Jump to content

Նորայր Պողարեան

Նորայր Պողարեան
Ծնած է 17 Յունուար 1904(1904-01-17)[1]
Ծննդավայր Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 19 Դեկտեմբեր 1996(1996-12-19) (92 տարեկանին)
Մահուան վայր Երուսաղէմ
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն ձեռագրագետ և բանասէր

Նորայր Արք․ Պողարեան (17 Յունուար 1904(1904-01-17)[1], Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 19 Դեկտեմբեր 1996(1996-12-19), Երուսաղէմ), հայ ձեռագրագէտ, բանասէր, հայագէտ եւ մանկավարժ։ Գրչանունները՝ Ծովական, Վանատուր[2]։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Այնթապ։ Ան որդին էր Գարեգին Աւագ Քհնյ. Պողարեանի, Երուսաղէմ ընդունուած է, իբրեւ ժառանգաւոր Եղիշէ Դուրեան մեծանուն Պատրիարքի օրով, որմէ ստացած է սարկաւագի եւ կուսակրօն քահանայի կարգերը, Պատրիարքի շունչին տակ եւ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանի ուսուցչութեան ներքեւ աւարտելէ ետք իր ուսման շրջանը։

1928-ին Նորայր Պողարեան եւ Տիրան Ներսոյեան Այնթապցի զոյգը, Գարեգին Պողարեան եւ Ներսէս Թաւուքճեան աւագ քահանաներու արժանաւոր որդիները, կուսակրօն քահանայի կոչում եւ օծում ստացած են՝ Դուրեան Պատրիարքէն։

Երկուքը Անգլիա ուղեւոուած են՝ Պատրիարքի յանձնարարութեամբ, աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում ստանալու եւ ապա վանք վերադառնալու եւ լծուելու իրենց առաքելութեան։

Երուսաղէմ վերադառնալէ ետք, գրեթէ մինչեւ իր կեանքին վերջը, ծառայած է հո՛ն տեւաբար, բացի այն հինգ տարիներէն (1935-40), երբ Անթիլիասի դպրեվանքին տեսուչ նշանակուեր է` Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսին հրաւէրով ու Երուսաղէմի Գուշակեան պատրիարքին արտօնութեամբ: Այս միջանկեալ շրջանին վարած է միաժամանակ կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին խմբագրութիւնը, ինչպէս նաեւ հսկած է վախճանեալ Բաբգէն կաթողիկոսի «Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ» հսկայակազմ հատորին տպագրութեան (1939)[3]:

Երուսաղէմ վերադարձին, ձեռագրատան իր բեղմնաւոր տարիներու նուիրեալ աշխատանքէն ետք, 1951-ին, Միաբանական ժողովի ընտրութեամբ Սուրբ Էջմիածին մեկնած է՝ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալու Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Զ. Կաթողիկոսէն, օծակից ունենալով Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանը, Սուրէն Քեմհաճեան եւ Սահակ Տէր Յովհաննիսեան եպիսկոպոսները։

Անոր մնայուն եւ արդիւնաշատ աշխատանքը Երուսաղէմի «Ս. Թորոս» ձեռագրատան հայերէն ձեռագիրներու մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը եղած է, որ յանգեցած է «Մայր ցուցակ ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց» անուն 11 մեծադիր հատորներու հրատարակութեանց։

Ան սկսած է զանոնք հրատարակութեան յանձնել 1953 թուականէն սկսեալ Բ․ հատորով, որ շարունակութիւնը եղած է Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Սիւրմէեանի հատորին՝ հրատարակուած Ս. Ղազարի Մխիթարեան տպարանէն 1948-ին, որ կը բովանդակէր թիւ 1-140 ձեռագիրները։

Նորայր եպիսկոպոսի Բ․ հատորը ցուցակագրէած է թիւ 141-240 ձեռագիրները։ Յաջորդ հատոր մը 1960-ին, որ ընդգրկած է 560 յաւելեալ ձեռագիրներ եւս լրացնելով 700 գրչագիրներու ցուցակագրութիւնները։

Նորայր Եպիսկոպոս Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն գնահատուած է եւ 1973-ին արքեպիսկոպոսութեան բարձրացած։

Ձեռագրատան տեսչութիւնը վարած է 43 տարիներ խղճամիտ եւ բազմարդիւն կերպով, «Ցուցակներու» 11 յաջորդական հատորներու հրատարակութեամբ, նախ 3 հազար եւ ապա հազար մնացեալ ձեռագիր մատեանները նկարագրելով բոլոր հատորներուն մէջ, անմնացորդ աշխատութեամբ եւ անհատնում համբերութեամբ։

Նորայր Արքեպիսկոպոս Պողարեան կը հանդիսանայ գլուխը 20-րդ դարու հայ բանասիրութեան։

Առանձին արժէքաւոր գիրքերու հեղինակ եղած է Նորայր Արքեպիսկոպոս․

  • Յովհաննէս Թլկուրանցիի «Տաղագիրք»ը, 1958,
  • «Հայ գրողներ Ե.-ԺԷ. դար», 1971[4],
  • Գրիգոր Ակներցիի «Թաթարաց պատմութիւն»ը, 1974,
  • «Կնիք Հաւատոյ» հատորին քննական վերահրատարակութիւնը, 1974,
  • «Կանոնագիտութիւն եւ կրօնագիտութիւն», 1992,
  • «Վանատուր եւ Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատոյ Հանգանակներ»ը, 1993,
  • «Գրիգոր Նարեկացիի ներբողները», 1995,
  • «Գիրք Թղթոց»՝ ձեռագիրներու համեմատութեամբ, 1994, զոր իրագործեց իր վերջին օրերուն խնդրանքովը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 9 — հատոր 9. — է. 368.
  2. «Պողարեան Նորայր | armenianreligion.am»։ www.armenianreligion.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-18-ին։ արտագրուած է՝ 2025-07-17 
  3. «Յաւերժական Երուսաղէմ – 10. Տիւ Ու Գիշեր` Ձեռագրերու Մտերմութեան Մէջ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2018-12-11։ արտագրուած է՝ 2025-07-17 
  4. «Նորայր Պողարեան Archives»։ Եսայեան Միութիւն Yesayan Dernek (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-07-17 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։