Jump to content

Ոսկի Աքաղաղ (Վէպ)

Ոսկի Աքաղաղ
Տեսակ Գրական ստեղծագործութիւն
Ժանր Վէպ
Հեղինակ Րաֆֆի
Երկիր Ռուսական կայսրութիւն
Բնագիր լեզու Հայերէն
Գրուած է 1870-ական թուականներու սկիզբ
Հրատարակութիւն 1870
Թուային տարբերակ eanc.net/EANC/library/Fi…

Ոսկի Աքաղաղ, Րաֆֆիի սոցիալական վէպերէն։ Րաֆֆին այն գրած է 1870-ական թուականներու սկիզբներուն, բայց առաջին անգամ լոյս տեսած է 1879 թուականին «Մշակ» լրագրին մէջ։ Այնուհետեւ վէպը արտատպուած է եւ հրատարակուած առանձին գիրքով 1882 թ. Թիֆլիսի մէջ եւ 1903 թ. Պաքուի մէջ։ «Ոսկի աքաղաղ»-ը հրատարակուած է Կոստանդնուպոլիսի մէջ 1922 թ. եւ Ալեքսանտրիոյ մէջ` 1937 թ.:

Վէ պը Հայպետ Հրատի կողմէ հրատարակուած է քանի մը անգամ` 1927, 1950, 1954, 1955, 1962 թուականներուն։ Լոյս տեսած է նարեւ ռուսերէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներով։ Ռուսերէն լեզուով առաջին անգամ հրատարակուած է 1892 թուականին Թիֆլիսի մէջ Նիկիտա Կարա Մուրզայի թարգմանութեամբ։

Րաֆֆին իր «Ոսկի Աքաղաղ»-ը վէպին մէջ դիմակազերծած է եւ խստօրէն քննադատած առեւտրա-վաշխառուական բուրժուազիային, որուն վիպասանը անուանած է «մռայլ դասակարգ»։ Վէպը հայ ընթերցող հասարակութեան սիրած գիրքերէն մէկն է։

«Ոսկի Աքաղաղ» վէպի նիւթն առնուած է գիւղի եւ գաւառական քաղաքի իրականութենէն։ Գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան Երեւանի եւ գիւղերուն մէջ։ Գիւղացի Աւետ ապոր եղբօր որբացած որդուն՝ Գալուստին, որուն Գալօ կ՚ըսեն, յիսուն ռուբլի պարտքի դիմաց ծառայութեան կը թողնէ գաւառի ամենահարուստ վաճառական Պետրոս Մասիսեանի տանը։ Գալոյին կու տան Միքայէլ նոր անունը։ Սա կ՚առաջադիմէ եւ գործակատարի պաշտօնով տունէն կը փոխադրուի խանութ։ Կ՚անցնին տարիներ։ Առիթը կը ներկայանայ, եւ Միքայէլին առեւտրական գործերով կ՚ուղարկեն Մոսկուա, ուր կ՚ուսանի Մասիսեանի որդի Ստեփանը։ Ինքնազարգացմամբ եւ Ստեփանի ազդեցութեան ներքոյ Միքայէլը կը դառնայ կրթուած եւ անուանի անձնաւորութիւն։ Բայց Մասիսեանի մահուան պատճառով ան ստիպուած կ՚ըլլայ վերադառնալ հայրենիք եւ կարգաւորել իր տիրոջ գործերը։ Վէպը կ՚աւարտի Միքայէլի եւ Մասիսեանի դուստր Հռիփսիմէի ամուսնութեամբ։

  • Գալօ-Միքայէլ
  • Աւետ ապեր - Միքայէլի հօրեղբայրը
  • Պետրոս Մասիսեան - հարուստ վաշխառու, որու մօտ կ՚աշխատէր Միքայէլը
  • Ստեփան - Մասիսեանի որդին
  • Շուշան - Միքայէլի տատը
  • Եղիսաբէթ - Աւետ ապոր կինը
  • Սաքի - Միքայէլի գիւղական ընկերներուց մէկը
  • Գայիանէ - Մասիսեանի դուստրը
  • Հռիփսիմէ - Մասիսեանի դուստրը, որու հետ կ՚ամուսնանայ Միքայէլը
  • Մարիամ - Մասիսեանի կինը

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Րաֆֆի, երկերի ժողովածու, հատոր երրորդ, հայպետՀրատ, Երեւան, 1962, ծանօթագրութիւններ, էջ 512։
  • Հայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ գիրք, Երեւան, 1950 թ., էջ 86-88։