Շարլ Կունօ
| Շարլ Կունօ ֆրանսերէն՝ Charles Gounod | |
|---|---|
|
| |
| Ծննդեան անուն | ֆրանսերէն՝ Charles-François Gounod |
| Ծնած է | 17 Յունիս 1818[1][2][3][…] |
| Ծննդավայր | Փարիզ[4] |
| Մահացած է | 18 Հոկտեմբեր 1893[2][5][6][…] (75 տարեկանին) |
| Մահուան վայր | Սեն Կլու[4][7] |
| Քաղաքացիութիւն |
|
| Մայրենի լեզու | Ֆրանսերէն |
| Ուսումնավայր | Փարիզի երաժշտանոց և Սեն Լուի Լիսէ ( lycée Saint-Louis) |
| Ազդուած է | Ֆաննի Մենդելսոն?[8] և Ֆելիքս Մենտելսոն[8] |
| Երկեր/Գլխաւոր գործ | Ֆաուստ?, Ռոմեո և Ջուլիետ? և Funeral March of a Marionette? |
| Տեսակ | օփերա, համանուագ, դասական երաժշտութիւն և օրատորիա? |
| Մասնագիտութիւն | Դասական երաժշտահան, երաժշտագէտ, երաժշտութեան ուսուցիչ, երգեհոնահար և երգահան |
| Վարած պաշտօններ | Կապելմայստեր? |
| Անդամութիւն | Գեղեցիկ Արուեստներու Ակադեմիա[9] |
| Ամուսին | Աննա Զիմերման?[10] |
| Ծնողներ | հայր՝ Ֆրանսուա-Լուի Գունո? |
| Երեխաներ | Jean Gounod? |
|
Ստորագրութիւն | |
Շարլ Կունօ (ֆրանսերէն՝ Charles Gounod, 17 Յունիս 1818[1][2][3][…], Փարիզ[4] - 18 Հոկտեմբեր 1893[2][5][6][…], Սեն Կլու[4][7]), ռոմանթիք դարաշրջանի ֆրանսացի երգահան, խմբավար եւ երգեհոնահար էր։ Ան գրած է տասներկու օփերա, որոնցմէ ամէնաժողովրդականը միշտ եղած է «Ֆաուսթ»-ը (1859)․ իր «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ» (1867) օփերան նոյնպէս կը մնայ միջազգային խաղացանկին մէջ։ Ան յօրինած է մեծ քանակութեամբ եկեղեցական երաժշտութիւն, բազմաթիւ երգեր եւ ժողովրդական կարճ կտորներ, ներառեալ իր «Աւէ Մարիա»-ն (Պախի գործի մը հիման վրայ մշակուած) եւ «Խամաճիկի մը յուղարկաւորութեան քայլերգը»։ Ֆրանսայի կաճառի անդամ՝ 1866 թուականէն։
Կենսագրական գիծեր[11]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Փարիզ՝ արուեստագէտներու եւ երաժիշտներու ընտանիքի մէջ։ Կունօ ուսանած է Փարիզի Երաժշտանոցին (Conservatoire de Paris) մէջ եւ շահած Ֆրանսայի ամէնահեղինակաւոր երաժշտական մրցանակը՝ «Հռոմի մրցանակ»-ը (Prix de Rome)։ Իր ուսումը զինք առաջնորդած է դէպի Իտալիա, Աւստրիա, ապա Փրուսիա (Գերմանիա), ուր հանդիպած է Ֆելիքս Մենտելսոնին, որուն ջատագովութիւնը Պախի երաժշտութեան հանդէպ՝ կանուխէն ազդեցութիւն ձգած է իր վրայ։ Ան խորապէս կրօնասէր էր, եւ Փարիզ վերադառնալէն ետք, կարճ ժամանակ մը մտածած է քահանայ դառնալու մասին։ Ան արտադրողական եղած է իր յօրինումներուն մէջ՝ գրելով եկեղեցական երաժշտութիւն, երգեր, նուագախմբային գործեր եւ օփերաներ։
Կունոյի ասպարէզը ընդհատուած է ֆրանս-փրուսական պատերազմին պատճառով։ 1870-ին, Փարիզի վրայ փրուսական յառաջխաղացումէն պատսպարուելու համար, ան իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Անգլիա։ 1871-ին խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք, իր ընտանիքը վերադարձած է Փարիզ, բայց ան մնացած է Լոնտոն՝ բնակելով սիրողական երգչուհի Ճորճինա Ուելտընի (Georgina Weldon) տան մէջ, որ դարձած է իր կեանքը տնօրինող (ղեկավարող) անձնաւորութիւնը։ Գրեթէ երեք տարի ետք, ան խզած է իր կապերը անոր հետ եւ վերադարձած Ֆրանսայի իր ընտանիքին քով։ Իր բացակայութիւնը եւ աւելի երիտասարդ ֆրանսացի երգահաններու յայտնութիւնը պատճառ դարձած են, որ ան այլեւս չգտնուի ֆրանսական երաժշտական կեանքի յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Թէեւ ան կը մնար յարգուած դէմք մը, սակայն իր կեանքի վերջին տարիներուն կը նկատուէր հնաոճ, եւ օփերային յաջողութիւնները զլացան իրեն։ Ան մահացած է 75 տարեկանին՝ Փարիզի մօտակայքը գտնուող Սան-Քլուի (Saint-Cloud) իր տան մէջ։
Կունոյի գործերէն միայն քիչերը կը մնան միջազգային կանոնաւոր խաղացանկին մէջ, բայց անոր ազդեցութիւնը յետագայ ֆրանսացի երգահաններուն վրայ զգալի եղած է։ Իր երաժշտութեան մէջ կայ ռոմանթիք զգացականութեան երակ մը, որ շարունակուած է Ժիւլ Մասնէի (Jules Massenet) եւ ուրիշներու օփերաներուն մէջ․ կայ նաեւ դասական զսպուածութեան ու վայելչութեան գիծ մը, որ ազդած է Կապրիէլ Ֆորէի (Gabriel Fauré) վրայ։ Քլոտ Տեպիւսին (Claude Debussy) գրած է, թէ Կունօ կը ներկայացնէր իր ժամանակաշրջանի ֆրանսական բուն զգայնութիւնը։
Երաժշտութիւն[12]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շարլ Կունօ ամէնէն աւելի ճանչցուած է իր օփերաներով, յատկապէս՝ «Ֆաուսթ»-ով։ Իր կենդանութեան շրջանին մեծ հռչակ վայելող Կունոյի կրօնական երաժշտութիւնը 20-րդ դարուն դուրս եկաւ նորաձեւութենէն, եւ անորմէ շատ քիչ բան կանոնաւոր կերպով կը լսուի։ Իր երգերը, որոնք կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած են յետագայ ֆրանսացի երգահաններուն վրայ, նուազ անտեսուած են, թէեւ անոնցմէ միայն քանի մը հատը լաւ ծանօթ են։ Մայքըլ Քենետի կը գրէ, թէ Կունոյի երաժշտութիւնը ունի «զգալի մեղեդային հմայք ու դիւրահաղորդութիւն՝ սքանչելի նուագախմբաւորումով»։ Ան կ'աւելցնէ, որ Կունօ «իրականութեան մէջ մեծ ու տպաւորիչ ձեւերու (ձեւաչափերու) վարպետ չէր, եւ այս առումով թերեւս կը հանդիսանար Սալիվընի ֆրանսական զուգահեռը»։
Մեկնաբաններու միջեւ լայն համաձայնութիւն կայ այն մասին, որ ան իր լաւագոյն մակարդակին վրայ գտնուած է աւելի յաճախ իր ասպարէզի առաջին տասնամեակներուն, քան թէ ետքը։ Ռոպըրթ Օրլէտճ կը դատէ, որ 1850-ական եւ 1860-ական թուականներուն Կունօ ֆրանսական օփերային մէջ ներմուծեց «քնքուշ, քնարական հմայքի, կատարեալ վարպետութեան եւ հարազատ երաժշտական կերպարաւորման» համադրութիւն մը, բայց անոր յետագայ գործերը հակամէտ եղան դէպի «զգացականութիւն եւ տափակութիւն... ներշնչուած պարզութեան իր որոնումներուն մէջ»։
Քուփըր կը գրէ, որ երբ Կունօ տարիքը առաւ, սկսաւ տառապիլ «այն նոյն cher grand maître (սիրելի մեծ վարպետ) բարդոյթէն, որ վարակած էր Հիւկոն եւ Թենիսընը»։ Հիւպնըր կը նկատէ, որ այն իրողութիւնը, թէ Կունոյի համբաւը սկսաւ նուազիլ նոյնիսկ իր կենդանութեան օրով, չի նուազեցներ անոր տեղը 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն Ֆրանսայի ամէնայարգուած եւ արտադրողական երգահաններու շարքին մէջ[13]։
Օփերաներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կունօ գրած է տասներկու օփերա՝ այդ ժամանակ Ֆրանսայի մէջ տիրապետող տարբեր ժանրերով։ «Սափօ»-ն (Sapho, 1851) opéra lyrique-ի (քնարական օփերա) կանուխ օրինակ մըն էր, որ աւելի փոքրածաւալ ու մտերիմ (ինթիմ) էր, քան grand opera-ն (մեծ օփերա), բայց ամբողջութեամբ երաժշտականացուած էր (through-composed)՝ առանց opéra comique-ին յատուկ խօսակցական երկխօսութիւններուն։ Պերլիոզ այս մասին գրած է․ «Խմբերգերուն մեծ մասը գտայ տպաւորիչ եւ շեշտադրումով պարզ․ ամբողջ երրորդ արարուածը ինծի շատ գեղեցիկ թուեցաւ․․․ Բայց առաջին արարուածի քառեակը, երկրորդ արարուածի երկեակն ու եռեակը, ուր գլխաւոր կերպարներուն կիրքերը կը պորթկան այդպիսի ուժգնութեամբ, բացարձակապէս խորշեցուցին զիս»։
Աւելի նոր ժամանակներու գրախօս մը կը նշէ Կունոյի «երաժշտական-դրամայի հանդէպ ունեցած հարազատ տաղանդը․․․ որ կը դրսեւորուի Առաջին արարուածի Քառեակին մէջ, ուր իւրաքանչիւր կերպար ունի անկախ բաժին՝ ստեղծելով ազդեցիկ հակակէտ (counterpoint) ինչպէս թատերական, այնպէս ալ երաժշտական առումով»։ Կունօ վերանայեցաւ այս գործը 1858-ին, եւ ապա աւելի արմատական կերպով՝ 1884-ին, բայց անիկա երբեք յաջողութիւն չգտաւ։ Այս գործէն միակ բաւականաւոր ճանչցուած կտորը՝ Սափոյի «O ma lyre immortelle»-ը («Ո՛վ իմ անմահ քնար»), հանդիսացաւ վերամշակումը երգի մը, որ ան յօրինած էր 1841-ին[14]։
«Արիւնոտ միանձնուհին» (La Nonne sanglante, 1854), որ «Սափօ»-էն աւելի մեծածաւալ գործ մըն էր, կը տառապի թատերակէն (libretto), զոր Հիւպնըր կը նկարագրէ որպէս «պատմաքաղաքական մեծ օփերայի եւ գերբնականի անյաջող խառնուրդ մը»։ Ան կը նկատէ, որ մեծ օփերայի (grand opera) աւանդութիւններուն համաձայն՝ անիկա կը ներառէ թափորներ, պալէներ, մեծ համոյթային (ensemble) կտորներ եւ «սիւժէ մը, ուր սիրային հետաքրքրութիւնը դրուած է քիչ թէ շատ յստակ գծուած պատմական ետնապատկերի մը վրայ»։ 2018-ին ազդարարելով այս գործի հազուադէպ վերաբեմադրութիւնը՝ Օփերա-Քոմիքը (Opéra-Comique) երաժշտութիւնը նկարագրեց որպէս «նրբացուած, մռայլ եւ բաւիղային (labyrinthine)»։ Գրախօս մը գովեց անոր «կորովն ու երեւակայութիւնը․․․ գունագեղ ու հարուածային երաժշտութիւնը, որ լաւապէս յարմարցուած է կացութիւններու սարսուռը արթնցնելու համար․․․ բաւականին հեշտալի՝ մեներգներուն (arias) մէջ (երաժշտական գործ մը, որ այսուհանդերձ կարելի է տեղ-տեղ բաւական ակադեմական գտնել)»[15]։
Քուփըր «Ակամայ բժիշկը» (Le Médecin malgré lui, 1858) կը դասէ Կունոյի լաւագոյն գործերու շարքին՝ որակելով զայն որպէս «սրամիտ, արագաշարժ եւ լեցուն կեանքով»։ Ի հակադրութիւն իր նախորդին, անիկա երեք արարուածով կատակերգութիւն մըն է, որ գլուխգործոց նկատուած է Ռիխարտ Շթրաուսի եւ Իկոր Սթրավինսքիի կողմէ։ Քուփըր երաժշտութեան մասին կը նշէ, թէ Կունօ կարծես թէ աւելի Մոցարթէն սորված է, քան՝ Ռոսինիէն կամ Օպէրէն, եւ «բնազդով կռահած է այն մեծ կատակերգական կարելիութիւնները, ինչ որ այդ ժամանակ կը նկատուէր կատաղիօրէն ‘ուսումնական’ ոճ, այսինքն՝ հակակէտը»։
Այս կտորը պահեց իր տեղը խաղացանկին մէջ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, բայց երբ Սերկէյ Տեագիլեւ վերակենդանացուց զայն 1924-ին, Կունօ արդէն դուրս եկած էր նորաձեւութենէն։ Սթրավինսքիի խօսքերով՝ «[Տեագիլեւի] երազանքը՝ Կունոյի ‘վերածնունդի’ մասին, ձախողեցաւ անտարբեր եւ սնոպ հասարակութեան պատճառով, որ չհամարձակեցաւ ծափահարել այնպիսի երգահանի մը երաժշտութիւնը, որ ընդունուած չէր յառաջապահներու (avant-garde) կողմէ»։ Իր այս վերաբեմադրութեան համար, Տեագիլեւ պատուիրեց Էրիք Սաթիին յօրինել չափաբերական խօսքեր (recitatives)՝ փոխարինելու համար բնագիր խօսակցական երկխօսութիւնները․ այս տարբերակը երբեմն կ'օգտագործուի գործի հազուադէպ ժամանակակից բեմադրութիւններուն մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Լորան Փելլիի (Laurent Pelly) կողմէ 2016-ին Ժընեւի Մեծ Թատրոնին (Grand Théâtre de Genève) մէջ ներկայացուածը[16]։
«Ֆաուսթ»-ը (Faust, 1859) հասարակութեան կողմէ սիրուեցաւ ո՛չ միայն իր մեղեդայնութեան, այլեւ իր բնականութեան պատճառով[17]։ Ի հակադրութիւն Կունոյի աւագ ժամանակակիցներուն կողմէ գրուած մեծ օփերաներուն՝ ինչպէս Մայըրպէյըրի (Meyerbeer) «Հիւկենոթները» (Les Huguenots) կամ Ռոսինիի «Ուիլիամ Թել»-ը (William Tell), «Ֆաուսթ»-ը՝ իր սկզբնական 1859-ի ձեւաչափով, կը պատմէ իր սիւժէն առանց ակնառու պալէներու, շքեղ բեմադրութեան, մեծ նուագախմբային ազդեցութիւններու կամ աւանդական թատերական յուզումներու։ Քուփըր կը գրէ․ ««Ֆաուսթ»-ի հմայքը կը կայանար իր բնականութեան, պարզութեան, ինչպէս նաեւ իր զգացական ազդեցութեան անկեղծութեան ու ուղղակիութեան մէջ»։ Հեղինակները «Ֆաուսթ»-ը կոչած են «քնարական դրամա», եւ որոշ մեկնաբաններ քնարական տեսարանները աւելի զօրաւոր կը գտնեն, քան թատերական եւ գերբնական տեսարանները[18]։
Այս գործի ամէնաճանչցուած կտորներէն են Մարկարիթի «Գոհարներու» երգը (Jewel song), Զինուորներու խմբերգը, Ֆաուսթի «Salut! Demeure chaste et pure» («Ողջո՛յն, բնակարան մաքուր եւ անարատ») մեներգը, ինչպէս նաեւ Մեֆիսթոֆելեսի «Le Veau d'or»-ը («Ոսկէ հորթը») եւ Սերենատը։ Մէկ այլ ժողովրդական երգ է Վալենթինի «Avant de quitter ces lieux»-ն, զոր Կունօ, բաւականին տատամսելով, գրեց Լոնտոնի առաջին բեմադրութեան համար, որովհետեւ աստղային պարիթոն Շարլ Սանթլին (Charles Santley) յաւելեալ կտոր մը խնդրած էր։ Երաժշտութեան ժողովրդական կտորներէն է նաեւ պալէի երաժշտութիւնը, որ գրուեցաւ, երբ Օփերան (ուր պալէի միջախաղը պարտադիր էր) իր վրայ վերցուց գործի ներկայացումը 1869-ին։ Պալէն լիովին կ'օգտագործէ Օփերայի նուագախմբային մեծ միջոցները․ անիկա այժմ յաճախ դուրս կը ձգուի կենդանի կատարումներու ժամանակ, յատկապէս Ֆրանսայէն դուրս գտնուող բեմադրութիւններուն մէջ, բայց պալէի սուիթը դարձաւ ժողովրդական համերգային կտոր՝ օփերայէն անկախ։ Չափաբերական խօսքերը (recitatives), որոնք ընդհանրապէս կ'օգտագործուին բնագիր խօսակցական երկխօսութիւններու փոխարէն, յօրինուած են Կունոյի կողմէ՝ երաժշտութեան կանուխ վերանայման մը ընթացքին։
Գրելով «Ֆիլեմոն եւ Պաքիս» (Philémon et Baucis) գործին մասին՝ Հիւպնըր կը նշէ, որ երաժշտութեան մէջ քիչ է թատերական շունչը, եւ կտորներուն մեծ մասը «զուտ զարդարանքի յաւելումներ են խօսակցական երկխօսութեան վրայ»։ Օփերա-Քոմիքի մէջ 1876-ի վերաբեմադրութեան համար, որ գործը հաստատեց այնտեղի խաղացանկին մէջ մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ, Կունօ զայն կրճատեց՝ վերածելով երկու արարուածի։ 1924-ին Տեագիլեւի կողմէ կատարուած վերաբեմադրութեան համար, երիտասարդ Ֆրանսիս Փուլենք (Francis Poulenc) յօրինեց չափաբերական խօսքեր՝ խօսակցական երկխօսութիւնը փոխարինելու համար։ Երաժշտական քննադատ Էնտրիւ Քլեմենց «Աղաւնին» (La Colombe) գործի մասին կը գրէ, թէ անիկա խորունկ գործ մը չէ, բայց «լեցուն է այնպիսի սիրաշահող մեղեդիներով, որոնք Կունօ կրնար այդքան ազդու կերպով արտադրել»։ Թէեւ «Սաբայի թագուհին» (La Reine de Saba) ձախողութիւն մըն էր, սակայն անիկա կը նախատեսէր երեք կտորներ, որոնք չափաւոր ժողովրդականութիւն շահեցան՝ Թագուհիին մեծ մեներգը՝ «Plus grand dans son obscurité», Սողոմոն թագաւորի «Sous les pieds d'une femme»-ը եւ թենորի մէնակատարումը՝ «Faiblesse de la race humaine»[19]։
«Միրէյ»-ը (Mireille, 1865) չափաւոր յաջողութիւն մը ունեցաւ, եւ թէեւ չկրկնեց «Ֆաուսթ»-ի փորձառութիւնը՝ դառնալով միջազգային յաջողութիւն, անիկա հանրածանօթ մնաց Ֆրանսայի մէջ մինչեւ 20-րդ դար։ Ամէնանշանաւոր կտորը՝ «O légère hirondelle» վալս-երգը, որ սիրելի ցուցադրական կտոր մըն է բազմաթիւ քոլորաթուրա (coloratura) սոփրանոներու համար, գրուած է «Թէաթր Լիրիք»-ի (Théâtre Lyrique) փրիմա տոննային պատուէրով՝ առաջին ներկայացումէն տարի մը ետք։ Մէկ այլ ժողովրդական կտոր է Ուրիասի գոռոզաբարոյ «Si les filles d'Arles»-ը, զոր քննադատ Փաթրիք Օ'Քոնոր նկարագրած է որպէս երգահանին փորձը՝ կրկնելու «Ֆաուսթ»-ի Մեֆիսթոֆելեսի «Ոսկէ հորթի» (Veau d'or) յաջողութիւնը։ Կունօ վերանայեցաւ գործը՝ նոյնիսկ անոր տալով երջանիկ աւարտ մը, բայց 1930-ականներուն Ռէյնալտօ Հան (Reynaldo Hahn) եւ Անրի Պիւսէր (Henri Büsser) նոր հրատարակութիւն մը պատրաստեցին Օփերա-Քոմիքի համար՝ վերականգնելով գործի սկզբնական ողբերգական հինգ արարուածները[20]։
Կունոյի վերջին յաջող օփերան եղաւ «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»-ը (Roméo et Juliette, 1867)։ Կուսթաւ Քոպէ հինգ տասնամեակ ետք գրեց, թէ այս գործը միշտ աւելի բարձր գնահատուած է Ֆրանսայի մէջ, քան՝ այլուր։ Ան նշեց, որ անիկա երբեք ժողովրդական չէ եղած Անգլիոյ մէջ, բացի երբ հանդիսացած է որպէս բեմահարթակ Ատելինա Փաթիի (Adelina Patti), ապա՝ Նելլի Մելպայի (Nellie Melba) համար, եւ որ Նիւ Եորքի մէջ անիկա կանոնաւոր կերպով ցուցադրուած է Մեթրոփոլիթըն Օփերայի (Metropolitan Opera) մէջ միայն այն ժամանակ, երբ անիկա կը գտնուէր Մորիս Կրոյի (Maurice Grau) տնօրինութեան տակ՝ 19-րդ դարու վերջաւորութեան։ Որոշ գրախօսներ անպատշաճ համարեցին, որ Ժիւլիէթին յատկացուած էր վալս-երգ մը («Je veux vivre, dans ce rêve»), բայց Ռոմէոյի «Ah! lève-toi, soleil»-ը դատուեցաւ որպէս Կունոյի թենորի լաւագոյն մեներգներէն մէկը։ Թէեւ անիկա երբեք այնքան ժողովրդական չեղաւ, որքան «Ֆաուսթ»-ը, «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»-ը կը շարունակէ պահել իր տեղը միջազգային բեմերուն վրայ։ Կունօ այլեւս որեւէ յաջողութիւն չունեցաւ նոր օփերաներով։ Իր երեք փորձերը՝ «Սեն-Մարս» (Cinq-Mars, 1877), «Փոլիէքթ» (Polyeucte, 1878) եւ «Սամորայի տուրքը» (Le Tribut de Zamora, 1881), բոլորն ալ խաղացանկէն հանուեցան կարճատեւ ներկայացումներէ ետք եւ անկէ ի վեր հազուադէպօրէն տեսնուած են։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 Encyclopædia Britannica: a dictionary of arts, sciences, literature and general information / H. Chisholm — 11 — New York, Cambridge, England: University Press, 1911.
- 1 2 3 4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- 1 2 Charles François Gounod — ministère de la Culture.
- 1 2 3 4 Archivio Storico Ricordi — 1808.
- 1 2 filmportal.de — 2005.
- 1 2 Brockhaus Enzyklopädie — F.A. Brockhaus, 1796.
- 1 2 մահվան վկայական
- 1 2 Grove Music Online — OUP.
- ↑ https://www.academiedesbeauxarts.fr/academiciens-depuis-1795?field_chair_target_id=106&field_election_date_value=&field_death_date_value=&year=
- ↑ http://roglo.eu/roglo?lang=en;p=charles;n=gounod;
- ↑ (անգլերեն) Charles Gounod, 2026-05-25, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Charles_Gounod&oldid=1356023091, վերցված է 2026-06-10
- ↑ (անգլերեն) Charles Gounod, 2026-05-25, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Charles_Gounod&oldid=1356023091, վերցված է 2026-06-10
- ↑ Huebner 2001
- ↑ (subscription, Wikilibrary access, or UK public library membership required) (subscription required)
- ↑ Ducq, Christine."La Nonne sanglante, un sombre divertissement à l'Opéra Comique", La Revue du spectacle, 12 June 2018.
- ↑ Bury, Laurent. "Miroirs de Gounod: Le Médecin malgré lui", Forum Opera, Le magazine du monde lyrique, 15 November 2017
- ↑ Cooper 1957, p. 145
- ↑ Holden, p. 145
- ↑ Steane, John. "Gounod: La Reine de Saba", Gramophone, Awards issue, 2002, pp. 103–104. Retrieved 28 November 2019 (subscription required)
- ↑ O'Connor, Patrick. "Gounod: Mireille", Gramophone, December 1992, p. 137. Retrieved 28 November 2019 (subscription required)