Շարժական Գրադարան

Շարժական գրադարան՝ Քոլումպիոյ մէջ
Շարժական գրադարան Ֆինլանտայի մէջ
Նաւ, որ սարքաւորուած է գրադարանի համար, Նորվեկիա

Շարժական գրադարան, դարակներով կամ ցուցապահարաններով սարքաւորուած փոխադրամիջոց՝ գիրքեր տեղափոխելու համար։

Փոքր եւ հեռաւոր բնակավայրերու համար շատ լաւ միջոց մըն է անիկա, ուր սովորական գրադարան ստեղծելը նպատակայարմար չէ։ Արեւմտեան երկիրներու մէջ շարժական գրադարանները երբեմն նախատեսուած էին հաշմանդամութիւն ունեցող այն անձերուն համար, որոնք տեղաշարժման դժուարութիւն ունէին։

Քենիոյ մէջ այս նպատակով բեռնակիր անասուններ կ'օգտագործեն, իսկ Վենեզուելայի մէջ գիրքերը դժուար անցանելի լեռնային շրջաններ կը տանին էշերու եւ ջորիներու վրայ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԱՄՆ-ի մէջ առաջին շարժողական գրադարանը ի յայտ եկած է 1904-ին (ըստ այլ տուեալներու՝ 1905 -ին) Մերիլենտ նահանգին մէջ։ Անոր հեղինակը Մերի Թիթկոմպն էր[1][2] (1857–1932)[3]։

Գերմանիոյ մէջ առաջին անգամ այսպիսի գրադարան մը ստեղծուած է 1920-ական թուականներուն Միւնիխի մէջ՝ փողոցի ինքնաշարժի մը վրայ։

1926-ին Վորմս քաղաքին գրադարանը հանրակառք մը պատրաստած է այս նպատակին համար։

Շարժուն գրադարանը Հայաստանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստան ունի նաեւ պիպլիոպիւս՝ շարժական գրադարան, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանին նուիրած է Ֆրանսան: Անիկա Հայաստան տեղափոխուած է Ֆրանսայի Վանտէ երկրամասէն: Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր ան կը շրջի բոլոր մարզերուն մէջ, փորձելով մարդոց մօտ հետաքրքրութիւն արթնցնել դէպի գիրքը: Պիպլիոպիւսը գիրքերով կահաւորուած յատուկ հանրաշարժ մըն է, որ ընթերցողներուն սպասարկում կը կատարէ ոչ-աւանդական եղանակով:

Գրադարանային առումով Երեւանի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ այգիներուն մէջ դրուած փոքրիկ գրադարակները: Այդ մէկը ստեղծուած է այն նպատակով, որ անցորդ մը կրնայ իր ուզած գիրքը վերցնել, բայց փոխարէնը գիրք մը պիտի աւելցնէ գրադարակին[4]:

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան դեսպանատան նիւթական օժանդակութեամբ, Շիրակի մարզային գրադարանը հանրակառք մը ունի, որ գրադարանի դեր ստանձնած է՝ մարզին տարբեր շրջաններուն մէջ:

Տես Նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. First bookmobile in the country Archived 2016-02-20 at the Wayback Machine. (անգլերէն)
  2. «The first county bookmobile in the US, Western Maryland Regional Library»։ whilbr.org 
  3. Joanne E. Passet (1994)։ «Itinerating Libraries»։ in Wayne A. Wiegand and Donald G. Davis։ Encyclopedia of Library History։ Taylor & Francis։ էջեր 315–317։ ISBN 978-0-8240-5787-9 
  4. Շարժուն գրադարանը Հայաստանի մէջ

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]