նո­նա­կար­գո­ւած այն ձայ­նե­ղա­նակ­ներն են, որոնք ժա­մա­նա­կա­կից լե­զո­ւով «կամ­մա­նե­ր» կը կոչուին եւ ո­րոնց պէտք էր ան­պայ­ման հե­տե­ւէին միջ­նա­դա­րեան ե­կե­ղե­ցա­կան եր­գաս­տեղծ­նե­րը՝ ի­րենց եր­գա­սա­ցու­թիւն­նե­րը յօ­րի­նե­լու ատեն:

Ութձայնը իբրեւ կազմաւորուած համակարգ, կիրարկուած է Դ. դարէն սկսեալ։ Զայն արտացոլող եւ գիտութեան ծանօթ հնագոյն մատեանները երկուք են՝ Ե. դարու սկիզբին, (Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութենէն ետք) կազմուած հայոց հնագոյն Սաղմոսարան-ժամագիրքը՝ իր ութ կանոններով, որոնցմէ իւրաքանչիւրին համապատասխանած է ձայնեղանակ մը, եւ Զ. դարու սկիզբին, Սեւերիոս Անտիոքացի պատրիարքին կազմած հոգեւոր ինքնուրոյն երգերու ժողովածուն՝ ութ ձայնեղանակները ընդգրկող ներքին յատուկ բաժանումով։

Սկզբնական շրջանին, ութձայնի տեսական հիմունքները այս կամ այն չափով ընդհանուր եղած են քրիստոնեայ ժողովուրդներու համար (յատկապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ)։ Ժամանակի ընթացքին, սակայն, նախ առանձնացած են արեւմտեան եւ արեւելեան քրիստոնեայ մշակոյթներուն յատուկ ութձայները, ապա՝ արեւելեան քրիստոնէական երաժշտարուեստի սահմաններուն մէջ տարանջատուած են շարք մը ութձայներ:

Հայկական ութձայնը մշակուած է միջնադարեան վանքերուն քով գտնուող դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ։ Զայն խմբագրողները եղած են երաժիշտ-վարդապետներ, որոնց մտահոգութեան գլխաւոր առարկան եղած է հայ եկեղեցական երաժշտութիւնն ու անոր կարգաւորումը։

Արեւելեան քրիստոնէական երաժշտութեան պատմական զարգացման դասական շրջանին (մինչեւ ԺԵ. դարու կէսերը), իր մեղեդիական մեծ հնարաւորութիւններով եւ ազգային վառ ինքնատիպ գիծերով, բիւզանդականի կողքին, արժանի տեղ մը գրաւած է հայկական ութձայնը։

Ութ ձայ­նե­րու հա­մա­կար­գին վրայ հիմ­նո­ւած է նաեւ բիւ­զան­դա­կան հո­գե­ւոր եր­գա­սա­ցու­թիւ­նը:

Հեթանոսական Հայաստանի մէջ, տեսական միտքը տարբերած է չորս հիմնական ձայնեղանակներ՝ տիպական միւս մեղեդիները այս կամ այն ձեւով խմբելով անոնց շուրջ։

Ութձայն համակարգի ուսումնասիրութիւնը կը ներառէ մեր հոգեւոր երգային միաւորներու ձայնեղանակներու ձայնակարգային կառուցուածքները, անոնց գործառութային աստիճանները եւ մեղեդիական բնորոշ դարձուածքները ընդգրկող տեսական, վերլուծական աշխատանքը:

Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ վերանայած են հին հայկական ձայնեղանակներու ուսմունքը եւ վերակարգաւորած՝ գլխաւորաբար սաղմոսներ, մարգարէական օրհնութիւններ եւ տիրամօր օրհնութիւնը:

Ութձայնի բնորոշ յատկանիշները արտացոլող կարեւորագոյն հիմնական սեռերէն մէկը կը համարուի շարականը, ուստի որեւէ երգ ուսումնասիրելու ատեն, նախ եւ առաջ կը դիտարկուի տուեալ երգին պատկանող շարականային զանգուածը:

Աւելի ուշ, հայ հոգեւոր ինքնուրույն երգի զարգացման զուգընթաց, ստեղծուած են հայկական միջնադարեան երաժշտա֊ծիսական հիմնական մատեաններու (իրենց ընդգրկուած երգի տեսակներուն) վերաբերող ութձայնի նոր հատուածներ։

Շարակնոցի բազմացած նիւթերու ընտրութեան, խմբագրման եւ համապատասխան ձայնեղանակներու զատորոշման հարցերով, Է. դարուն զբաղած է Շիրակի դպրեվանքի առաջնորդ Բարսեղ ճոնը (ստեղծելով «Ճոնընտիր» կոչուած ժողովածուն)։

Ը. դարու սկիզբին, Ստեփանոս Սիւնեցի բանաստեղծ-երաժիշտին վերագրուած են շարականներու ամբողջական շարքեր, կարեւոր տեղաշարժեր եւ բարեփոխումներ. ութձայն համակարգի տեսական իմաստաւորում եւ բարեկարգում, խազերու կիրարկման նախնական փորձեր:[1]

ԺԱ. դարուն, Ներսէս Շնորհալի տեսականօրէն իմաստաւորած է «ծանր» (նոր տիպի), «ստեղի» եւ «զարտուղի» կոչուած ձայնեղանակները։

ԺԳ. դարուն, Կիլիկիոյ եւ Կեդրոնական Հայաստանի մէջ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած են նաեւ Գանձարան ժողովածուի բաղադրիչները։

ԺԴ. դարու վերջին - ԺԵ. դարու սկիզբին, Տաթեւի համալսարանի երաժշտական մասնաճիւղի Գրիգոր Տաթեւացիի ղեկավարութեամբ, ընդհանուր յայտարարի տակ առնուած են հայկական ութձայնի տեսութեան եւ գործնականին վերաբերող դրոյթները[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]