Ողնայար

Ողնայարը կազմուած է 33 ողնոսկրներէ, որոնցմէ առաջին 7 հատը կը կոչուին պարանոցային (cervical) ողնոսկրներ, որոնց կը յաջորդեն՝ 12 լանջային (thoracic) ողնոսկրները, 5 միջային եւ կամ մէջքի (lumbar) ողնոսկրները, 5 սրբանային (sacral) ողնոսկրները եւ 4 պոչային (coccygeal) ողնոսկրները։
Ընդհանրապէս սրբանային եւ պոչային ողնոսկրները առանձնաբար միաձուլուած կ'ըլլան եւ կը ներկայանան իբրեւ երկու ամբողջութիւններ։
Մէջքի 5 ողնոսկրներէն վերջինը յաճախ միաձուլուած կ'ըլլայ սրբանային առաջին ողնոսկրին հետ։ Իւրաքանչիւր ողնոսկր կազմուած է հաստատուն մարմինէ մը, կեդրոնական մեծ բացուածքէ մը եւ կողմնակի ցցուն ոսկրային թեւերէ, ողնոսկրներու կեդրոնական շարունակական բացուածքները կը կազմեն երկար խողովակ մը ողնայարին ամբողջ երկարութեան, իսկ ոսկրային կողմնակի թեւերու շարունակականութիւնը կը ստեղծէ ողնոսկրային կողմնակի պզտիկ ծակտիկներ։
Ողնածուծը (spinal cord), որ շարունակութիւնն է ուղեղին, զետեղուած է ողնայարի կեդրոնական խողովակին մէջ։

Ողնայարի կողմնակի ծակտիկներէն դուրս կու գան ողնածուծի 30 ջիղերը, որոնք կը տարածուին դէպի մարմինին բոլոր մասերը։ Այս ջիղերուն 8 հատը կը կոչուին՝ պարանոցային ջիղեր, 12 հատը՝ լանջային ջիղեր, 5 հատը՝ միջային մէջքի ջիղեր, եւ 5 հատը՝ սրբանային ջիղեր։
Ողնոսկրներու հաստատուն մարմիններու միջեւ կը գտնուին յատուկ բոլորակաձեւ սալեր (disc), որոնք կը պաշտպանեն ողնոսկրները հարուածներէ եւ ողնայարին կու տան շարժումի որոշ ազատութիւն։
Ողնոսկրները իրարու կապուած են աճառային (cartilaginous) յօդերով, մկաններով, մկանային լարերով եւ մաշկային հիւսուածքներով։
Ողնայարը կը գործէ որպէս յենարան եւ կը շալկէ ամբողջ իրանը՝ ուղղաձիգ վիճակի մէջ[1][2]։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ողնայարի բաժիններ
- Ողնուղեղի մութ եւ ճերմակ նիւթերը
- Մարդու կմախքը
- Ողնայարը կապող մկանները
- Ողնայար
- Ողնայարը՝ մանկութենէն պատանեկութիւն