Jump to content

Նիգ

Նիգ, Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի 15-րդ գաւառը։

Նիգ գաւառի կեդրոնն էր Քասաղ աւանը (այժմ՝ քաղաք Ապարան)։ Տարածքով մօտաւորապէս կը համապատասխանէր ՀԽՍՀ հետեւեալ վարչական շրջաններուն. 1. Ապարանի շրջան, 2. Սպիտակի շրջան, 3. Վանաձորի շրջան կամ Գուգարքի շրջան, 4. Հրազդանի շրջանի հիւսիսային եւ արեւելեան մասերը, 5. Սեւանի շրջանի լճափնեայ մասերը, 6. Նայիրիի շրջան։ Մեծ Հայքի թագաւորութեան աւատականացման գործընթացին զուգընթաց, Նիգ գաւառէն անջատուած են Մազազ եւ Վարաժնունիք գաւառները։

Նիգ գաւառի տէրերն էին Գնթունիները, որոնք հայ նախարարական տոհմ էին։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Գնթունիներու նախարարութիւնը հաստատած է Հայոց աւանդական թագաւոր Վաղարշակը՝ Հայաստանի մէջ բնակուած քանանական ցեղի սերունդէն Ձեռես իշխանին կարգելով արքունիքի զգեստաւորման գործակալ։ Քանիդաս տոհմապետի գլխաւորութեամբ քանանացիներու ներգաղթի եւ Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելու մասին կը տեղեկացնեն նաեւ Պրոկոպիոս Կեսարացին եւ Ստեփանոս Տարօնեցին։ Ներսէս Լամբրոնացին Գնթունիներուն անուանում է քանանեդացիներ։ Սահակեան գահնամակին մէջ Գնթունիները դասուած են 21-րդ տեղը։ Հայոց բանակին տուած են 300 հեծեալ։ Մովսէս Խորենացին կը յիշատակէ Գնթունիներու նահապետ Զորային, Ղազար Փարպեցին՝Վարդանանց պատերազմին նահատակուած Տաճատ իշխանին Վահանանց կողմնակից Վառգոշին։ Գնթունիները հայ մատենագրութեան մէջ հետագայ դարերուն կը յիշուին որպէս հմուտ զինուորականներ։ Սմբատ Ա. թագաւորի ժամանակ (890-914 թթ.) Յովհաննէս Դրասխանակերտցին Գնթունիներէն կը յիշատակէ Հասան իշխանին՝ որպէս արքունի տան ամրոցի՝ Կարսի պահակազօրի հրամանատար, իսկ Աշոտ Բ. թագաւորի ժամանակ (914-929 թթ.)՝ Աշոտ եւ Վասակ իշխաններուն՝ որպէս Գուգարք նահանգի վերակացուներ եւ անոր Շամշուլտէ գլխաւոր ամրոցի բերդապահներ։ Գնթունիներու նախարարական տիրոյթի մասին տեղեկութիւնները կցկտուր են։ Տրդատ Գ. թագաւորը իր յունական արձանագրութեան մէջ յիշատակած է Գնթունիներու իշխաններէն մէկուն՝ Նիգ գաւառին մէջ կալուած պարգեւելու առիթով։ Ինչպէս նաեւ Ապարանի մէջ, Քասաղ գետի ափին, հին եկեղեցիի մը աւերակներուն մէջ պահպանուած Գնթունիներու իշխան Գրիգորի արձանագրութեան հիման վրայ կ'ենթադրուի, որ Նիգ գաւառը եղած է Գնթունիներու կալուածը։ Բնակուած են Գեղամայ լիճի հիւսիսային եզերքին։

Անուան Ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սերգեյ Ումառեանի կարծիքով, «Նիգ» գաւառին անունը յառաջացած է հնդեւրոպական (sneu) «նայ», «հոսել», «ջուր» նախահիմքէն։ (Sneu)-ն հայերու հնդեւրոպական նախնի տուհեր ցեղախումբի լեզուով տառադարձուած է (naj) կամ (new), որմէ ալ w>g, հնչիւնափոխութեամբ տեղանունը Neg>Nig, որ կը նշանակէ «ջրատեղ» կամ «ջրաշատ»։ Այս անունը թարգմանուած է պահլաւերէն abaran, Ապարան, նոյն բովանդակութեամբ՝ «ջրաշատ»։ Ըստ Ուռումեանի, Ապարան անունը բնաւ կապ չունի շինծու «ապարանք» բառի հետ[1]։

Պատմական Յիշարժան վայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիգ գաւառի պատմական յիշարժան վայրերէն էին.-

Կեչառիսը կամ Կեչարուքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղած էր գիւղ եւ բերդ: Կը գտնուի ՀՀ Ծաղկաձորի շրջանը: Վանքին կառոյցները լաւ վիճակի մէջ պահպանուած են: Կեչառիս վանքը հանդիսացած էր Հայաստանի նշանաւոր դպրոցներէն մէկը:

Առաջին անգամ յիշատակուած է Ղազար Փարպեցիի կողմէ: Եղած էր բերդ կամ ամրոց: Ժ. դարէն սկսեալ յիշատակուած է որպէս քաղաք: Ապա եղած է եպիսկոպոսանիստ:

  • Երեմեան Ս. Տ., «Հայաստանն ըստ «Աշխարհացոյց»-ի», Երեւան, 1963, էջ 72:
  • Ղեւոնդ Ալիշան, «Այրարատ», Վենետիկ։
  • Վիկտոր Պետրոսեանց /Տիգրան Պետրոսեանց/, «Նիգ-Ապարանի Պատմաճարտարապետական Յուշարձանները», Երեւան, 1988։
  • Բաբգէն Յարութիւնեան, «Մեծ Հայքի Վարչա-Քաղաքական Բաժանման Համակարգն Ըստ «Աշխարհացոյց»-ի», Մաս Ա., Երեւան, 2001 (մեծադիր քարտէզով)։
  • Բաբգէն Յարութիւնեան, «Հայաստանի Պատմութեան Ատլաս», Ա. մաս, Երեւան, 2004, 2005։
  • Բաբգէն Յարութիւնեան, «Հայաստանի Պատմութեան Ատլաս», Բ. մաս, Երեւան, 2008։
  • Բաբգէն Յարութիւնեան, «Հայաստանի Ազգային Ատլաս», Բ. մաս, Երեւան, 2008։
  • Դոկտ. Հուրի Ազէզեան, «Աշխարհագրութիւն», Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկ, Ա. Տարի, Հալէպ 2024: