Շրթնաճոռթուկ

Վերին շրթունքի ճեղքը կամ շրթնաճոռթուկը (նապաստակի շրթունքը) (cleft lip) եւ քիմքի ճեղքը (գայլի երախ) (cleft palate) ընդոծին (congenital) արատներ են:[1]
Քիմքի կազմաւորում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քիմքը (palate) կը կազմէ բերանի վերին կամարաձեւ առաստաղը: Անիկա կը բաժնէ բերանը քիթէն եւ քիթի խոռոչներէն (nasal sinuses):
Քիմքի յառաջամասի երկու-երրորդը ոսկրային է եւ կը կոչուի կարծր քիմք (hard palate), իսկ յետսամասի մէկ երրորդը մկանային է եւ կը կոչուի կակուղ քիմք (soft palate):
Ամբողջ քիմքը ծածկուած է լորձնաթաղանթով, որ շատ հաստ է ոսկրային բաժինին վրայ: Մկանային քիմքը կը վերջանայ պզտիկ լեզուակով մը, որ մօտաւորապէս 1-2 սմ երկարութիւն կ'ունենայ եւ կը շարժի մկանային քիմքի պրկումներով:
Քիմքը իր ամբողջական աճին կը հասնի սաղմի կեանքի 6-9 շաբաթներու ընթացքին:
Արատներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քիմքի արատները ընդոծին են, սակայն անոնց ճշգրիտ պատճառը տակաւին անորոշ է: Յղութեան առաջին երեք ամիսներու ընթացքին յղի կիներու կողմէ գործածուած որոշ դեղեր եւ անոնց ունեցած ժահրային կարգ մը հիւանդութիւնները նկատուած են անոնց ախտապատճառները[2]:
Շրթունքի եւ քիմքի ճեղքերը կը յառաջանան սաղմի զարգացման երկրորդ եւ երրորդ ամիսներու ընթացքին: Սաղմի կազմաւորման եւ աճման ընթացքին քիմքը եւ վերին շրթունքը կազմող երկու բաժինները ամբողջովին իրարու չեն միանար եւ կը յառաջանան անոնց զանազան աստիճանի ճեղքերը:
Քիմքի արատները ընդհանրապէս կը տեսնուին շրթունքի արատներուն հետ: Այս արատները կարելի է տեսնել մանուկին ծնունդէն շատ առաջ՝ ներկայ մասնագիտական անդրձայնային (ultrasound) եւ Ք-ճառաքայթային (x-rays) յատուկ նկարումներով:
Նորածիններուն 1/1000-ը կ'ունենան շրթունքի ճեղք, իսկ 1/2000-ը՝ քիմքի ճեղք:
Շրթունքի ճեղքը մէկ տոկոս համեմատութեամբ կը յայտնուի այլ ախտանիշերու հետ, իսկ քիմքի ճեղքը՝ ութը տոկոս համեմատութեամբ:
Տեսնուած է, որ շրթունքի ճեղքը կը պատահի աւելի յաճախականութեամբ տղոց պարագային, իսկ քիմքի ճեղքը աւելի աղջիկներու պարագային:
Ոգելից ըմպելիներ եւ ծխախոտ գործածող յղի կիներ շատ աւելի յաճախ կը ծնին վերին շրթունքի եւ քիմքի ճեղքով զաւակներ:
Շրթունքի ճեղքը յաճախ կը կոչուի նապաստակի շրթունք (hare lip) եւ կամ շրթնաճոռթուկ:
Իսկ քիմքի ճեղքը՝ քիմքի ճոռթուկ եւ կամ գայլի երախ:
Երկկողմանի շրթնաճոռթուկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերին շրթունքի եւ քիմքի ճեղքը կրնայ պատահիլ միասնաբար կամ առանձնաբար, այսինքն՝ քիմքի ճեղքը առանձնաբար, վերին շրթունքի ճեղքը առանձնաբար եւ կամ քիմքի եւ շրթունքի ճեղքերը միասնաբար:
Քիմքի ճեղքը կը յայտնուի երկու ձեւով՝ ամբողջական կամ մասնակի: Ամբողջականի պարագային՝ մկանային եւ ոսկրային քիմքը կը յայտնուի կիսուած, երկու բաժիններով եւ մեծ բացուածքով մը: Իսկ մասնակիի պարագային՝ կա՛մ մկանային քիմքը կա՛մ ոսկրային քիմքը կը յայտնուի ճեղքով: Մկանային ճեղքը կրնայ ընդգրկել միայն պզտիկ լեզուակը:
Վերին շրթունքի ճեղքը կրնայ ըլլալ ամբողջական կամ մասնակի եւ մէկ կամ երկու ճեղքով:
Միակողմանի շրթնաճոռթուկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քիմքի ճեղքը կը յառաջացնէ մանուկին մօտ հետեւեալ դժուարութիւնները՝
- սնանելու դժուարութիւն,
- ռնգային ձայն (rhinolalia),
- միջին ականջի մնայուն բորբոքում,
- քիթի խոռոչներու բորբոքում,
- լեզուական զարգացումի դժուարութիւն եւ անբնական խօսակցութիւն:
Քիմքի ճեղք ունեցող մանուկը կ'ունենայ սնանելու դժուարութիւն, որովհետեւ չի կրնար բնական ձեւով ծծել մօրը կրծքագեղձին պտուկը կամ կաթնաշիշը (milk bottle): Անիկա պէտք է պահուի ուղղահայեաց դիրքի վրայ, երբ կը ծծէ մօրը կրծքագեղձը կամ կաթնաշիշը, որպէսզի ծծուած կաթը իր բերանէն դէպի քիթ եւ քթա-ըմբան չուղղուի, ապա թէ ոչ քիթին մէջ գտնուած կաթը կը յառաջացնէ խոռոչներու բորբոքում, իսկ քթա-ըմբանին մէջ գտնուած կաթը կը գրգռէ երկու եւստաքեան խողովակներու (Eustachian tubes) բերանները եւ կը յառաջացնէ միջին ականջի բորբոքում եւ լսողական տկարութիւն:
Քիմքի ճեղքի ախտաճանաչում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քիմքի եւ վերին շրթունքի ճեղքերու ախտաճանաչումը բացայայտ է: Անոնք տեսանելի կ'ըլլան բոլորին կողմէ մանուկին ծնունդէն անմիջապէս ետք:
Քիմքի ճեղքի դարմանումը պէտք է միտի մանուկին շնորհել բնականոն սնանում եւ լեզուական զարգացում, ինչպէս նաեւ ռնգաձայնի անհետացում:
Քիմքի եւ շրթունքի ճեղքերը կը դարմանուին հիմնականօրէն միայն վիրաբուժական գործողութեամբ:
Քիմքի ճեղք ունեցող մանուկը առաջին օրէն պէտք է սնանի յատուկ ծծակներով մինչեւ վիրաբուժական գործողութեան ժամկէտը:
Գործողութեան ժամկէտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կայ երկու կարծիք այս գործողութեան ժամկէտին առնչութեամբ.
- Վեց ամսու աղջնակ մը, գործողութենէն առաջ
- Նոյն աղջնակը՝ գործողութենէն մէկ ամիս ետք
- Նոյնը աղջնակը՝ 8 տարեկանին
- Սպասել մինչեւ որ մանուկը հասնի 10-12 տարիքը, ուր արդէն մնայուն ակռաները կը յայտնուին եւ քիմքը իր վերջնական աճման հանգրուանին հասած կ'ըլլայ եւ հետեւաբար արատը ընդհանրապէս մէկ գործողութեամբ կ'անհետանայ: Սակայն մինչեւ այս տարիքը հասնելուն ենթական կրնայ ունենալ ականջի բորբոքումներ, լսողութեան վատթարացում եւ լեզուական դժուարութիւն: Այս կարծիքի հեղինակները համոզուած են որ քիմքի ամբողջական աճումէն առաջ այս արատը մէկ գործողութեամբ կարելի չէ անհետացնել:
- Կատարել գործողութիւնը կանուխ՝ պզտիկ տարիքի, որպէսզի տեղի չունենան ականջի բորբոքում, լսողութեան տկարացում եւ լեզուական դժուարութիւն: Այս պարագային աճման պատճառով ենթական կ'ենթարկուի մէկէ աւելի վիրաբուժական գործողութիւններու: Ընդհանրապէս վիրաբուժական գործողութեամբ մանուկը կ'ունենայ բնական երեւոյթ ինչպէս նաեւ ուտելու եւ կլլելու կարողութիւն: Մեծ եւ ամբողջական ճեղքերու պարագային՝ երբեմն գործողութենէն ետք, մանուկը կ'ունենայ ռնգային ձայն ու խօսակցութիւն, քիմքի անբնական երեւոյթ եւ բերանին մէջ գտնուած կաթի յետադարձութիւն (regurgitation) բերնէն դէպի քիթ՝ բերանի եւ քիթի միջեւ ստեղծուած խլուակին (fistula) պատճառով:
- Շրթնաճոռթուկի վիրաբուժական գործողութիւնը պէտք է կատարուի շատ կանուխ: Շրթունքի եւ քիմքի միասնաբար ճեղքի պարագային, երբ քիմքի վիրաբուժական գործողութիւնը պիտի յետաձգուի, շրթունքի ճեղքի վիրաբուժական գործողութիւնը պէտք է կատարուի շուտափոյթ[3]: