Jump to content

Նաոմի Քեմփպըլ

Նաոմի Քեմփպըլ
պրիթ. անգլ.՝ Naomi Campbell
Ծննդեան անուն պրիթ. անգլ.՝ Naomi Elaine Campbell
Ծնած է 22 Մայիս 1970(1970-05-22)[1][2][3][…] (56 տարեկան)
Ծննդավայր Լամբեթ, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Ուսումնավայր Թատերական արվեստի Իտալիա Կոնտի ակադեմիա?, Dunraven School? և Barbara Speake Stage School?
Մասնագիտութիւն նորաձեւութեան կերպար, դերասանուհի, երգչուհի, կինոդերասանուհի, բարեգործ, Հեռատեսիլի յայտագիրներ արտադրող, ֆոտոմոդել և երաժիշտ
Ծնողներ մայր՝ Valerie Morris Campbell?
Կայքէջ Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 1072: attempt to call field 'formatUrlSingle' (a nil value).

Նաոմի Էլէյն Քեմփպըլ (ծնած՝ 22 Մայիս 1970) բրիտանացի բնորդուհի եւ դերասանուհի մըն է։ Ան իր ասպարէզը կը սկսի ութ տարեկանին եւ հետագային նորաձեւութեան աշխարհին ու միջազգային մամուլին կողմէ իր սերունդի վեց «սուփըրմոտըլ»ներէն մէկը կը հռչակուի։ Քեմփպըլ առաջին սեւամորթ կինն է, որ կը զարդարէ «Time եւ Vogue France» ամսագիրներու շապիկները[4]։

Բնորդական գործունէութենէն բացի, Քեմփպըլ կը զբաղի նաեւ երաժշտութեամբ եւ դերասանութեամբ։ Ան կը հրատարակէ «ռիթմ ընդ պլուզ» (R&B) ոճի երաժշտական ալպոմ մը եւ կը նկարահանուի շարք մը շարժապատկերներու ու հեռուստատեսային արտադրութիւններու մէջ։ Ան նաեւ կը վարէ «The Face» բնորդական մրցում-իրապատում հեռուստածրագիրը եւ անոր միջազգային տարբերակները։

Քեմփպըլ կը մասնակցի նաեւ բազմաթիւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններու։ Սակայն Սեպտեմբեր 2024-ին, բարեսիրական հիմնադրամի մը նիւթական խախտումներուն վերաբերող քննութենէ ետք, ան հինգ տարիով կ'արգիլուի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ որեւէ բարեսիրական կազմակերպութեան հոգաբարձու ըլլալէ[5]։

Վաղ տարիներ եւ կրթութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նաոմի Էլէյն Քեմփպըլ ծնած է 22 Մայիս 1970-ին, Լոնտոնի հարաւային մասին գտնուող Լամբեթ շրջանին մէջ։ Մայրը՝ Վալերի Մորիսը, Ճամայքայի ծնունդ պարուհի մըն է։

Իր մօր ցանկութեամբ, Նաոմին երբեք չի հանդիպիր իր հօրը, որ մայրը կը լքէ, երբ վերջինս չորս ամսուան յղի էր։ Հօր անունը նոյնիսկ չի գրուիր Նաոմիի ծննդեան վկայականին վրայ։ Ան իր ազգանունը՝ Քեմփպըլ, կը ստանայ մօր երկրորդ ամուսնութենէն։

1985-ին կը ծնի իր մօր կողմէ կիսեղբայրը՝ Փիեռը[6]։

Քեմփպըլ սեւամորթ ճամայքացի եւ չինացի ճամայքացի ծագում ունի։ Իր չինական արմատները կը հասնին հօրենական մեծմօրը, որուն ազգանունը Մինկ էր։

Իր մանկութեան առաջին տարիները Նաոմին կ'անցընէ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ, ուր մայրը կը գործէ իբրեւ արդի պարի պարուհի։ Լոնտոն վերադառնալէն ետք, ան կը բնակի ազգականներու մօտ, մինչ մայրը կը շրջագայի Եւրոպայի տարբեր երկիրներուն մէջ «Fantastica» պարախումբին հետ։

Երեք տարեկանին կը յաճախէ «Barbara Speake Stage School»ը, իսկ տասը տարեկանին կ'ընդունուի «Italia Conti Academy of Theatre Arts»ը, ուր կը սորվի դասական պար (պալէ)։ Ան նաեւ կը յաճախէ «Dunraven School»ը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  2. Discogs — 2000.
  3. Կերպարվեստի արխիվ — 2003.
  4. Նաոմի Էլէյն Քեմփպըլ
  5. Քեմփպըլ կը զբաղի երաժշտութեամբ եւ դերասանութեամբ
  6. Նաոմի Էլէյն Քեմփպըլ