Jump to content

Նոր-պղատոնականութեան Դպրոց

Նկարիչ` Ռաֆայէլլօ Սանթի

Նոր-պղատոնականութիւն, հին փիլիսոփայութեան վերջին մեծ ուղղութիւնը, ստրկատիրութեան քայքայման եւ աւատատիրական սկզբնաւորման դարաշրջանին (Գ.-Զ. դարերու) իտէալիստական հոսանք[1]։

Նոր-պղատոնականութիւնը հաղորդած է խորհրդաւոր բնոյթ՝ միախառնելով Արիստոտէլի, փիթակորասականութեան եւ Արեւելքի խորհրդապաշտական ուսմունքներու շարք մը գաղափարներ։

Նոր-պղատոնականութեան հիմնադիրը Փլոթինն է[2], զայն զարգացուցած են Փորֆիւրին, Ցամբլիքոսը եւ Փրոկլէսը։

Բաժնուած է հռոմէական-աթենական, սուրիական եւ ալեքսանտրեան դպրոցներու։ Պարտութիւն կրած է միաստուածութեան դէմ պայքարին մէջ։

Նոր-պղատոնականութեան մէջ հիմնականը Փլոթինի եռեակի՝ «միասնականի», «միտքի» եւ «հոգիի» մասին ուսմունքի մշակումն է։ Կեցութեան աղբիւրը «միասնականն» է («առաջնամիակը»)՝ աստուածը։ Անոր մէջ գտնուող «միտքի», «հոգիի», «տիեզերքի» եւ «նիւթի» կեցութիւնները «միասնականի» ճառագայթումի տարբեր աստիճաններն են, անոր լոյսին հետզհետէ նուազող դրսեւորումները։ Այդ արտազեղման ընթացքին տեղի կ'ունենայ կեցութեան բազմապատկում, որ վերջին աստիճանին հանդէս կու գայ իբրեւ նիւթական աշխարհ, բացարձակ հոգեւոր կեցութեան այլակեցութիւն՝ «խաւար»։ Մարդկային հոգիները, որոնք համաշխարհային անմահ հոգիի մասնիկներն են, սկիզբ կու տան մարդոց մարմիններուն։ Յետ մահու հոգիները կը վերաբնակին այլ մարմիններու մէջ։

Նոր-պղատոնականութեան իմացաբանութիւնը կը պարունակէ Պղատոնի եւ Արիստոտէլի բանավէճերու տարրեր եւ ունի բանականապաշտական բնոյթ։ Իմաստութիւնը համարուած է ընդհանրացման արուեստ։

Նոր-Պղատոնականները զբաղած են Պղատոնի եւ Արիստոտէլի երկերու մեկնաբանութիւններով, բնափիլիսոփայութեան, թուաբանութեան եւ տրամաբանութեան հարցերով։ Նոր-պղատոնականութիւնը նպաստած է քրիստոնէական, ինչպէս նաեւ Միջնադարու առաջաւոր փիլիսոփայութեան ձեւաւորման։ Նոր-պղատոնականութեան ըմբռնումները օգտագործած են Վերածննդեան շարք մը մտածողներ։

Հայ փիլիսոփայութեան մէջ Նոր-պղատոնականութիւնը խաղացած է կարեւոր դեր, եղած է հին գիտութեան աւանդներ կրողը։ Նոր-պղատոնականութեան մեծ ներկայացուցիչ է Դաւիթ Անյաղթը։ Նոր-պղատոնականութեան գաղափարներու տարածման նպաստած են Նեմեսիոս Եմեսացիի, Գրիգոր Նիւսացիի եւ Դիոնիսիոս Արեոպագացիին վերագրուած երկերու՝ Ստեփանոս Սիւնեցիին թարգմանութիւնները։ Նոր-պղատոնականութեան գաղափարները արտայայտուած են նաեւ Գրիգոր Նարեկացիի աշխարհայեացքին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]