Շաքարախտ

Շաքարախտը խորհրդանշող կապոյտ օղակը

Շաքարախտը (լատ.՝ diabetes mellītus) 5-րդ դարէն ի վէր ծանօթ է բժշկութեան: Սուսրութեայի ձեռագրին մէջ հնդիկ բժիշկը յիշած է հիւանդութեան կարեւոր նշանները եւ անուանած է զայն «մեղրով մէզ»: Միջնադարուն քրիստոնեայ եւ արաբ բժիշկներ ալ ուսումնասիրած են շաքարախտը, բայց միայն 1922-ին է, որ բժշկութիւնը պայքարի զօրաւոր զէնք մը ունեցաւ այս հիւանդութեան դէմ, երբ Պանտինկ ըրաւ էնսիւլինի (insulin) գիւտը:

Հիւանդութեան բնոյթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պանկրէաս (pancreas) կոչուած մարդուն մարմնին ներքին գործարանը կ'արտադրէ հիւթ մը (hormone) էնսիւլին (insulin) անունով, որ ջրաբնածխային նիւթերը կը վերածէ շաքարի: Բնական պայմաններու մէջ այդ շաքարը կ'ամբարուի լեարդին եւ մկաններուն մէջ, իսկ արեան շաքարի քանակութիւնը կը մնայ միշտ անփոփոխ (0,90 օ/օօ-1,10 օ/օօ համեմատութեամբ): Որեւէ պատճառով, երբ էնսիւլինի արտադրութիւնը պակսի՝ ջրաբնածխային նիւթերու ձեւափոխութիւնը կը խանգարուի եւ շաքարի համեմատութիւնը կ'աւելնայ արեան մէջ: Երբ այդ համեմատութիւնը 1,60-1,70 օ/օօ-ի հասնի՝ շաքարը երեւան կու գայ նաեւ մէզին մէջ:

Հիւանդութեան պատճառները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շաքարախտը կրնայ ըլլալ ի ծնէ եւ կամ հետեւանք՝ կարք մը հիւանդութեան եւ արկածներու:

Առաջին պարագային մեծ դեր կը խաղան ցեղաբանական եւ ժառանգական ազդակները: Այսպէս, օրինակ, հրեաները շատ աւելի ենթակայ են շաքարախտի քան Ափրիկէի սեւամորթերը: Միացեալ Նահանգներու մէջ շաքարախտէ մեռնողներու թիւը հետզհետէ կ'աւելնայ եւ հիւանդութեան զոհ կ'երթան ճերմակամորթերը եւ սեւամորթերը հաւասարապէս: Շաքարախտաւորներու զաւակները, 25 առ 100 համեմատութեամբ, ենթակայ են շաքարախտի:

Շաքարախտը կրնայ նաեւ հետեւանքը ըլլալ այլ հիւանդութիւններու (օրինակ՝ Թիֆոյիտի), պանկրէասի կամ ուրիշ ներքին գործարանի մը խանգարման, յուզումներու, հոգերու, արկածի պատճառով գլուխի վրայ բացուած վէրքերու, եւն.:

Շաքարախտը նշմարելի է աւելի՝ գէրերու, նստակեաց կեանք վարողներու (խանութպան, պաշտօնեայ) եւ շատակերներու մօտ: Հարուստները աւելի ենթակայ են քան աղքատները: Թէեւ արիքոտներու հիւանդութիւն է, սակայն երբեմն փոքրերն ալ չեն խուսափիր անկէ:

Շաքարախտի ախտանշանները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շաքարախտաւոր մը, սկիզբը չ'անդրադառնար իր հիւանդութեան: Կը զգայ թէ կը նիհարնայ կը յոգնի շուտով՝ հակառակ լաւ ուտելուն եւ խմելուն: Մարմնին վրայ բացուող պատահական վէրքերը ուշ կ'ըսպիանան: Ակռաները կը փտին: Ջղային, մկանային ցաւեր եւ տեսողական գործարանները կը տկարանան: Յիշեալ մէկ կամ միւս անհանգստութեան համար երբ դիմէ բժիշկի, այս վերջինը յետ մանրակրկիտ քննութեան, կրնայ ախտաճանաչել շաքարախտը: Միայն արկածի հետեւանքով առաջած շաքարախտն է որ քանի մը օրուան մէջ ցոյց կու տայ հիւանդութեան բոլոր նշանները եւ շուտով կ'ախտաճանաչուի:

Շաքարախտաւորի մը մօտ կը գտնենք հետեւեալ յատկանշական անբնականոնութիւնները.

  • Անյագ ծարաւ.- Հիւանդը շատ ջուր կը խմէ: Սկիզբը՝ աւելի շատ: Դարմանումին հետ կրնայ նուազիլ, նոյնիսկ անհետանալ ծարաւի զգացումը:
  • Անկուշտ ախորժակ.- Նշան մը, որ միշտ ալ կը մնայ հիւանդին վրայ:
  • Առատ մէզ.- Հետեւանքը՝ առատ խմելուն: Պարզ շաքարախտաւոր մը կը միզէ օրական 2,5-3 լիթր: Կ'աւելնայ այս քանակը, երբ շաքարը աւելնայ արեան մէջ:
  • Շաքար՝ մէզին մէջ.- Լուրջ ախտանշան մը է երբ 24 ժամուան ընթացքին 30 կրամ շաքար գտնուի հիւանդին մէզին մէջ: Այս քանակութիւնը կրնայ բարձրանալ, հասնիլ 1000 կրամի: Մէզի մէջի շաքարի քանակը ենթակայ է փոփոխութիւններու: Կրնայ պակսիլ, նոյնիսկ անհետանալ, սակայն չի նշանակեր թէ դարմանուած է հիւանդութիւնը: Այս փոփոխութիւնները կախում ունին առաւելաբար սննդառութենէն:
  • Շաքար՝ արեան մէջ.- Առողջ մարդու մը արեան մէջ շաքար կայ 0,90 օ/օօ համեմատութեամբ, եւ անփոփոխ կերպով: Շաքարախտի պարագային այս քանակը կրնայ հասնիլ 2 օ/օօ համեմատութեան:

Էնսիւլինի սրսկումներու ազդեցութեան տակ կրնայ շաքարը իր բնական քանակին իջնել՝ թէ մէզին եւ թէ արեան մէջ:

Շաքարախտի հետեւանքները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ լաւ չի խնամուիր շաքարախտը, երեւան կու գան անխուսափելի բարդութիւններ:

  • Շաքարախտի քնատութիւն (coma).- Ամէնէն սարսափելի եւ անմիջական վտանգը, որ կը սպառնայ շաքարախտաւորին: Հետեւանք՝ արեան մէջ ասեթոններու կուտակումին եւ ալքալէն նիւթերու նուազումին: Հիւանդը կ'ունենայ սրտխառնուք, փսխունք, դժուար շնջառութիւն, ստամոքսի ցաւեր, ուժաթափութիւն: 12 ժամէն կը տանի հիւանդը, եթէ անմիջական դարմանումը ուշանայ:
  • Քաղցկեղ (կանկրէն) եւ թոքի վէրքեր:
  • Ջղային ցաւեր, տեսողութեան տկարութիւն, նոյնիսկ կուրութիւն:
  • Սէռային գործարաններու սկարութիւն:
  • Բարդութիւններ՝ սրտի, լեարդի եւ այլ գործարաններու վրայ:

Շաքարախտի դարմանումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էնսիւլինի ասեղներ

Շաքարախտի տեսակները շատ են: Թեթեւ տեսակները կը հանդուրժուին բնական կեանքի մէջ եւ մինչեւ խոր ծերութիւն կ'ապրեցնէն ենթական, եթէ կատարէ ան՝ անհրաժեշտ փոքր խնամքները: Ծանր տեսակի շաքարախտ ունեցողներն ալ, թէեւ արմատապէս չեն բուժուիր, սակայն կրնան շատ բնական կեանք մը վարել այսօր՝ շնորհիւ երկու միջոցներու,- սննդառութեան սեղմումներու եւ էնսիւլինի սրսկումներու:

Վերջերս Պերլինի յայտնի բժիշկներէն Ֆրանք, Ֆուշ, Աքէլիս եւ ուրիշներ գտած եւ փորձած են սիւլֆամիտի (Sulfamid) նոր տեսակ մը՝ B Z 55 անունով, որ մեծ յոյսեր կը ներշնչէ շաքարախտի հիմնական բուժման մէջ:

Էնսիւլինի գործածութիւնը
  • Սննդառութեան սեղումներ.- Էնսիւլինի գիւտէն առաջ՝ միակ այս զէնքով բժշկութիւնը կը պայքարէր շաքարախտի դէմ: Այսօր ալ ան կը մնայ հատու զէնք մը եւ երբեմն մինակը կը բաւէ դարմանելու համար հիւանդը: Ինչպէս յայտնի է՝ սննդառութիւնը մարմնին կ'ապահովէ անհրաժեշտ ջերմուժը (calorie): Բնական կեանք մը ապրող առողջ մարդ մը պէտք ունի օրական 3000 միաւոր ջերմուժի: 3000 միաւորէն շատ աւելի պակաս ջերմուժ կը բաւէ շաքարախտաւորին: Այս նպատակով՝ ենթական քիչ պիտի ուտէ շատ ջերմուժ տուող ուտելիքներ (բրինձ, ոսպ, լուբիայ, եւ այլ ընդեղէններ): Ոչ տապկուած այլ խաշուած գետնախնյորը լաւագոյն սնունդն է: Պիտի գործածէ շաքարախտաւորներու մասնայատուկ հաց: Գինի կրնայ խմել պայմանաւ որ անոգշ գինի գինի չըլլայ: Կրնայ ուտել բանջարեղէն, որքան որ ուզէ, ինչպէս նաեւ առատ պտուղ:
  • Էնսիւլինի գործածութիւն.- Էնսիւլինի սրսկումներ կրայ կատարել տալ շաքարախտաւորը՝ բժիշկին խորհուրդը առնելէ վերջ միայն: Բժիշկը կը որոշէ տրուելիք էնսիւլինին տեսակն ու քանակը, այլապէս էնսիւլինի ինքնագլուխ գործածութիւնը կրնայ վտանգաւոր դառնալ հիւանդին համար:

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Տոքթ. Պարլէտ Լ. Մինասեան, Բժիշկ բժշկական եւ առողջապահական ամսաթերթ, Ա. տարի, Պէյրութ, 1955-1956, էջ 235-236-237: