Ոսկրածուծ

Ոսկրածուծը հիւսուածք մըն է, որ մարդու մարմինին ոսկրային խոռոչները կը լեցնէ։ Ան արիւն արտադրող կամ արիւնաստեղծ հիմնական անդամն է. անոր մէջ կ'արտադրուին արեան կարմիր գնդիկները, սպիտակ գնդիկները եւ թիթեղիկները (platelets), որոնք բոլորը կը զարգանան ոսկրածուծի արիւնաստեղծ ցօղունային բջիջներէ (stem cells)։ Այս ցօղունային բջիջները ընդհանրապէս կ'ապրին ոսկրածուծին մէջ, բայց անոնցմէ պզտիկ մաս մը, ձգելով ոսկրածուծը, կը մտնէ արեան շրջագայութեան մէջ։

Բնական պայմաններու մէջ, ոսկրածուծը շարունակ կ'արտադրէ որոշ քանակութեամբ արեան ամէն տեսակի տարրերը. արիւնահոսութեան պարագային, ոսկրածուծի արիւնաստեղծման աշխատանքը զգալիօրէն կ'արագանայ՝ վերականգնելու համար արեան կորսուած բջիջներու քանակը[1]։
Մարդկային ոսկրածուծը կը ձեւաւորուի սաղմնային կեանքի 7- 8-րդ շաբաթներուն եւ կը սկսի գործել ներարգանդային կեանքի 4-րդ ամսուն[2]։
Ան շատ զգայուն է որոշ ներգործութիւններու, ինչպէս՝ շողարձակումի, Քէ. ճառագայթներու, կարգ մը դեղերու եւ քիմիական նիւթերու։