Ոսկրածուծի փոխպատուաստում
Ոսկրածուծի փոխպատուաստում, իրաւացի եւ պատշաճ դարմանումի միջոց մըն է, միայն երբ հիւանդի մը ոսկրածուծը հիւանդագին է եւ կամ հիւանդին ոսկրածուծը ենթակայ է ծանրակշիռ վատ հետեւանքներու՝ այլ հիւանդութեան մը դարմանումի պատճառով[1]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անցեալին անիկա կը կատարուէր որոշ հիւանդութիւններու վատթարագոյն ժամանակաշրջանին, սակայն ներկայիս կը կատարուի հիւանդութիւններու սկզբնաւորութեան՝ ստանալու համար առաւելագոյն լաւ արդիւնք։
Անիկա ծախսալից դարմանումի միջոց մըն է եւ կը կատարուի հետեւեալ հիւանդութիւններու պարագային.
1.- Ոսկրածուծի ծինային դիմադրողականութեան նուազումի հիւանդութիւններ (genetic bone marrow immunity deficiency diseases), որոնց ընթացքին ոսկրածուծը ի ծնէ (congenital) կ'ըլլայ անբնական եւ կը գործէ անբնական։ Այս հիւանդութիւնները կը դարմանուին նախ հարուածելով եւ բնաջնջելով հիւանդին անբնական ոսկրածուծը՝ որոշ դեղերով, ապա՝ կատարելով ոսկրածուծի փոխպատուաստում, այսինքն՝ փոխարինելով անբնական ոսկրածուծը բնական ոսկրածուծով։
2.- Ափլասթիք սակաւարիւնութիւն (aplastic anemia), երբ տեղի կ'ունենայ ոսկրածուծի քանակական նուազում եւ ոսկրածուծի արտադրողականութեան ամբողջական նուազում. իբրեւ հետեւանք՝ արեան բոլոր տեսակի գնդիկները կը նուազին, եւ ոսկրածուծը կը փոխարկուի ճարպով։ Այս հիւանդութիւնը կը սկսի ընդհանրապէս ծածուկ, առանց որեւէ ազդանշանի եւ կը յառաջանայ դանդաղօրէն։ Ախտաճանաչումը կը կատարուի ոսկրածուծի եւ արեան յատուկ քննութիւններով։ Անոր ախտանշաններն են՝ տժգունութիւն, յոգնածութիւն, հիւծում, տկարութիւն, արիւնահոսում եւ անարիւնութիւն. լեարդը եւ փայծաղը չեն ծաւալիր եւ կը մնան բնական չափով։ Aplastic սակաւարիւնութիւնը ներկայիս կը դարմանուի փոխարինելով պակասաւոր ոսկրածուծը բնական ոսկրածուծով, այսինքն՝ կատարելով ոսկրածուծի փոխպատուաստում։
Ախտապատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ախտապատճառները կրնան ըլլալ՝
- քիմիական եւ ֆիզիքական նիւթեր,
- կարգ մը մանրէասպան դեղեր,
- հակախլիրդային դեղեր,
- շողարձակում,
որոնք կը ճնշեն ոսկրածուծի արտադրողականութեան վրայ եւ կը նուազեցնեն ոսկրածուծի ու արեան բոլոր տեսակի գնդիկներու քանակը։
Յաճախ կարելի չ'ըլլար գտնել այս հիւանդութեան բուն ախտապատճառը։
3.- Արեան չարաղէտ, վտանգաւոր (malignant) հիւանդութիւններ՝ ի մասնաւորի՝ սպիտակարիւնութիւն (leukemia)։
4.- Հոճքընս հիւանդութիւն (Hodjkens disease): Այսօր ոսկրածուծի փոխ-պատուաստումը լաւագոյն ձեւն է՝ դարմանելու այս հիւանդութիւնը, այլ միջոցառումներու կողքին։
Ոսկրածուծի փոխպատուաստումը կ'ըլլայ ոսկրածուծի տուչութեամբ. ան կը կարօտի առողջ անհատի մը, որ սիրայօժար կը տրամադրէ, կը նուիրէ իր ոսկրածուծէն մաս մը՝ հիւանդի մը, որ կ'ըլլայ ստացողը կամ ընդունողը։
Նուիրատուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոսկրածուծի նուիրատուն պէտք է ըլլայ առողջ եւ զերծ՝ որեւէ հիւանդութենէ. նուիրատուն եւ ստացողը ունենալու են ոսկրածուծի բջիջային նմանութիւն (matcing) եւ գոյակցութիւն-համատեղելիութիւն (compatibility)։
Արեան ոչ գոյակցութիւնը (blood incompatibility) արգելք մը չէ ոսկրածուծի փոխպատուաստումին։
Նուիրատուն ոչ մէկ բարդութիւն կ'ունենայ իր ոսկրածուծը տալու միջոցին։ Ոսկրածուծը կ'առնուի նուիրատուին զիստի ոսկորի (iliac bone) գագաթէն՝ ընդհանուր զգայազրկումի (general anesthesia) կիրարկումով։ Զիստի ոսկորէն կ'արտահանուի որոշ քանակութեամբ արիւնախառն ոսկրածուծ, որ կը պատուաստուի հիւանդին ներերակային ներարկումով (transfusion)՝ կարգ մը դեղերու հետ միասին:
Ոսկրածուծի փոխպատուաստումը բժշկականօրէն դժուար միջոցառում մը չէ. նուէր ոսկրածուծը եւ կամ ոսկրածուծի նորաստեղծ ցօղունային բջիջները (stem cells) կը պատուաստուին ստացող հիւանդին ներերակային ներարկումով։ Փոխպատուաստումէն առաջ չափահաս հիւանդը ընդհանրապէս որոշ ընդունելի դիմադրողականութիւն (immunity) կ'ունենայ եւ կրնայ մերժել պատուաստը. որպէսզի այս մէկը տեղի չունենայ եւ յաջողի փոխպատուաստումը, հարկ է, որ նուազի հիւանդին դիմադրողականութիւնը. ասիկա կ'իրականանայ որոշ դեղերու գործածութեամբ եւ կամ շողարձակումով, փոխպատուաստումէն 1-2 շաբաթ առաջ։
Այս ժամանակամիջոցին հիւանդը յաճախ կ'ունենայ նորայայտ սակաւարիւնութիւն, զանազան բորբոքումներ, գլխապտոյտ եւ սիրտխառնուք. հարկադրաբար հիւանդին կը տրուին բորբոքումի դէմ դեղեր, խտացած արեան կարմիր գնդիկներ եւ արեան թիթեղիկներ (platelets):
Անչափահասներու եւ մանուկներու պարագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անչափահասներու եւ մանուկներու պարագային, ընդհանրապէս այս միջոցառումը չի կիրարկուիր, որովհետեւ անոնց դիմադրողականութիւնը արդէն բաւականաչափ նուազած վիճակի մէջ կ'ըլլայ։ Ոսկրածուծի փոխպատուաստումի յաջողութիւնը կը փաստուի հիւանդին արեան ամէն տեսակ բջիջներու եւ թիթեղիկներու թուային բարձրացումով եւ ոսկրածուծի արիւնաստեղծ նոր գնդիկներու յայտնաբերումով։
Փոխպատուաստումէ ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բոլոր հիւանդները փոխպատուաստումէ ետք տարիներով կը ստանան որոշ դեղեր։ Ոսկրածուծի փոխպատուաստ ստացող հիւանդը կրնայ ունենալ որոշ բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
- պատուաստի (transplant) մերժում,
- զանազան տեսակի բորբոքումներ,
- լեարդային հիւանդութիւն,
- արիւնահոսութիւն,
- սպիտակարիւնութեան վերանորոգում,
- ուղեղային հիւանդութիւններ։
Փոխպատուաստումը հայոց պարագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխարհի ամբողջ տարածքին, գոյութիւն ունին ոսկրածուծի փոխպատուաստումի նուիրատուներու արձանագրութիւններու կեդրոններ, սակայն հայեր ներկայութիւն չեն ընդհանրապէս այդ արձանագրութիւններու մէջ։ Հայ հիւանդի ոսկրածուծի փոխպատուաստումը կը յաջողի առաւելաբար հայ նուիրատուի մը ոսկրածուծով։
Հայերը ունին բացառիկ ծինային կազմաւորում եւ իւրայատուկ ժառանգական բաղադրութիւն՝ շնորհիւ համեմատաբար նուազ խառն ամուսնութիւններու, ու այս պատճառով աւելի մեծ կարելիութիւն կայ գտնելու ոսկրածուծի նմանութիւն եւ գոյակցութիւն-համատեղելիութիւն հայ անհատներու միջեւ[2]։
Հաստատուած է «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍԿՐԱԾՈՒԾԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԳՐԱՆՑԱՄԱՏԵԱՆ»-ը (Armenian Bone Marrow Doner Registry)։