Jump to content

Ուեսթերոս

«Սառոյցի եւ Կրակի Երգ» շարքը մասամբ ոգեշնչուած է «Վարդերու Պատերազմ»էն, որ անգլիական գահին համար մղուած քաղաքացիական պատերազմներու շարք մըն էր։ Ռիչըրտ Պըրճեթի «Ասպետարան» (Sanctuary) կտաւը կը պատկերացնէ Էտուարտ Դ.-ն, երբ կը պահանջէ, որ իր պարտուած թշնամիները դուրս բերուին Թիւքսպըրիի վանքէն։

Ուեսթերոս, («Սառոյցի եւ Կրակի Երգ»ի աշխարհ) յօրինուած տիեզերք մը, ստեղծուած ամերիկացի գրող Ճորճ Ռէյմոնտ Ռիչըրտ Մարթինի կողմէ։ Այս տիեզերքին մէջ կը ծաւալիին «Սառոյցի եւ Կրակի Երգ» վիպաշարքին դէպքերը, ինչպէս նաեւ «Տունկ եւ Էկ» պատմուածքներու շարքը[1]։

Ուեսթերոսի մէջ կը կատարուին Սակայի հիմնական դէպքերը։ Անիկա կը բաղկանայ ինը աշխարհագրական գաւառներէ՝

  1. Հիւսիս
  2. Երկաթէ Կղզիներ
  3. Գետային հողեր
  4. Արրենի Հովիտ
  5. Արեւելեան հողեր (Westerlands)
  6. Փոթորկային հողեր
  7. Թագաւորական հողեր
  8. Տարածութիւն (Reach)
  9. Տորն

Ուեսթերոսի հիւսիսային ծայրը կը շարունակուի դէպի ոչ հետազօտուած վայրեր, որոնք բաժնուած են ցամաքամասին մնացեալ մասէն՝ Սառոյցի Պատին միջոցով։

Ուեսթերոսէն արեւելք կը գտնուի մեծ ցամաքամասը՝ Էսոսը, որ Ուեսթերոսէն բաժնուած է Նեղ ծովով։

Էսոսի արեւմտեան կողմը կը գտնուին Ազատ քաղաքները եւ անկախ քաղաք-պետութիւններու դաշնութիւն մը։

Էսոսի հարաւային հողամասերը, որոնք կը յայտնուին Ամառնային ծովու հողեր անուան տակ, կը ներառեն Վալիրիայի մնացորդները՝ Թարգարեաններու հայրենիքը, ինչպէս նաեւ Ծառայավաճառներու ծովախորշը։

Այլ ցամաքամասեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էսոսէն հարաւ կը գտնուին Ուլթոս եւ Սոթորիոս ցամաքամասերը։ Այս տարածքները առայժմ միայն մասնակիօրէն հետազօտուած են եւ շատ քիչ տեղեկութիւններ կան անոնց մասին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]