Jump to content

Որոտան (թերթ)

Որոտան
Տեսակ թերթ
Լեզու հայերէն
Երկիր  Հայաստան
Կայք vorotantert.am

«Որոտան», խորհրդային եւ մասամբ՝ յետխորհրդային թերթ։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1933 թուականին։

ԽՍՀՄ ժամանակ եղած է Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան Սիսիանի շրջկոմի եւ ժողովրդական պատգամաւորներու Սիսիանի շրջանային խորհուրդի օրգանը։ 1933—1939 թուականներուն լոյս տեսած է «Սիսիանի հարուածային» անուանումով, 1946—1962 թթ․-ին՝ «Կոմունիզմի ուղեգիր», 1962—1964 թթ․-ին՝ «Զանգեզուր»), Սիսիանի մէջ։ Կը լուսաբանէր շրջանի կուսակցական ու խորհրդային մարմիններու գործունէութիւնը, խմբային ու խորհրդային տնտեսութիւններու, արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու առօրեան։ Տպագրած է ակնարկներ անուանի համարուող մարդոց մասին, պատմած է շրջանի մարզական-մշակութային իրադարձութիւններու մասին, զետեղած է բժշկական, իրաւաբանական խորհրդատուութիւններ, քաղաքական եւ աշխարհագրական տեղեկանքներ, լուրեր գիտութեան ու տեխնիկայի նորութիւններու վերաբերեալ։ Գործկոմներու եւ շրջկոմներու լուծարումէն ետք դադրեցուցած է իր տպագրական գործունէութիւնը։

1997 թուականին թերթը հիմնադրուած է անկախ կարգավիճակով՝ որպէս «Որոտան» անկախ թերթ» ՍՊԸ։ Այն հասարակական-քաղաքական, մշակութային պարբերական է։ Ունի իր պաշտօնական կայքը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։