Շունչի գարշահոտութիւն

Շունչի գարշահոտութիւնը, (halitosis) առարկայական (objective) կը կոչուի, երբ անհատ մը կը գանգատի իր շունչի գարշահոտութենէն եւ այդ կը նշմարուի նաեւ այլ անձերու կողմէ։
Գարշահոտութեան տեսակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երբ անհատ մը միայն ինք կը գանգատի իր գարշահոտութենէն, առանց ուրիշներու նկատողութեան, երեւոյթը կ'ըլլայ ենթակայական (subjective)։
Կարգ մը հոգեբանական հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդներ կ'ունենան ենթակայական գարշահոտութիւն, ինչպէս՝ զգայախաբէութենէ (hallucination) տառապող հիւանդներ, անձկալից վիճակի (anxiety state) մէջ գտնուող հիւանդներ եւ կասկածամիտ ու շարունակ իրենց մարմնական զանազան ախտանշաններէ գանգատող անձեր (hypochondriac), որոնք կը չափազանցեն եւ խոշորացոյցով կը դիտեն իրենց մարմնական շատ մը զգացումները։ Այս ենթակայական գարշահոտութիւնը հազուադէպ է եւ կը դարմանուի հոգեբուժական լուրջ եւ հետեւողական միջոցառումներով[1]։
Առարկայական գարշահոտութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առարկայական գարշահոտութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ է։ Յաճախ ենթական ինք անձամբ չի գանգատիր եւ կ'անդրադառնայ իր գարշահոտութեան իր շուրջը գտնուող անձերու վերաբերմունքէն եւ կամ անոնց վերյիշումով միայն։ Այս պարագային ենթակային շուրջը գտնուող անծանօթներ անոր ուշադրութեան կը յանձնեն իր գարշահոտութիւնը եւ յաճախ անոնք կը գանգատին ու յանդիմանանքով կը խօսին իրեն հետ. ենթակային կողակիցը եւ ընտանիքի միւս անդամները ընդհանրապէս անծանօթի մը նման չեն վերաբերիր իրեն հետ, սակայն ամուսնալուծումներ տեղի ունեցած են բերնի գարշահոտութեան պատճառով։
Առարկայական գարշահոտութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով.
1. Բերանին մէջ կերակուրներու մնացորդացի քացխացում (fermentation)։ Կերակուր ուտելէ ետք բերանը մաքուր պահուելու է՝ ցօղուելով եւ լուալով,
2. Հոտաւէտ ուտելիքներու գործածութիւն եւ սպառում, ինչպէս՝ սխտոր, սոխ եւ կաղամբ,
3. Չափազանց ալքոլի գործածութիւն. գարշահոտութիւնը աւելի զգալի կ'ըլլայ, երբ ալքոլը գործածուի անօթի վիճակով,
4. Ծխախոտի չափազանց գործածութիւն։
Վերջին երկու պատճառներով յառաջացած գարշահոտութիւնը կարելի է դարմանել որոշ խաղաջուրերու-կարկարաջուրերու (gargles) եւ ազատքեղի գործածութեամբ.
5. Ակռաներու եւ լինտերու հիւանդութիւններ։ Ակռաներու եւ լինտերու բորբոքումներ ու պալարներ (abscess), արուեստական ակռաներ, սխալ եւ անյարմար ատամնապսակներ (crown), ինչպէս նաեւ ատամնաշարեր ու ատամնակամուրջներ յաճախ պատճառ կը դառնան կերակուրի մանր կտորներու հոս ու հոն մխրճումին, ակռաներու միջեւ եւ կամ ակռաներու եւ լինտերու միջեւ. կուտակուած կերակուրի մանր կտորները քացխանալով կը յառաջացնեն գարշահոտութիւն։
Պալարներու եւ բորբոքումներու դարմանումով կ'անհետանայ բերանի գարշահոտութիւնը։ Բերանի եւ ակռաներու մաքրութեամբ եւ առողջապահութեամբ արգելք կը հանդիսանան շունչի գարշահոտութեան։
6. Լեզուի, նշիկներու (tonsil) եւ լորձնաբեր գեղձերու բորբոքումներ, պալարներ եւ քաղցկեղ. ասոնց դարմանումով կ'անհետանայ շունչի գարշահոտութիւնը։
7. Քիթի հիւանդութիւններ՝ երկարատեւ եւ մնայուն քթաբորբ (rhinitis), օտար մարմիններ քիթին մէջ, քիթի պոլիպներ (polyps), քիթի եւ քթաըմբանի (nasopharyngeal) քաղցկեղ, ինչպէս նաեւ՝ երկարատեւ խորշատապ (sinusitis). ասոնց դեղորայքային եւ վիրաբուժական դարմանումով կ'անհետանայ գարշահոտութիւնը։
8. Շնչառական համակարգի հիւանդութիւններ՝ մնայուն խռչափողատապ (laryngitis), խռչափողի քաղցկեղ, ցնցղատապ (bronchitis), թոքատապ, փքուռոյց (emphysema), ցնցուղներու խցում (broncheal obstruction), օտար մարմիններ թոքերուն մէջ եւ ծխախոտի գործածութիւն. այս բոլորին պատճառով գարշահոտութիւնը աւելի նշմարելի կ'ըլլայ արտաշնչումի ընթացքին եւ անոնց հիմնական դարմանումով կ'անհետանայ գարշահոտութիւնը։
9. Մարսողական համակարգի վերին բաժինի հիւանդութիւններ՝ որկորաբորբ (esophagitis), որկորային յետահոսք (esophageal reflux), որկորային քաղցկեղ, անմարսողութիւն, շատակերութիւն, ալքոլի չափազանց գործածութիւն. այս բոլորին պատճառով գարշահոտութիւնը աւելի զգալի կ'ըլլայ կրթալու պարագային։
10. Այլ պատճառներ եւ հիւանդութիւններ.
ա. Լեարդի երկարատեւ բորբոքում եւ ձախողութիւն-փճացում (liver cirrhosis). այս պարագային արտադրուած հոտը կը կոչուի մկնահոտ։
բ. Երիկամներու երկարատեւ հիւանդութիւն եւ ձախողանք-փճացում (uremia). այս պարագային արտադրուած հոտը կը նմանի մէզի հոտի։
գ. Չափազանց յառաջացած շաքարախտ, որուն պատճառով թոքերու մէջ կ'արտադրուի acetone-ի հոտ[2]։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ, «ԲԺԻՇԿԻՆ Բ. ԽՕՍՔԸ», Անթիլիաս, 2011