Jump to content

Նատիա Մուրատ

Նատիա Մուրատ
արաբերէն՝ نادية مراد
Ծնած է 10 Մարտ 1993(1993-03-10)[1] (33 տարեկան)
Ծննդավայր Kocho, Sinjar District, Նինուէ, Իրաքի Հանրապետություն[2][3]
Քաղաքացիութիւն  Իրաք[2]
Կրօնք Եզիտիականութիւն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Որպէսզի վերջինը եղած ըլլամ[4]
Մասնագիտութիւն դասախոս, ակտիվիստ, քաղաքական ակտիվիստ և հանրային գործիչ
Վարած պաշտօններ Բարի Կամքի դեսպան[5]
Կայքէջ nadiasinitiative.org(անգլերէն)

Նատիա Մուրատ (Նատիա Մուրատ Պասէէ Թահա, քրտերէն՝ نادیە موراد بەسێ تەھا, արաբերէն`نادية مراد 10 Մարտ 1993, Քոջօ, Իրաք)․ «Իսլամական Պետութեան» սեռային ստրկութեան զոհ եղած է։ Նոպելի մրցանակակիր։

Ան Լամիէ Աճի Պաշարին հետ վերապրեցաւ եւ դարձաւ «Իսլամական Պետութեան» կողմէ սեռային բռնութեան ենթարկուած կիներուն ներկայացուցիչը։ Ան Իրաքի Եզիտի համայնքին ջատագովն է՝ կրօնական փոքրամասնութիւն մը, որուն դէմ «Իսլամական Պետութեան» զինեալները ցեղասպանութեան արշաւ մը սկսած են։ 2016-ին արժանացած է «Զախարով» մրցանակին: 2018-ին Տէնիս Մաքուեկէին հետ արժանացաւ Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակին:

3 Օգոստոս 2014-ին, «Իսլամական Պետութիւն»ը սպաննեց Իրաքի Սինճար շրջանի Գոջօ գիւղին բոլոր տղամարդիկը։ Քոջօ այն վայրն է, ուրկէ սերած են Հաճի Պաշար եւ Մուրատ։ Այդ ջարդէն ետք, Իսլամական Պետութիւնը կիներն ու մանուկները գերեվարեց: Բոլոր կիները, ներառեալ Հաճի Պաշար եւ Մուրատ, ինչպէս նաեւ իրենց քոյրերը՝ առեւանգուած, գնուած ու ծախուած են բազմիցս եւ օգտագործուած սեռային ստրուկներու պէս: Քոջոյի ջարդին, Մուրատ իր վեց եղբայրները եւ մայրը կորսնցուց (մայրը ուրիշ ութսուն (80) մեծ տարիքի կիներու հետ՝ որոնք սեռային արժէք չունէին, սպաննուեցաւ)։

Նոյեմբեր 2014-ին, Մուրատ յաջողեցաւ փախչիլ իր դրացիներուն օգնութեամբ եւ հասաւ փախստականներու ճամբար մը Իրաքի հիւսիսը, ապա՝ Գերմանիա: Տարի մը ետք, Դեկտեմբեր 2015-ին, Մուրատ խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի մարդկային շահագործման մասին՝ առաջին պատմական նիստի ընթացքին:

Սեպտեմբեր 2016-ին ան նշանակուեցաւ UNODC-ի (Միացեալ Ազգերու Թմրանիւթերու եւ Ոճիրի Դէմ Պայքարի Գրասենեակ) մարդկային շահագործումէն վերապրողներու արժանապատուութեան առաջին Բարի Կամքի Դեսպան, եւ մասնակցեցաւ համաշխարհային ու տեղական իրազեկման ձեռնարկներու՝ ուղղուած անթիւ մարդկային շահագործման զոհերու վշտալի վիճակին։ Հոկտեմբեր 2016-ին Եւրոպայի Խորհուրդը զինք պատուեց Վացլաւ Հավելի Մարդկային Իրաւունքներու Մրցանակով: 2018-ին արժանացաւ Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակին, բաժնեկցելով քոնկոլացի բժիշկ Տէնիս Մուքուէկէին հետ, պատերազմի մէջ սեռային բռնութեան դէմ իրենց տարած ջանքերուն համար:

[6] [7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]