Jump to content

Նորա Պայրագտարեան

Նորա Պայրագտարեան
Մասնագիտութիւն գրագէտ և քաղաքագէտ
Վարած պաշտօններ Minister of Youth and Sports of Lebanon?

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան (արաբերէն՝ نورا بيرقداريان‎, ), Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հայ նախարար։

21 Յունիս 2018-ին Լիբանանեան համալսարանի Կեդրոնական խորհուրդի թիւ 989/13 որոշումով եւ համալսարանի նախագահ փրոֆ. Ֆուատ Այուպի ստորագրութեամբ, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան ստացած է փրոֆեսէօրի աստիճան` դառնալով առաջին հայ դասախօսը, որ Լիբանանեան համալսարանի Իրաւաբանութեան եւ քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքէն կը ստանայ այս աստիճանը[1]:

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանեան համալսարանին մէջ իրաւաբանութեան եւ քաղաքական ու վարչագիտական գիտութիւններու կաճառի դասախօս է ու բաժանմունքի տնօրէն, նաեւ կը դասախօսէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ:

2004 թուականին Ֆրանսայի Սորպոնի համալսարանէն ստացած է դոկտորականի աստիճան, իսկ 2018 թուականին` փրոֆեսէօրի աստիճան Լիբանանեան համալսարանէն: Անդամ է Լիբանանեան համալսարանի Դոկտորական աստիճանի բարձրագոյն հիմնարկի միջազգային յանձնախումբին եւ համակարգող` Քաղաքական գիտութիւններու յանձնախումբի:

Ան մինչեւ 2020 թուական աշխատած է Սպայից վարժարանին մէջ` իբրեւ դասախօս եւ քաղաքական գիտութիւններու համակարգող:

Պայրագտարեան Լիբանանի մէջ Տնտեսական ու ընկերային խորհուրդի անդամ է, եւ ներկայ տնտեսական, ընկերային ու կենսոլորտային խորհուրդին մէջ` գիտութեան, ճարտարագիտութեան ու նորարարութեան յանձնախումբի նախագահ:

Ան անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի եւ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած է շարք մը միջազգային հարթակներու վրայ, մասնաւորաբար` Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդին մէջ[2]:

Վերջերս ընտրուած է Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդին մէջ Միջազգային հարցերու յանձնախումբի համանախագահ: Նախապէս անդամ էր Ժընեւի մէջ Կեդրոնական յանձնախումբին:

Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային ու տեղական խորհրդաժողովներու` հիմնականին մէջ դասախօսելով միջազգային կառավարման, արդի միջազգային հարցերու եւ Լիբանանի առնչուող շարք մը նիւթերու շուրջ:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, որոնց շարքին են «Լիբանանը ներքին կայունութեան ու շրջանային անվտանգութեան միջեւ», «Արտաքին քաղաքականութիւնն ու ներքին քաղաքականութիւնը» գիրքերը, ինչպէս նաեւ` արաբերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով բազմաթիւ միջազգային հետազօտութիւններու եւ յօդուածներու:

Ամուսնացած է Էտի Գապագեանի հետ եւ ունի որդի մը` Քրիստափոր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ «Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան Կը Ստանայ Փրոֆեսէօրի Աստիճան` Լիբան»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2018-06-30։ արտագրուած է՝ 2026-04-20
  2. ↑ «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՆԱԽԱՐԱՐ ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ»։ Գանձասար (անգլերեն)։ 2025-02-08։ արտագրուած է՝ 2026-04-20