Շաւօ Օտաճեան
Շավօ Օտաճեան | |
---|---|
Background information |
Շաւօ Օտաճեան (անգլերէն՝ Shavo Odajian, ծնած է 1974 Ապրիլ 22-ին Երեւանի մէջ, Հայաստան) հայ երաժիշտ է, ան յայտնի է որպէս հանրայայտ System of a Down խումբի պէյս կիթարիստ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շաւօ Ոտաճեան (անունն է՝ Շաւարշ) ծնած է 1974 Ապրիլ 22-ին Երեւանի մէջ, Հայաստան։ Պատանի ժամանակ Շաւօն շատ կը սիրէր զբաղիլ skateboard-ով եւ լսել պէնկ ռոք եւ հէվի մեդալ երաժշտութիւն։ Իր սիրած խումբերն էին՝ The Punk Angle, Dead Kennedys, KISS, Black Sabbath։ Դեռ երիտասարդ ժամանակ Շաւօն ծնողներուն հետ կը տեղափոխուի Իտալիա, այնուհետեւ՝ Լոս Անջելես։ Շաւոյին դաստիարակութեամբ կը զբաղուէր անոր տատիկը, սակայն անոր մահէն ետք, ինչպէս Շաւօն կ'ըսէ, ան կորսնցուց իր հաւատքը եւ դադարեցաւ առաջուայ պէս քնանալէն առաջ աղօթել։ Շաւօ Օտաճեանը ուսանած է այն նոյն դպրոցը, որտէղ ուսանած են Սերժ Թանքեանը եւ Տարօն Մալաքեանը, սակայն տարիքային տարբերութեան պատճառով դպրոցին մէջ իրար հետ ծանոթանալ չեն կրցած։
Շաւօ Օտաճեանը կ'աշխատէր պէնտին եւ կը նւագէր սեփական խումբէն, երբ օր մը ձայնագրութեան սդիտիոյին մէջ կը ծանոթանայ Սերժ Թանքեանի եւ Տարօն Մալաքեանին հետ։ Սկիզբէն Շաւօ Օտաճեանին կը նշանակէն Soil խումբին manager, իսկ 1995-ին ան կը դառնայ խումբին մշտական պէյս-կիթարիստ, իսկ խումբը այդ ժամանակ կը սկսի կոչուիլ System of a Down։ Խումբին հետ Շավարշ Օտաճեանը կը ձայնագրէ 5 ալբոմ՝ System Of A Down (1998), Toxicity (2001), Steal This Album! (2002), Mezmerize (2005), Hypnotize (2005), ինչպէս նաեւ հանդիսացավ System of a Down խումբին որոշ տեսահոլովակներու (Aerials, Toxicity, Question, Hypnotize) ռեժիսոր։
Դէռ 18 տարէկան հասակին, երբ դէռ չէր ձեւաւորուած System of a Down խումբը, Շաւօ Օտաճեանը դրուագաին դեր կը խաղար AC/DC խումբի Big Gun երգի տեսահոլուակին մէջ։
Շաւօ Օտաճեանը յայտնի լոսանճելըսեան DJ է՝ DJ Tactic անունով։ 2001-ի Մարտ 2-ին կը մասնակցի Rock/DJ Explosion իրադարձութեան, ինչպէս նաեւ կը համագործակցի Սէրժ Թանգեանի եւ հայ յայտնի երաժիշտ Արտօ Թունջպոյաճեանի հետ Serart պրոյեկտի շրջանակներում։
2001-ին Շաւօ Օտաճեանը դրուագային դէր կը խաղայ Zoolander ֆիլմին մէջ։
Հատկանշական է, որ Soil խումբին մէջ Շաւօ Օտաճեանը որոշ ժամանակ եղած է կիթառահար։ Ըստ անոր՝ ան պարզ ելեկտրական կիթառ ավելի լաւ կը նւագէ, քան պէյս կիթառ։ Պէյս կիթառ նւագելէն Շաւօն հիմնականին մէջ կ'օգտուի մեդիատոռից(pick), բայց երբեմն կը նւագէ նաեւ մատներով։
2005-ին Շաւօ Օտաճեանը կ'իրականացնէ իր երաժշտական պրոյեկտը՝ ստեղծելով Achozen էքսպերիմենտալ հիփ-հոփ խումբը, ուր ան կը նուագէ մինչեւ օրս։ Շաւօն Achozen խումբին երգիչն է եւ կիթառահարը։