Ներքին Ագուլիս
Ներքին Ագուլիս կամ Դաշտ կը գտնուի Վերին Ագուլիսէն քանի մը քիլոմեթր հարաւ, Ագուլիսի ձորին ստորոտը, հարթավայրային դիրքի վրայ:
Գիւղին հարաւային կողմը կը բարձրանայ Կոնգլաշ լերկ բլուրը, իսկ արեւմտեան կողմը`Կոճղնոց լեռը: Գիւղէն հիւսիս, մինչեւ Վերին Ագուլիս տարածուող գօտին այգիներով եւ պտղատու ծառաստաններով ծածկուած է: Իսկ Կոնգլաշի ստորոտէն հոսող եւ Վերին Ագուլիսէն եկող գետը Ներքին Ագուլիսի եւ Օրտուպատի միջեւ սահմանը կը կազմէ:
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ներքին Ագուլիս զուտ հայաբնակ էր. 1897-ի տուեալներով ունէր 200 տուն` 990 բնակիչ, իսկ 1904-ի տուեալներով՝ 739 բնակիչ:
Ներքին ագուլեցիք մեծ մասամբ հողագործութեամբ կը զբաղէին. կը մշակէին խաղող, խնձոր, տանձ, դեղձ, նուշ եւ այլ պտուղներ. անուանի էին յատկապէս քաղցրահամ սեխն ու ձմերուկը: Կը զբաղէին նաեւ շերամապահութեամբ, որ եկամուտի գլխաւոր աղբիւր էր: Կը պահէին նաեւ ընտանի կենդանիներ:
Եկեղեցիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին կը գտնուէր գիւղին հիւսիս-արեւմտեան կողմը. անոր հիւսիսային կողմը կը գտնուէր Ամառային եկեղեցին: Երկու եկեղեցիներուն միջեւ կային տապանաքարեր:
- Սուրբ Մինաս եկեղեցին կամ մատուռը կը գտնուէր գիւղին հարաւ-արեւելեան կողմը եւ փայտածածկ էր:
- Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կը գտնուէր Կոնգլաշ բլուրին ստորոտը եւ ուխտատեղի էր: Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին համաժողովրդական տօնախմբութիւն կը կատարուէր. այդ օր Վերին Ագուլիսէն եւս մեծ թիւով ուխտաւորներ կը մասնակցէին եկեղեցական արարողութեան: Տղաք եւ աղջիկներ Սուրբ Սարգիսի կ'ապաւինէին իրենց մուրազին հասնելու համար:
Շահ Աբասի օրերուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շահ Աբասի 1604-ի բռնագաղթին ժամանակ ներքին ագուլիցիներէն շատեր Պարսկաստան կը քշուին եւ Նոր Ջուղայի մէջ առանձին թաղի մը մէջ բնակութիւն կը հաստատեն:
Վաճառականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ներքին ագուլեցի շարք մը վաճառականներ կապեր ունէին Վենետիկի եւ Լիվոռնոյի հետ. անոնցմէ ոմանք բարեգործներ եղած են եւ նուիրատուութիւններ կատարած՝ Վենետիկի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ:
Նշանաւոր Ագուլեցիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոր Ջուղայի մէջ բնակութիւն հաստատած ներքին ագուլեցի ընտանիքէ սերած է մատենագիր եւ տաղասաց Ստեփանոս Դաշտեցի:
Ներգաղթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոր Ջուղայի մէջ բնակութիւն հաստատած ներքին ագուլեցիներուն մէկ մասը հետագային գիւղ կը վերադառնայ եւ աստիճանաբար կը վերաշինէ եւ կը շէնցնէ պապենական բնօրրանը: Իսկ մահտեսի Մելքոն Սէրեանի նուիրատուութեամբ գիւղին եկեղեցիները կը վերանորոգուին, ինչպէս նաեւ հեռաւոր լեռներու ընդերքէն գետնածածկ առուներով ջուր կը բերուի եւ շուկային կից աղբիւր մը կը կառուցուի:
Եարղուլեան ընտանիքի բարերարութեամբ կը վերակառուցուի Ամառնային եկեղեցին եւ Սուրբ Մեսրոպի մատուռը:
Վարդազարեան 1860-ին Մոսկուայէն բերել կու տայ շերամի բոժոժէն թել քաշելու մեքենայ, մեծապէս նպաստելով շերամապահութեան զարգացման եւ գիւղի բարգաւաճման: Անոնք իրենց գործարանին մէջ գործ կը հայթայթեն մեծ թիւով համագիւղացիներու: Վարդազարեան ընտանիքի ժառանգորդներէն Ստեփան Մոսկուայի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն կը ստանայ, իսկ եղբայրը` Փիլիպոս, Թիֆլիսի մէջ բնակութիւն հաստատելով «Մուրճ» ամսագիրի եւ «Հորիզոն» թերթի հրատարակութեան կը ձեռնարկէ եւ Զարդարեան ընտանիքին հետ կաշիի գործարան կը հիմնէ:
