Ուաշինկթըն Տի ՍԻ
| Ուաշինկթըն Տի ՍԻ | |
|---|---|
|
| |
| Կայքէջ |
dc |
Ուաշինկթըն, Տի. Սի. (Washington, D.C.), պաշտօնապէս Քոլումպիոյ Շրջան (District of Columbia), Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքն ու դաշնային շրջանը։
Քաղաքը կը գտնուի Փոթոմաք գետի ափին՝ Վըրճինիայի դիմաց, իսկ հիւսիսէն եւ արեւելքէն ցամաքային սահմանը կը բաժնէ Մերիլենտ նահանգին հետ։
Անիկա կոչուած է Միացեալ Նահանգներու հիմնադիր հայրերէն եւ առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի անունով, մինչ շրջանը իր անունը ստացած է Քոլումպիայէն՝ ազգին կին-անձնաւորութեան խորհրդանիշէն, որմով Միացեալ Նահանգները մարդկային կերպարանքով կը ներկայացուին։
1789-ին Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ Քոնկրեսի բացառիկ իրաւասութեան տակ գտնուող դաշնային շրջանի մը ստեղծումը։ Այդ պատճառով Ուաշինկթըն, Տի. Սի., ո՛չ որեւէ նահանգի մաս կը կազմէ, եւ ո՛չ ալ ինքնին նահանգ մըն է։
16 Յուլիս 1790-ին ընդունուած Ռեսիտընս Էքթը (Residence Act) կ'արտօնէ մայրաքաղաքային շրջանի հիմնադրութիւնը Փոթոմաք գետին երկայնքով, եւ այդ օրը կը նկատուի քաղաքին հիմնադրութեան թուականը։
1800-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը Ֆիլատելֆիայէն կը փոխադրուի Ուաշինկթըն, Վեցերորդ Քոնկրեսը կը սկսի նիստեր գումարել տակաւին անաւարտ Քափիթոլի շէնքին մէջ, իսկ երկրորդ նախագահ Ճոն Ատամս բնակութիւն կը հաստատէ նոր աւարտած Սպիտակ Տան մէջ։
1801-ին, նախկին Մերիլենտի եւ Վըրճինիոյ մաս կազմող Քոլոմպիոյ Շրջանը, որ կը ներառէր Ճորճթաունի եւ Ալեքսանտրիոյ բնակավայրերը, պաշտօնապէս կը հռչակուի դաշնային շրջան։ Սկզբնական շրջանին քաղաքը առանձին բնակավայր մըն էր այդ աւելի ընդարձակ շրջանին մէջ։
1846-ին Քոնկրեսը շրջանին տարածքը կը նուազեցնէ՝ Վըրճինիոյ զիջած հողերը, ներառեալ Ալեքսանտրիա քաղաքը, վերադարձնելով այդ նահանգին։
1871-ին ամբողջ շրջանը կը վերածուի մէկ միասնական քաղաքապետարանի։
1880-ական թուականներէն ի վեր բազմաթիւ փորձեր կատարուած են շրջանը կրկին փոքրացնելու եւ մնացեալ մասը իբրեւ առանձին նահանգ ընդունելու, սակայն անոնք յաջողութիւն չեն ունեցած։
2021-ին նման օրինագիծ մը կ'անցնի Ներկայացուցիչներու Տունը, բայց չի հաստատուիր Ծերակոյտին կողմէ։
1791-ին ֆրանսացի ճարտարապետ «Փիեռ Շարլ Լ’Անֆան»ի նախագծած քաղաքը բաժնուած է չորս քառորդներու, որոնք կը միանան Քափիթոլի շէնքին քով, եւ ընդհանուր առմամբ ունի 131 թաղամաս։
2020-ի մարդահամարին համաձայն՝ քաղաքի բնակչութիւնը 689,545 էր։
Աշխատանքային օրերուն Մերիլենտի եւ Վըրճինիոյ արուարձաններէն ժամանող հազարաւոր աշխատաւորներու շնորհիւ ցերեկային բնակչութիւնը կը գերազանցէ մէկ միլիոնը։ Ուաշինկթընի մետրոպոլիսային շրջանը, որ կը ներառէ Մերիլենտի, Վըրճինիոյ եւ Արեւմտեան Վըրճինիոյ բաժիններ, 2023-ի տուեալներով շուրջ 6.3 միլիոն բնակիչ ունի եւ երկիրին եօթներորդ մեծագոյն մետրոպոլիսային շրջանն է։
1973-էն ի վեր շրջանը կը կառավարուի ժողովրդավարական ընտրութեամբ ընտրուած քաղաքապետի եւ 13 անդամներէ բաղկացած քաղաքային խորհուրդի մը կողմէ, սակայն Քոնկրեսը կը պահպանէ տեղական օրէնքները բեկանելու իրաւունքը։
Ուաշինկթընի բնակիչները Քոնկրեսին մէջ քուէարկելու իրաւունք ունեցող ներկայացուցիչ չունին, այլ միայն Ներկայացուցիչներու Տան մէջ մէկ չքուէարկող պատուիրակ կ'ընտրեն։ Սակայն, 1961-ին ընդունուած Սահմանադրութեան Քսաներեքերորդ փոփոխութեան համաձայն, անոնք նախագահական ընտրութիւններուն համար երեք ընտրող կ'ընտրեն։
Ուաշինկթըն, Տի. Սի., կը կազմէ Միացեալ Նահանգներու հիւսիսարեւելեան մեծ քաղաքաշարքի (Northeast Megalopolis) հարաւային ծայրը։ Իբրեւ դաշնային կառավարութեան նստավայր՝ անիկա աշխարհի կարեւորագոյն քաղաքական մայրաքաղաքներէն մէկն է։ Քաղաքին մէջ կը գտնուին դաշնային իշխանութեան գլխաւոր հաստատութիւնները՝ Սպիտակ Տունը, Միացեալ Նահանգներու Քափիթոլը, Գերագոյն Դատարանը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ նախարարութիւններ եւ դաշնային գործակալութիւններ։
Ուաշինկթըն նաեւ հարուստ է ազգային յուշարձաններով եւ թանգարաններով, որոնց մեծ մասը կը գտնուի «Նէշընըլ Մոլ»ի (National Mall) եւ իր շրջակայքին մէջ, ներառեալ Ճեֆըրսընի Յուշարձանը, Լինքընի Յուշարձանը եւ Ուաշինկթընի Յուշասիւնը։ Քաղաքը կը հիւրընկալէ 177 օտարերկրեայ դեսպանատուն, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային Դրամատան, Միջազգային Արժոյթի Հիմնադրամին, Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու գլխաւոր կեդրոնները։
Երկիրին մեծագոյն մասնագիտական միութիւններու, շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւններու եւ ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու ներկայութեան շնորհիւ, քաղաքը ծանօթ է իբրեւ քաղաքական ազդեցութեան գործունէութեան գլխաւոր կեդրոն, մասնաւորաբար «Քէյ Սթրիթ» (K Street) շրջանին մէջ[1]։
Անիկա նաեւ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն այցելուած զբօսաշրջային քաղաքներէն մէկն է․ 2022 թուականին հիւրընկալած է շուրջ 20.7 միլիոն ներքին եւ 1.2 միլիոն միջազգային այցելուներ, որուն շնորհիւ զբաղեցուցած է երկիրին քաղաքներուն մէջ եօթերորդ տեղը[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Տեսարանը դէպի հիւսիս. Սպիտակ տուն
- Տեսարանը դէպի արեւելք. Քափիթոլիում
- Ուաշինկթընի կոթողը
- Տեսարանը դէպի հարաւ. Ճեֆըրսընի յուշարձան, Պոթոմակ եւ օդակայան
- Տեսարանը դէպի արեւմուտք. Լինքոլնի յուշարձան, Պոթոմակ, Փենթակոն եւ Արլինկթոնեան գերեզմանատուն