Նովելներ (Երուխան)

Նովելներ պատմուածներ, հրատարակուած 1946-ին, Երեւան։ Հայ գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ եւ մանկավարժ՝ Երուխանի գրիչով։

Երուխանի «Նովելներ» գործը պատմուածներու փունջ մըն է, ուր ան կը պատկեցանէ խոնարհ մարդոց կեանքը՝ կենդանի եւ իւրայատուկ ձեւով։ Գլխաւոր կերպարներն են՝ ձկնորսները, հրշէջները, բեռնակիրները, գաղթականները եւ փողոցը թափառող որբերը, որոնք հանդէս կու գան իրանց պարզութեամբ եւ խեղճութեամբ։[1]
Երուխանի «Պապուկը», «Մարկոս աղբօր սէրը», «Ձուկին փոխարէն», «Սայլորդը», «Ձկնորսին սէրը» եւ «Սերինա» պատմուածքներուն մէջ ներկայացուած են տարբեր տեսակի սիրով զգացումներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛ունենայ տարբեր վախճան։ Կարմիր գիծի նման շեշտուած է այ, որ սիրահարուածները միշտ աղքատ դասակարգի կը պատկանին, իսկ սիրահարեալները՝ հարուստ։
Այս գիրքով Երուխան կը պատկերէ իր ժամանակաշրջանն ու յատկապէս համեստ դասակարգի ներկայացուցիչները, որոնց կը հակադրուին հարուստ դասակարգի պատկանողները։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամբողջական գործը Ուիքդարանին մէջ․ https://hy.wikisource.org/wiki/%D5%86%D5%B8%D5%BE%D5%A5%D5%AC%D5%B6%D5%A5%D6%80_(%D4%B5%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%AD%D5%A1%D5%B6)