Յակոբ քահանայ Տէր Անդրէասեան երկար տարիներ իր հայրենի գիւղին մէջ կը ծառայէ իբրեւ հովիւ, ուսուցիչ եւ ժողովրդական բժիշկ: Ժողովրդանուէր հոգեւորական, ան շրջագայութիւններ կը կատարէ շրջակայ գիւղերը եւ իր խորհուրդներով կ'աշխատի օգտակար ըլլալ բոլորին: Միաժամանակ ան գրի կ'առնէ ծերունիներու պատմութիւնները եւ վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ ժողովրդական սովորութիւններ, երգեր եւ առակներ, բոլորն ալ տեղական զոկերէն բարբառով:
Ներքին Ագուլիսի բնակչութեան մէկ մասը կը կոտորուի 24-25 Դեկտեմբեր 1919-ին, իսկ մնացեալներն ալ կը հեռանան եւ գիւղը կ'անշքանայ[1]:
Հախնազարեաններու տոհմը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ագուլիսի մեծ եւ համբաւաւոր տոհմերէն են Հախնազարեանները: Անոնք մեծ առեւտրականներ էին եւ Աբէեաններուն հետ միասնաբար առեւտրական մեծ ընկերութիւններ հիմնած էին Մոսկուայի մէջ, որ մասնաճիւղեր ունէր Պաքուի, Աստրախանի, Երեւանի, Աշխապատի, Մարսէյի եւ Պարսկաստանի Պոպոլում, Սապզվար, Նիշափուր, Թուրպաթ եւ Մարաղա քաղաքներուն մէջ:
- Սարգիս Հախնազարեան (1860-1910-ական տարիներ) երկար տարիներ Ագուլիսի ծխական դպրոցներու հոգաբարձու եղած է եւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին եւ Երեւանի թեմական դպրոցներուն մէջ սաներ պահած է: Ան նաեւ քանի մը եկեղեցիներու երէցփոխ եղած է:
- Յարութիւն Հախնազարեան առեւտրական հաստատութիւններ ունէր Երեւանի, Մոսկուայի, Թեհրանի եւ այլ քաղաքներու մէջ եւ շարք մը բարեգործութիւններ կատարած է: Զոհուած է Ագուլիսի 24-25 Դեկտեմբեր 1919-ի կոտորածին[2]:
- Մարտիրոս Հախնազարեան, Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն շրջանաւարտ, Գերմանիոյ մէջ համալսարանական կրթութիւն ստացած: Ագուլիսի դպրոցի ուսուցիչ, հոգաբարձու եւ Գէորգեան ճեմարանի ուսուցիչ եւ աւագ վերակացու: Զոհուած է Ագուլիսի 24 Դեկտեմբեր 1919-ի կոտորածին:
- Արմենակ Հախնազարեան (1885-1970), երկրաչափ եւ Փեթերսպուրկի Երկաթուղային երթեւեկի հիմնարկէն շրջանաւարտ, աշխատած է Մոսկուայի, Թիֆլիսի եւ Երեւանի մէջ: Հեղինակ է մասնագիտական շարք մը յօդուածներու:
- Ռուբէն Հախնազարեան (1888-1972), Թիֆլիսի այգեգործութեան եւ գինեգործութեան դպրոցէն շրջանաւարտ, 1921-էն 1949 «Արարատ» գինիի գործարանին գլխաւոր գինեգործի տեղակալ, 1949-էն 1955` գլխաւոր գինեգործ, իսկ 1955-էն 1970` մառանապետ: Պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով:
- Հմայեակ Հախնազարեան (1898-1975) իբրեւ կամաւոր մասնակցած է 1918-ի Սարըղամիշի հայ-թրքական կռիւներուն: Երկրաչափ եւ արհեստագիտական ծառայութեան զօրավար, գործած է Լենինկրատի եւ Մոսկուայի մէջ: 1939-1947-ին Խորհրդային Միութեան ռազմամթերքի գիտահետազօտական հիմնարկին ղեկավարը: Պարգեւատրուած է Լենինի, Կարմիր դրօշի երկու, Աշխատանքային դրօշի եւ Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշաններով:
- Յովհաննէս Հախնազարեան (1900-1978), Մարտիրոսի զաւակը, Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն եւ Փրակի համալսարանէն շրջանաւարտ, Ագուլիսի կոտորածէն ետք Թեհրանի մէջ բնակութիւն հաստատած է: Պատմագիտութեան եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր, երկար տարիներ ուսուցչութեամբ զբաղած եւ Թեհրանի համալսարանի դասախօս: Հեղինակ է շարք մը աշխատութիւններու, որոնցմէ՝ «Գողթան գաւառ» մեծածաւալ գիրքը: