Շիքակօ (ժապաւէն)

Chicago
Բեմադրիչ Ռոր Մարշալ
Արտադրիչ Մարդին Ռիչարտս, Պոպ Ուէյնշդէյն, Հարվի Ուայնսթին, Քրէյկ Զատան եւ Մարդին Ռիչարտս
Երաժշտութիւն Տենի Էլֆման
Մոնտաժ Մարդին Ուոլշ
Տեւողութիւն
113 վայրկեան
Երկիր ԱՄՆ
Լեզու Անգլերէն
Պիւտճէ $45 մլն

Շիքակօ ժապաւէն, (անգլերէն՝ Chicago), արտադրուած է Ռոպ Մարշալի կողմէ: Նկարահանուած է համանուն երաժշտութեամբ։

Ժապաւէնը ներկայացուած է Օսքարի 13 անուանակարգերու եւ արժանացած է վեց արձանիկի՝ ճանչցուելով իբրեւ տարուան լաւագոյն ֆիլմը:

Նախագիծ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գործողութիւնները տեղի կ'ունենան 1920-ական թուականներուն, Շիքակոյի մէջ։ Գլխաւոր հերոսուհին՝ Շիքակոյի բնակչուհի Ռոքսի Հարթ, երկար ատենէ ի վեր ամուսնացած է Էյմոս անունով մէկու մը հետ, սակայն կ'երազէ հռչակ շահիլ եւ բեմի վրայ ելոյթներ ունենալ, ինչպէս իր կուռքը՝ գոռոզամիտ Փրիմատոննա Վելմա Քելլին: Սակայն անոր փոխարէն Ռոքսի իր ժամանակը կ'անցընէ տունը՝ ամուսինին գործէն վերադարձին սպասելով:

Ընկերութեան մէջ իրեն «արժանի» տեղը գրաւելու համար, Ռոքսի սիրավէպ մը կը սկսի կահոյքի վաճառական Ֆրետ Քէյսլիին հետ: Վերջինս կը խոստանայ Ռոքսին ծանօթացնել իր ընկերոջ, որ անձնական գիշերային ակումբ մը ունէր: Սակայն կը բացայայտուի, թէ ան կը ստէր եւ խաբած էր Ռոքսին: Ճշմարտութիւնը գիտնալով, զայրացած Ռոքսի կը սպաննէ Ֆրետ Քէյսլին, իր ամուսինին զէնքով:

Սկիզբը Էյմոս կ'ուզէ յանցանքը իր վրայ վերցնել, որովհետեւ Ռոքսի կը պնդէր, թէ զոհը կողոպտիչ մըն էր, որ կը փորձէր զինք մեռցնել: Սակայն կնոջը դաւաճանութիւնը յայտնաբերելով, Էյմոս կը մատնէ իր կինը, որ կը ձերբակալուի: Ռոքսիի կեանքը կը սկսի Շիքակոյի կանանց բանտին մէջ:

Պատահականութեան բերումով, Ռոքսի բանտին մէջ կը հանդիպի երգչուհի Վելմանին, որ զայրոյթի մը պահուն սպաննած էր իր ամուսինն ու քոյրը, երբ յայտնաբերած էր վերջիններուս սիրավէպը: Բանտին վերակացուն էր Մամա անունով մէկը, որ թէեւ խիստ կանոններ սահմանած էր, բայց յանուն փողի պատրաստ էր զիջումներ կատարելու եւ կիներուն փափաքներուն գոհացում տալու:

Ժապաւէնին գլխաւոր հերոսներէն է նաեւ նշանաւոր փաստաբան Պիլի Ֆլին, որ իր մատուցելիք ծառայութիւններուն փոխարէն կանխիկ մեծ գումարներ կը գանձէր:

Ռոքսի կ'երազէ, որ Պիլին ստանձնէ իր դատը, բայց վերջինս արդէն ստանձնած էր Վելմային դատը: Ռոքսիին խնդրանքով Մաման կապ կը հաստատէ Պիլին հետ, որ դժկամութեամբ կը համաձայնի ստանձնել նաեւ Ռոքսիին դատը, որմէ ետք Վելման ու Ռոքսին կը թշնամանան:

Պիլի իր կապերը օգտագործելով, այնպէս մը կ'ընէ որ Ռոքսիին հարցով կարելի եղած չափով մեծ թիւով մարդիկ հետաքրքրուին: Անոր պատմութիւնը մեծ արձագանգ կը գտնէ մամուլի ճամբով եւ Ռոքսիին երազը վերջապէս կ'իրականանայ եւ ան կը դառնայ հանրայայտ դէմք մը:

Ռոքսին եւ Պիլին միասին կը քննարկեն գործին մանրամասնութիւնները. անոնք պատրաստ են ամէն ինչ զոհելու, միայն թէ դատավճիռը ըլլար յօգուտ Ռոքսիի: Ռոքսիին դատէն քանի մը օր առաջ կախաղան կը բարձրանայ կալանաւորներէն մին՝ Քաթալինա Հելինսքին: Վերջինիս մահապատիժէն ետք Ռոքսին աւելի վճռական կը տրամադրուի ամէն գնով խուսափելու նման ճակատագիրէ մը:

Դերերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հերոսներ Դերակատարներ
Ռոքսի Հարթ (Roxie Hart) Ռընէ Զելուէկըր ( Renée Zellweger)
Վելմա Քելլի (Velma Kelly) Քեթրին Զեթա-Ճոնզ ( Catherine Zeta-Jones)
Էյմոս Հարթ (Amos Hart) Ճոն Քրիսթոֆըր Ռեյլի (John C. Reilly)
Պիլի Ֆլին (Billy Flynn) Ռիչըրտ Կիր (Richard Gere)
Մէյթրըն «Մամա» Մորթոն (Matron «Mama» Morton) Քուին Լաթիֆա (Queen Latifah)
Ֆրետ Քէյսլի (Fred Casely) Տոմինիք Ուեսթ (Dominique West)
Քաթալին «Հունգարուհի» Հելինսքի (Katalin «The Hunyak» Helinszki) Էքաթերինա Շչելքանովա (Ekaterina Chtchelkanova)
Մերի Սանշայն (Mary Sunshine) Քրիսթին Պարանսքի (Christine Baranski)
Քիթի Պախթըր (Kitty Baxter) Լիւսի Լիու (Lucy Liu)

Երաժշտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «And All That Jazz» - Վելմա Քելլի եւ թատրոնի դերասաններ
  • «Funny Honey» - Ռոքսի Հարթ
  • «When You’re Good to Mama» - «Մամա» Մորթոն
  • «Cell Block Tango» - Վելմա Քելլի, Մոնա եւ ուրիշներ
  • «All I Care About» - Պիլի Ֆլին
  • «We Both Reached for the Gun» - Պիլի, Ռոքսի, Մերի Սանշայն եւ այլ լրագրողներ
  • «Roxie» - Ռոքսի
  • «I Can’t Do It Alone» - Վելմա Քելլի
  • «Mister Cellophane» - Էյմոս Հարթ
  • «Razzle Dazzle» - Պիլի եւ ուրիշներ
  • «Class» - Վելմա Քելլի եւ Մամա[1]
  • «Nowadays» - Ռոքսի
  • «Nowadays / Hot Honey Rag» - Ռոքսի եւ Վելմա Քելլի
  • «I Move On» - Ռոքսի եւ Վելմա Քելլի

Եղանակներուն հաւաքածոն 2004-ին արժանացած է Կրեմմի մրցանակին։

Փաստեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Շիքակօ»ն, որուն շահոյթը ԱՄՆ-ի մէջ գերազանցած է 171 միլիոն տոլարը, դարձած է Miramax ընկերութեան ամէնէն յաջող ժապաւէնը։
  • «Շիքակօ» թատրերգութիւնը, որուն հիման վրայ գրուած է ժապաւէնին երաժշտութիւնը, նուիրուած է մեծ աղմուկ բարձրացուցած այն երկու սպանութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած էին Շիքակոյի մէջ, 1924-ին: Մորին Տալլաս Ուոթքինզ, դարձած է մանրախնդիր լրագրող Մերի Սանշայն հերոսին նախատիպը:
  • Եղանակի լուսաւորման իրաւունքը գնած էր արտադրող Մարթին Ռիչարտս, 1970-ական թուականներուն: Սկիզբը ֆիլմին ղեկավարը պիտի ըլլար Պոպ Ֆոսը, իսկ գլխաւոր դերերով հանդէս պիտի գային Կոլտի Հռունը, Լայզա Մինելլին եւ Ֆրենք Սինաթրան: Սակայն 1989-ին նախագիծը չէ իրականացուած, Պոպ Ֆոսի մահուան պատճառով:
  • Երաժշտութեան նկարահանման առաջին փորձը Miramax-ի կողմէ կատարուած է 1994-ին, սակայն ձախողութեան մատնուած է։ Աշխատանքի ընթացքին դիպաշարը վերափոխուած է եօթը անգամ, ժապաւէնին նկարահանման աշխատանքները գլխաւորելէ յաջորդաբար հրաժարած են Միլոշ Ֆորմանը, Հըրպըրթ Ռոսը եւ Պազ Լուրմանը։

Մրցանակներ եւ Անուանակարգեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մրցանակ Անուանակարգ Անուն Արդիւնք
Օսքար[2][3] Լաւագոյն ժապաւէն Մարթին Ռիչըրտս Յաղթած
Լաւագոյն ղեկավար Ռոպ Մարշալ Առաջադրուած
Լաւագոյն դերասանուհի Ռընէ Զելուէկըր Առաջադրուած
Երկրորդ ծրագիրի լաւագոյն դերասան Ճոն Քրիսթոֆըր Ռէյլի Առաջադրուած
Երկրորդ ծրագիրի լաւագոյն դերասանուհի Քուին Լաթիֆա Առաջադրուած
Քեթրին Զեթա-Ճոնզ Յաղթած
Լաւագոյն մշակուած դիպաշար Պիլ Քոնտըն Առաջադրուած
Լաւագոյն նկարահանում Տիոն Պիպի Առաջադրուած
Լաւագոյն բեմադրող նկարիչ Ճոն Մայըր, Կորըն Սիմ Յաղթած
Հանդերձանքի լաւագոյն ձեւաւորում Քոլին Էտուուտ Յաղթած
Լաւագոյն մշակում Մարթին Ուոլշ Յաղթած
Լաւագոյն ձայն Մայքլ Մինկըր, Տոմինիք Տավելիա, Տէյվիտ Լի Յաղթած
Լաւագոյն երգ Տենի ԷԼֆման, Ճոն Քանտըր, Ֆրետ Էպպ («I Move On») Առաջադրուած
BAFTA[4] Լաւագոյն ֆիլմ Մարթին Ռիչըրտս Առաջադրուած
Լաւագոյն ղեկավար Ռոպ Մարշալ Առաջադրուած
Լաւագոյն դերասանուհի Ռընէ Զելուէկըր Առաջադրուած
Երկրորդ ծրագիրի լաւագոյն դերասանուհի Քուին Լաթիֆա Առաջադրուած
Քեթրին Զեթա-Ճոնզ Յաղթած
Լաւագոյն նկարահանում Տիոն Պիպի Առաջադրուած
Բեմադրող նկարիչի լաւագոյն աշխատանք Ճոն Մայր Առաջադրուած
Հագուստի լաւագոյն ձեւ Քոլին Էտուուտ Առաջադրուած
Լաւագոյն մշակում Մարթին Ուոլշ Առաջադրուած
Լաւագոյն դիմայարդարում Ճորտըն Սեմուէլ, Ճուտի Քուփըր-Սիլի Առաջադրուած
Լաւագոյն երաժշտութիւն Տենի Էլֆման, Ճոն Քենտըր, Ֆրետ Էպպ Առաջադրուած
Լաւագոյն ձայն Մայքլ Մինքլըր, Տոմինիք Տավելիա, Տէյվիտ Լի, Մորիս Շել Յաղթած
Ոսկեայ գնդակ[5] Լաւագոյն ժապաւէն՝ կատակերգութիւն կամ եղանակ Յաղթած
Լաւագոյն ղեկավար Ռոպ Մարշալ Առաջադրուած
Լաւագոյն դերասան Ռիչըրտ Կիր Յաղթած
Լաւագոյն դերասանուհի Ռընէ Զելուէկըր Յաղթած
Քեթրին Զեթա-Ճոնզ Առաջադրուած
Երկրորդ ծրագիրի լաւագոյն դերասան Ճոն Ռեյլի Առաջադրուած
Երկրորդ ծրագիրի լաւագոյն դերասանուհի Քուին Լաթիֆա Առաջադրուած
Լաւագոյն դիպաշար Պիլ Քոնտըն Առաջադրուած
ԱՄՆ դերասաններու մրցանակ[6] Լաւագոյն դերասանական կազմ Յաղթած
Լաւագոյն դերասան Ռիչըրտ Կիր Առաջադրուած
Լաւագոյն դերասանուհի Ռընէ Զելուէկըր Յաղթած
Երկրորդ ծրագիրի լաւագոյն դերասանուհի Քուին Լաթիֆա Առաջադրուած
Քեթրին Զեթա-Ճոնզ Յաղթած
Կրեմմի Լաւագոյն երգ՝ գրուած ժապաւէնի կամ հեռատեսիլի համար Ճոն Կանթըր, Ֆրետ Էպպ («I Move On») Առաջադրուած
ժապաւէնի կամ հեռատեսիլի համար գրուած եղանակներու լաւագոյն հաւաքածոյ Ռենտի Սպենդլաւ, Ռիք Ուէյք, Ժոէլ Մոս, Տեն Հետցել Յաղթած

Ծանօագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Երգը առնուած է ժապաւէնէն, սակայն իբրեւ յաւելուած՝ արձանագրուած է նաեւ ձայնասկաւառակով:
  2. «The 75th Academy Awards (2003) Nominees and Winners»։ oscars.org։ արտագրուած է՝ 2011-11-20 
  3. «The 2003 Oscar Winners»։ Ropeofsilicon.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-08-06-ին։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 10, 2009 
  4. «Awards Database - The BAFTA site»։ Bafta.org։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 10, 2009 
  5. «The 2003 Golden Globe Award Winners»։ Ropeofsilicon.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-12-08-ին։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 10, 2009 
  6. «The 2003 Screen Actors Guild Award Winners»։ Ropeofsilicon.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-01-22-ին։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 10, 2009