Jump to content

Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը (Մանկապատանեկան վիպակ)

Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը
Հեղինակ Մարք Հատտըն
Թարգմանիչ Հրայր Գալեմքէրեան
Լեզու անգլերէն(բնագիր)
Հրատարակչական թուական
1 Մայիս, 2003
Հրատարակուած Հայերէնով
Մայիս 2021 Զարդիս (հայերէն)
Մրցանակներ

երկու BAFTA-ներ, «White Novel of the Year Award», «The Guardian Children's Fiction Prize»,

«South Bank Show Book Award»

Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը. մանկապատանեկան վիպակ: Հեղինակն է Մարք Հատտըն։ Վէպը «The Curious Incident of the Dog in the Night-Time» առաջին անգամ կը հրատարակուի Մայիս 1, 2003-ին։ Հայերէնի թարգմանուած է Հրայր Գալեմքէրեանին կողմէն Յունիս 2021-ին, Զարդիս Մատենաշար (օժանդակուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ)։

Քրիստոֆըրը 15 տարեկան տղայ մըն է։ Ան շատ բան գիտէ թուաբանութեան մասին եւ շատ քիչ բան՝ մարդկային էակներու։

Ան, «Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը» վէպը պատմողն է։ Սիրահար է ցանկերու, կաղապարներու եւ ճշմարտութեան։ Չի հանդուրժեր որոշ գոյներ, մասնաւորաբար՝ դեղինը եւ սրճագոյնը։ Չի հանդուրժեր նաեւ որ մարդիկ դպին իրեն։

Փողոցի ծայրէն անդին չէ գացած մինակը․ երբե՛ք։ Սակայն երբ ան դրացիի մը շունը սպաննուած կը գտնէ, սարսափազդու ճանապարհի մը վրայ ոտք կը կոխէ, որ իր լման աշխարհը տակն ու վրայ պիտի ընէ։

․․Շոյեցի Ուելինկթընը եւ ես ինծի հարցուցի, թէ արդեօք ո՞վ սպաննած էր զայն եւ ինչո՞ւ։

Անունս Քրիսթոֆըր Ճոն ֆրանսիս Պուն է։ Գիտեմ աշխարհի բոլոր երկիրներուն անունները եւ անոնց մայրաքաղաքները, եւ բոլոր նախնական թիւերը մինչեւ 7507։․․

Ստեղծարար գրագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար, պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր (7 բաժիններով եւ 29 վարժութիւններով) եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ օգտագործելով զնտուկ դաստիարակչական կայքէջին ընծայած հնարաւորութիւնները (Սանդուխ, Զարդիս, Մինչ մազերս կ՚երկննային, «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով)։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]