Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան

Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան
Տեսակ հուշային թանգարան?
Երկիր  Արցախի Հանրապետութիւն
Տեղագրութիւն Ծաղկաշատ (Արցախ)
39°58′26″N 46°43′01″E / 39.9739°N 46.7169°E / 39.9739; 46.7169
Քարտէս
Քարտէս

Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան, ժողովրդական ճարտարապետութեան, ազգագրութեան եւ գիւղական կենցաղի թանգարան Դումանի ծննդավայր Արցախի Ղշլաղ գիւղին մէջ[1]։ Ընդգրկուած է Ծաղկաշատի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեղակայուած է Ասկերանի շրջանի Ծաղկաշատ գիւղին մէջ (Ղշլաղ), Ստեփանակերտ-Գանձասար մայրուղիի 22-րդ կիլոմեթրի վրայ։ Այն կը ներկայացնէ 19-րդ դարու բնակելի շինութիւններու համալիր, վերականգնուած է բնագրաբնոյթ նիւթերով։ Հիմնականին անոնք շինարարական արուեստագիտութեան լաւագոյն աւանդոյթները իրենց մէջ վերցուցած, փորագրուած փայտեայ պատշգամբներով, երկյարկանի տուներ են։ Պատշգամբներու փայտեայ ժանեակները, հմտօրէն փորագրութեամբ պատուած սիւներն ու փայտամածները կ՚առանձնանան իրենց անկրկնելիութեամբ։ Ազգագրական թաղամասի տարածքին մանրակրկիտ ճշտութեամբ ներկայացուած են ղարաբաղցիներու 19-րդ դարու կենցաղի ու կեանքի պայմանները։ Իրապաշտօրէն վերականգնուած է ներսի մասը, կահոյքը, տնտեսութեան եւ կենցաղի առարկաները, իրական նմուշներ՝ հաւաքուած շրջակայ գիւղերէն։

Ազգագրական թանգարանի տարածքին տեղակայուած 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարու սկիզբի հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական շարժման հերոսներէն մէկու՝ Նիկոլ Դումանի (Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեան) տուն-թանգարանը։ Տուն-թանգարանի դահլիճներէն մէկը նուիրուած է անոր կեանքին ու գործունէութեան։ Այստեղ կը ցուցադրուին քարտէզներ, հայերու ազատագրական շարժումը լուսաբանող գծագրեր, հայրենիքի ֆետայի պաշտպաններու սխրագործութիւնները։ Առանձին վահանակ տրամադրուած է 1905-1906 թուականներուն Պաքուի մէջ հայ-թաթարական ընդհարումներուն, երբ ի շնորհիւ Նիկոլ Դումանի բացառիկ ռազմական տաղանդին, բուռ մը վատ զինուած հայ կամաւորականներու յաջողութիւն արձանագրուեցաւ պաշտպանել Պաքու քաղաքի հայկական բնակչութեան, ներկայիս Ազրպէյճան մայրաքաղաքի քրիստոնէական մասը կողոպտած ազրպէյճանական մոլեռանդ ամբոխի մոլեգին յարձակումներէն։

Ցուցադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դահլիճին մէջ կը ցուցադրուի հայ ֆետայիներու օգտագործած 19-րդ դարու զէնքի իրական նմուշներ, այլ ռազմական պարագաներ։ Թանգարանի տարածքին վերականգնուած է համապատասխան դարաշրջանի տնտեսական կառոյցներ։ Յաճախորդները կրնան ոչ միայն տեսնել աւանդական թոնրատունը (հացի փուռ), այլեւ փորձած իրենց աչքի առջեւ նոր թխուած աւանդական ղարաբաղեան հաց՝ թոնիրի հաց եւ աւանդական մառանին մէջ (գինիի նկուղ) համտեսել տեղական գինիի տեսակներ եւ թութի օղի։

Գորգա-ջուլհականոցին մէջ կարելի է տեսնել թէ ինչպէս հնագոյն միջոցներով ժամանակակից ջուլհակագործները կը գործեն հիանալի ղարաբաղեան գորգեր։

Միջոցառումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազգագրական թաղամասի տարածքին յաճախ յայտնի խումբերու կողմէ կը կազմակերպուի աւանդական եւ դասական երաժշտութեամբ համերգներ։ Կը կազմակերպուին նաեւ Ղարաբաղի գիւղի 19-րդ դարու կեանքն ու կենցաղը ցուցադրող զգեստաւորուած ազգագրական ցուցարութիւններ։ Թանգարանը կ՚աշխատի առանց հանգստեան եւ տօն օրերու[2]։

Հասցէ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատկերասրահը կը գտնուի Արցախի Ասկերանի շրջանի Ծաղկաշատ գիւղին մէջ։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]