Jump to content

Նարինջ

Նարինջ, Նարինջը հիւթալի ու զովացուցիչ պտուղ մըն է, որ մեծ տարածում ունի ամբողջ աշխարհին մէջ։

Ունի կլորաւուն ձեւ, մաքուր բոյր եւ բաց կամ մութ գոյնի կեղեւ։

Նարինջին բուժիչ յատկութիւններէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առողջ սննդակարգը եւ կարգ մը ուտելիքներու կանոնաւոր օգտագործումը կրնան կանխել կարգ մը հիւանդութիւններ, որոնց կարգին նաեւ` քաղցկեղը:

«Հելթի Ֆուտ Սթար» կը գրէ, որ քաղցկեղէ պաշտպանուելու եւ քաղցկեղային բջիջներուն աճը կանխելու համար կայ բնական միջոց մը. զայն պատրաստելու համար անհրաժեշտ է երկու հիմնական բաղադրիչ` նարինջ եւ կարմիր կաղամբ:

Պատրաստելու համար պէտք է քամել 6 նարինջ, մանր կտրատել կարմիր կաղամբի մէկ չորրորդը, աւելցնել 2 բաժակ ջուր եւ հարիչէ անցընել: Ստացուած հիւթը պէտք է խմել պարապ ստամոքսով, օրական մէկ բաժակ:

Ըստ «Հելթի Ֆուտ Սթար»-ի գաղտնիքը նարինջի եւ կարմիր կաղամբի համադրութեան մէջ է: Անոնք մեծ քանակութեամբ անթիօքսիտաններ կը պարունակեն, իսկ վերջիններուն պակասը կրնայ քաղցկեղ յառաջացնել[1]:

Կարգ մը կենսանիւթեր եւ հանքանիւթեր շատ կարեւոր են զօրացնելու մարմինին դիմադրողականութիւնը: Անոնցմէ են A, B-6 եւ C կենսանիւթերը, Omega-3-ը, զինքը, երկաթը եւ այլն։ Այս կենսանիւթերով հարուստ են՝ նարինջը, լիմոնը, կրիֆոնը եւ պղպեղը, որոնք կը պարունակեն նաեւ հակաօքսիտանդներ[2]:

Նարինջի բարիքներէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բացի ուտելէ եւ անոր հիւթը խմելէ` նարինջը կարելի է օգտագործել.

ա.- Մրջիւններէն ձերբազատելու համար հարիչէ անցընել նարինջի մը կեղեւները եւ բաժակ մը գաղջ ջուրը: Ստացուած խիւսը տարածել հոն, ուրկէ մրջիւնները կ'ելլեն, եւ հոն, ուր ընդհանրապէս մրջիւն կը տեսնուի:

բ.- Կատուները քշելու համար նարինջի կեղեւին սուրճի մրուր խառնել եւ ստացուած խառնուրդը դնել հոն` ուրկէ կատու մուտք կը գործէ:

գ.- Տան մթնոլորտը թարմացնելու համար սենեակներուն բոլոր դուռերը բանալ, ապա խոհանոցը, ալիւմինիոմ կաթսայի մը մէջ, թեթեւ կրակի վրայ, 2 բաժակ ջուրի մէջ  եռացնել 2-3 նարինջի եւ կիտրոնի կեղեւ: Տեւաբար աւելցնել շոգինալու պարագային[3]:

Նարինջով աղցան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բաղադրութիւն

Պատրաստութիւն.-

Կարմիր կաղամբը լուալ, ցամքեցնել եւ անոր մէկ չորրորդ մասը շատ բարակ շերտել:

Նարինջները նոյնպէս կեղուել, մաքրել շերտերուն վրայի բարակ մաշկը եւ իւրաքանչիւր շերտ 2 կամ 3 մասի բաժնել:

Խոշոր դդումի սերմերը տապակի մէջ, առանց իւղի խարկել:

Խորունկ ամանի մը յատակին լեցնել քացախը, ձէթը, աղը եւ խառնել: Աւելցնել մանրուած կաղամբը եւ կրկին խառնել:

Հրամցնելու ատեն աղցանը զարդարել նարինջի կտորներով եւ խարկուած սերմերով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]