Jump to content

Շողակն Արարատեան

Շողակն Արարատեան
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1996
Հիմնադիր Հայ Առաքելական Եկեղեցի և Արարատյան Հայրապետական թեմ?

«Շողակն Արարատեան», հոգեւոր-մշակութային, լրատուական երկշաբաթաթերթ։ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական թեմի պաշտօնաթերթ (մինչեւ 2000 թուականը՝ Արագածոտնի թեմի հրատարակչութիւն)։

Լոյս կը տեսնէ 1996 թուականէն Օշականի մէջ, ապա՝ Երեւանի։

Խմբագիրներ՝ Արսէն Պօղոսեան, Հայկանուշ Մեսրոպեան, Մհեր Գասպարեան, Յասմիկ Եղիազարեան (2013 թուականէն)։

Կը տպագրէ Արարատեան հայրապետական թեմի գործունէութեանը առնչուող պաշտօնական տեղեկատուութիւն, տօնախօսականներ, պատմաբանասիրական եւ քրիստոնէական դաւանաբանական յօդուածներ, եկեղեցւոյ պատմութեան, հայկական մշակոյթին վերաբերող նիւթեր, գրախօսութիւններ, հարցազրոյցներ, թարգմանութիւններ։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։