Jump to content

Նեմեսիս

Նեմեսիս
հին յուն․՝ Νέμεσις
Ծնողներ հայր՝ Էրեւոս[1][2] և Ովկիանոս (դիցաբանութիւն)[3], մայր՝ Նիքս[4][5] և Թիթիս
Երեխաներ Թելհինես և Էլենի

Նեմեսիս (յուն․՝ Νέμεσις)․ յունական դիցաբանութեան աստուածուհի։ Ան կը պատկերացնէր պատիժը հայհոյելու մեղքին, այսինքն աստուածներուն առջեւ մարդերուն ամբարտաւանութիւնը։ Նեմեսիս կը նոյնանար երբեմն իբրեւ Իխնէի եւ երբեմն ալ որպէս Ադրասթիա կամ Ռամնուսիա, այսինքն՝ «Ռամնունտասի աստուածուհին»։

Անուան ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անունին արմատը՝ նեմօ «νέμω», սկզբնապէս կը նշանակէր արդար բաշխում՝ բաժանում մը, որ կը կատարուի օրինական իշխանութեան հիման վրայ։ Ժամանակի ընթացքին հետզհետէ ձեռք բերեց արդարադատութիւն հաստատելու նպատակով իշխանութեան կողմէ դատական քայլերու դիմելու նշանակութիւնը։

Որպէս բառ, «Նեմեսիս» նպատակային արժէք մը ունի եւ ոչ թէ՝ ենթակայական: Կը վերաբերի իշխանութիւն գործադրող մարմնին մասին։ Փոխաբերաբար իմաստով, երբ կ՛արտասանենք «Նեմեսիս», նկատի ունինք աստուածային դատաստանը:

Դիցաբանական եզր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Իսիոդոսի Թէողոնիային եւ Բաւսանիասին, Նիքս (Νυξ կամ Νύχτα, թարգմ․՝ գիշեր) առանց կողակիցի ծնունդ բերաւ Նեմեսիս, որպէսզի մարդոց հարցերը հաւասարակշռէ։ Նոնոսի «Դիոնիսիաքա»ին մէջ, Նեմեսիսի մասին տարբեր տեսակէտ մը կայ, որ զայն Ովկիանոսին դուստրը կը նկատէ, մինչ Եէոս Իղինոս Gaius Iulius Hyginus զայն կը նկարագրէ իբրեւ Էրեւոսին եւ Նիքսին արարածը:

Նեմեսիս նաեւ Ռամնուսիա կը կոչուէր, Ռամնունտա (Ատիկէի հիւսիսը գտնուող գիւղ եւ հնաբանական վայր) գտնուող տաճարի մը եւ արձանի մը պատճառով։

Անոր տրուած Ադրասթիա մականունը, հաւանաբար սկզբնական շրջանին պատկանած էր Փռիւկեան Գիվելի աստուածուհիին։ Նեմեսիս, իբրեւ աստուածութիւն, այլոց հետ (Թեմիդա, Ճակատագիր եւ այլն), կը մարմնաւորէր արդարութեան գաղափարը եւ կարգի կը վերահաստատէր՝ բնութեան, մարդկային հասարակութեան, աշխարհի, երբ այդ կը խախտուէր։ Այն ատեն՝ մարդոց ամբարտաւանութիւնն ու մեծամտութիւնը (յանդգնութիւնը) կը պատժէր։ Եթէ մէկը միշտ անիրաւութիւն կը գործէ ուրիշներուն հանդէպ, ու ինչ-որ պահու մը իր կեանքը ցաւոտ արգելք մը դնէ իր ծուռ ուղիին, ուրեմն «աստուածային դատաստանի» մասին կը խօսինք:

Զմիռնի անոր նուիրուած տաճար մը կայ։

Նեմեսիսին խորհրդանիշներն են կանոնը եւ սանձը։ Անոնք խիստ ակնյայտ նշաններն են անոր գործելակերպին, թէ ինչպէս կը չափէ մարդկային միտքը, զգացումը, արարքները, եւ սահման մը կը դնէ մարդկային եսասիրութեան անսանձ արձակումներուն։ Այդպէս մահկանացուներու գոռոզութիւնը Տիեզերական Օրէնքներուն դէմ (իվրիս) եւ ընդհանուր բարիքին հանդէպ ցուցաբերուած լկտի անտարբերութիւնը, կը ջնջուին Նէմեսիսի գործողութեամբ, եւ ատիկա կը նմանի Տիեզերական Կշիռքի մը, որ յաւիտեան արդարադատութիւն կը շնորհէ։

Օրֆիքեան Ոգերգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օրֆիքեան Ոգերգ 61, ուղղուած Նեմեսիսին

Թագուհի՜ն ամենակարող, որուն միջոցաւ կը բացայայտուին մահկանացու մարդոց արարքները, յաւերժական, պատուական ու անսահման տեսողութեամբ օժտուած, այն որ կ'ընդգրկէ ուղղամտութեամբ ու արդարութեամբ:

․․․․իւրաքանչիւր մահկանացուի ծանօթ է քու ազդեցութիւնդ, եւ մարդիկ կը հառաչեն քու արդար կապերուդ ետեւէն,  վասն զի ամէն մտածում, լաւ պահուած միտքին մէջ, պարզապէս կը յայտնուի քու տեսադաշտիդ մէջ։

․․․․Ե՛կ մեծարեալ եւ սուրբ Աստուածուհի, լսէ աղօթքս, ու քու հոգատարութեանդ յանձնէ հաւատացեալիդ կեանքը, քու բարերար օգնութիւնդ տուր կարիքի ժամուն, եւ առատ զօրութիւն՝ բանականութեան ուժին, անհաւատալի, ամբարտաւան ու նսեմ մտքերը հեռացուր։

[6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Mythographus H. (unspecified title)
  2. Կիկերոն (unspecified title)
  3. Պավսանիաս (unspecified title)
  4. Իսիոդոս 223 // Θεογονία — 0700.
  5. Любкер Ф. Nemesis // Реальный словарь классических древностей по Любкеру / под ред. Ф. Ф. Зелинский, А. И. Георгиевский, М. С. Куторга et al. — СПб.: Общество классической филологии и педагогики, 1885. — С. 912.
  6. Հասարակ յունարէնի բառարան(յունարէն)
  7. Ուիքիդարան, Իսիոդոս Թէողոնիա, Alois Rzach επιμ. (1908). Hesiodi Carmina (յունարէն)
  8. Զմիւռնային համար պիտի ըլլա՞յ Նեմեսիս(յունարէն)