Շտեմարան (հանդէս)
| Շտեմարան | |
|---|---|
| Տեսակ | հանդէս |
| Լեզու | հայերէն |
| Հիմնադրուած է | 1821 |
| Երկիր | Հնդկաստան |
| Գրասենեակ | Կալկաթա, Բրիտանական կայսրութիւն |
«Շտեմարան», հանդէս, լոյս տեսած է 1821-1823 թուականներուն, Կալկաթայի մէջ։ խմբագիր՝ Մարտիրոս Մկրտչեան։
Խմբագիր Մարտիրոս Մկրտչեանի մասին տեղեկութիւնները քիչ են։ «Շտեմարանի» նիւթերէն դատելով՝ ան Հնդկաստան եկած է Շիրազէն, բացի հայերէնին տիրապետած է անգլերէնի եւ պարսկերէնի։ Ջուղայահայ բարբառով գրած է կատակերգութիւններ։
«Շտեմարանը» աշխարհաբար առաջին պարբերականներէն է։
Բովանդակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Շտեմարանի» իւրաքանչիւր տետրակ կը սկսի «Հետեւումն յորդորացն» ընդհանուր վերնագրով գրաբարով գրուած բարոյախրատական զրոյցով։
«Շտեմարամի» հիմնական հեղինակը խմբագիրն է, որ հանդէս կու գայ յօդուածներով, առակներով, բանաստեղծութիւններով եւ այլ նիւթերով։ Տպագրուած են նաեւ աշուղական երգեր, արեւելեան բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, առակներ, ասոյթներ։ «Շտեմարանի» էջերուն մէջ խմբագիրը կը բանավիճի կալկաթահայ հոգեւորական տէր Յովսէփի եւ անոր կողմնակիցներուն դէմ։
«Շտեմարանի» քաղաքական հայեացքները ցայտուն ու միանշանակ չէն։ Թէեւ կը նկատուին բուրժուական զարթօնքի նշոյլներ, ազգային-ազատագրական գաղափարախօսութեան դրսեւորումներ, սակայն կրօնաաւատական ըմբռնումները կը գէրիշխեն։
«Շտեմարանի» գաղափարախօսութիւնը նկատելի է յատկապէս արեւելեան եւ արեւմտեան երկիրներու յարաբերութիւններու մասին նիւթերուն մէջ։ Անոնց մէջ ամենացայտուններէն են յոյներու ապստամբութեան նուիրուած նիւթերը։ Խմբագիրը ներբող կը ձօնէ յոյն ապստամբներուն, որովհետեւ Օսմանեան պետութեան դէմ պայքարի մէջ կը տեսնէ նաեւ հայ ժողովուրդի փրկութեան յոյսը։ Կը դրուատէ յոյներուն օգնելու Ռուսաստանի պատրաստակամութիւնը եւ կը պարսաւէ Անգլիոյ ընդունած դիրքը։
Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարը Մարտիրոս Մկրտչեանը կը կատարէ իր նախասիրութիւններու ոսպնեակով։ Ան կը մերժէր սահմանադրական պառլամէնտիզմի ծրագիրը որոնք կը պաշտպանէին Շահամիր Շահամիրեանը, Մովսէս Բաղրամեանը, Յարութիւն Շմաւոնեանը։
«Շտեմարան»-ին մէջ հատուածներ հրապարակուած է ճանապարհորդ-վաճառական Թոմաս Խոջամալեանի «Պատմութիւն»էն[1]։
Լուսաբանած է գաղթավայրի առօրեան, անդրադարձած տարբեր խաւերու բախումներուն, սուր քննադատութեան ենթարկել հոգեւորականներուն, «ազգի հոգսերու նկատմամբ անտարբեր» մեծահարուստներուն ու առեւտրականներուն, կոչ ըրած է բարձր պահել ազգային ոգին, առաջնորդուիլ ազատագրական գաղափարներով։
Ունեցած է պրոռուսական կողմնորոշում, անդրադարձած է ժամանակի քաղաքական իրադարձութիւններուն, մասնաւորապէս թրքական բռնութիւններուն դէմ յոյն ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, քննադատած է Օսմանեան պետութեան հայակործան քաղաքականութիւնը, շեշտած է զինուորական գործ եւ քաղաքականութեան արուեստ սորվելու անհրաժեշտութիւնը։
Տպագրած է հայրենասիրական, պատմական, գրական բնոյթի նիւթեր, բանավիճային յօդուածներ, զրոյցներ, առակներ, լուրեր, արհեստներ ու կենցաղավարութիւն ուսուցանող խորհուրդներ, անդրադարձած է թատրոնին, հայոց լեզուին եւ այլ հարցերու։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հայ պարբերական մամուլի պատմություն XVIII-XIX դարեր, հատոր 1, Գահիրէ, 2006, էջ 33-36։